ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. «ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ ՇԱՏ ԲԱՆ ԿԸ ՓՈԽԷ»
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուած է «Հիւրրիյէթ» օրաթերթին, որու թղթակիցը Ճանսու Չամլըպէլ այս օրերուն կը գտնուի Երեւանի մէջ։ Այսօր «Հիւրրիյէթ»ի մէջ գրեթէ ամբողջ էջ մը յատկացուած է այս հարցազրոյցին, որու ամբողջական տարբերակը զետեղուած է նաեւ թերթի համացանցային կայքէջին վրայ։ Սերժ Սարգսեան այս առթիւ յայտարարած է, թէ Թուրքիա-Հայաստան սահմանի բացումը շատ բան կը փոխէ, որովհետեւ կ՚ապահովէ վստահութեան մթնոլորտ մը։
Ան իր խօսքերուն մէջ յստակ տարանջատած է ժողովուրդը, հասարակութիւնը եւ ղեկավարութիւնը։ Ան հա-մոզուած է, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները զգացական եւ ոչ-դիւանագիտական հակազդեցութիւնով մը պետական մակարդակով յառաջ կը տանին հրապարակայնօրէն ժխտողական քաղաքականութիւնը եւ այսպէսով կը ստանձնեն Օսմանեան կայսրութեան ղեկավարութեան կողմէ կատարուած յանցագործութեան պատասխանատուութիւնը։ Եթէ Թուրքիա համամիտ չէ այս տեսակէտին, եթէ համամիտ չէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած բազմաթիւ երկիրներուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ, ապա սա ոչ թէ միջազգային հաւաքականութեան, այլ Թուրքիոյ խնդիրն է։
Սերժ Սարգսեան շեշտած է, որ Ապրիլի 24-ի առթիւ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանէն կ՚ակնկալէ գիտակից վերաբերմունք մը եւ ճշմարիտ յայտարարութիւն մը։
Սարգսեան համոզուած է, թէ Ապրիլի 24-ին Չանաքքալէի մէջ կատարուած ոգեկոչումները զոհուած մէկուկէս միլիոն հայերու յիշատակին նկատմամբ անարգանք մըն է՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ Թուրքիոյ իշխանութիւնները ինչպէս կը բնորոշեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը։ «Եթէ Թուրքիա դոյզն իսկ փափաք ունենար յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղութեամբ, հանդիսութիւն եւ փառատօն չէր կազմակերպեր այն նոյն օրը, երբ հարեւանի բնակարանին մէջ սուգ կը պահուի», ըսած է Սարգսեան։