ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ

Ե­րե­ւա­նի մէջ, Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին մօտ այս ա­ռա­ւօտ Ապ­րի­լի 24-ին առ­թիւ տե­ղի ու­նե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման պատ­մա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն մը։ 2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ այս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րը ու­նե­ցան պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թիւն։ «Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին առ­թիւ» կազ­մա­կերպուած ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շա­հա­մա­լի­րին մէջ ըն­դու­նեց Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի, Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի, Սեր­պիոյ Նա­խա­գահ Թո­միս­լաւ Նի­քո­լիչ եւ Յու­նա­կան Կիպ­րո­սի ղե­կա­վար Նի­քոս Ա­նաս­տա­սիա­տի­սի, ինչ­պէս նաեւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի բա­զում ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էր նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը։  Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Սերժ Սարգ­սեան եւ հիւր չորս նա­խա­գահ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը։

Յու­զիչ ե­րաժշ­տու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ ի­րա­կա­նա­ցուե­ցաւ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին օ­տար հիւ­րե­րուն ու­ղեկ­ցե­ցան մա­նուկ­ներ։

Մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ հայ­կա­կան հար­ցի վե­րա­բե­րեալ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին ամ­բողջ թա­փով։ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա այս տա­րի օր մը կա­նուխ հրա­պա­րա­կեց Ապ­րի­լի 24-ի ա­ւան­դա­կան պատ­գա­մը եւ ինչ­պէս ար­դէն հրա­պա­րա­կուած էր, բո­վան­դա­կու­թեան մէջ չօգ­տա­գոր­ծեց ցե­ղաս­պա­նու­թիւն բա­ռը։

Թուր­քիոյ մէջ լայն ար­ձա­գանգ գտած են նաեւ Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի եւ Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ Եոա­խիմ Կաու­քի ե­լոյթ­նե­րը։ Փու­թին ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­րա­կու­մը օգ­տա­գոր­ծե­լով ար­տա­յայ­տուած է 1915-ի դէպ­քե­րուն շուրջ։ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու այս առ­թիւ նշած է, թէ այս ե­րե­ւոյ­թը թէեւ ցաւ պատ­ճա­ռած է ի­րենց, սա­կայն գործ­նա­կա­նին մէջ չու­նի ար­ժէք մը։

Իսկ Գեր­մա­նիոյ Նա­խա­գահ Կաուք ե­րէկ Պեր­լի­նի Մայր տա­ճա­րին մէջ ո­գե­կոչ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան մը մաս­նակ­ցե­ցաւ եւ յայտ­նեց, թէ հա­յոց են­թար­կուած ցե­ղաս­պա­նու­թեան շրջագ­ծով պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը վի­ճա­կի իր երկ­րին։ «Ե­թէ յան­ցանք մը ու­նինք, ա­պա պէտք է հա­շուե­յար­դար կա­տա­րենք», ը­սաւ Կաուք, որ մե­ղադ­րեց Ե­րիտ թուր­քե­րը։ Նոյն հա­ւա­քոյ­թի ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցան նաեւ ա­սո­րի­նե­րը եւ Պոն­տո­սի յոյ­նե­րը։

Բաց աս­տի, Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի այս ա­ռա­ւօ­տեան նիստն ալ սկսաւ նոյն օ­րա­կար­գով։ Պուն­տես­տա­կի նա­խա­գահ Նորպերտ Լամմերտ ալ իր ե­լոյ­թին մէջ ցե­ղաս­պա­նու­թիւն ո­րա­կեց ապ­րուած­նե­րը։

 

Ուրբաթ, Ապրիլ 24, 2015