ԱՍՏՈՒԱԾԱՊԱՐԳԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կազմակերպուած «Եկեղեցին եւ ընտանիքը 21-րդ դարուն. արժէքներ եւ մարտահրաւէրներ» խորագրեալ միջազգային համաժողովը երէկ հասաւ իր աւարտին։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ ներկայ 2019 թուականը հռչակուած է Ընտանիքի տարի եւ այս ծիրէն ներս տեղի ունեցած է վերջին օրերու համաժողովը։ Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ, համաժողովի աւարտին Սուրբ Գայիանէի վանքէն ներս երէկ կատարուեցաւ համատեղ աղօթքի արարողութիւն՝ ընտանիքներու զօրացման եւ ընտանեկան սրբազան արժէքներու պահպանման համար։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, միջազգային համաժողովի մասնակիցները, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանած բազմազաւակ ընտանիքներ եւ այլ բարեպաշտ ուխտաւորներ։ Աղօթքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն փոխանցեց իր հայրապետական պատգամն ու օրհնութիւնը։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ եկեղեցւոյ առաքելութիւնն է քրիստոնէական ընտանիքի զօրացումն ու ամրապնդումը։ Եկեղեցին է այն գրաւականն ու հիմքը, որու վրայ անխախտօրէն կը հիմնուի քրիստոնէական ընտանիքի աստուածապարգեւ գաղափարը։ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ.

«Քրիստոնէական ընտանիքը՝ իբրեւ աստուածահաստատ իրողութիւն, այսօր արդէն բոլոր քրիստոնեաները միաւորող կարեւորագոյն հասկացութիւնն է, խորհրդանշական կերպով՝ Աստուծոյ՝ Երկնաւոր մեր Հօր համամարդկային ընտանիքի արտացոլումը մեր կեանքին վրայ եւ մեր հասարակութեան մէջ։ Այս առումով ան նաեւ բոլորիս պաշտպանութեան եւ խնամքի կարիքն ունի՝ իբրեւ հոգեւոր արժէքներու ու բարոյական սկզբունքներու կերտման դարբնոց, աւետարանական ճշմարտութիւնները կեանքի կոչելու նուիրական ճանապարհ»։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ վեհարանի մէջ հիւրընկալեց այս միջազգային համաժողովի մասնակիցները։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 11, 2019