ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Զուիցերիա։ Հայրապետական այցելութեան օրերը Նորին Սրբութիւնը կ՚անցընէ Ժընեւի մէջ։

Զուիցերիոյ Կարմիր խաչի նախագահ Թոմաս Հայնիկերի եւ Ժընեւի մասնաճիւղի նախագահ Մաթթէօ Փետրացինիի հրաւէրով Վեհափառ Հայրապետը կը մասնակցի Զուիցերիոյ Կարմիր խաչի տարեկան հանդէսին։ 2019-ի հանդէսը տեղի կ՚ունենայ «Պայծառացուցէք մեր տարեցներու կեանքը» նշանաբանին ներքեւ եւ հանգանակուելիք միջոցները պիտի նպատակաուղղուին Հայաստանի մէջ կարիքաւոր տարեցներու եւ հաշմանդամներու խնամքին ու զօրակցութեան։

Վեհափառ Հայրապետը այս շաբաթավերջին կը նախագահէ նաեւ Ժընեւի Ս. Յակոբ հայկական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին, որու առթիւ տեղի կ՚ունենան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններ։

Զուիցերիա ուղեւորութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին կ՚ընկերանան Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան եւ Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան։

Միւս կողմէ, դէպի Զուիցերիա ճանապարհ դուրս գալէ առաջ, Նորին Սրբութիւնը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի պաշտօնէութիւնը։ Բազմանդամ խումբին ուղեկցեցաւ վերջին շրջանին հիմնադրուած Փորթուգալ-Հայաստան բարեկամութեան միութեան նախագահ Վահէ Մխիթարեան։

Հանդիպման սկիզբին Վահէ Մխիթարեան տեղեկացուց, որ այս այցելութիւնը կազմակերպուած է հանգուցեալ ազգային բարերար Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին եւ անոր ձօնուած «Փորթուգալի օրեր Հայաստանի մէջ» ձեռնարկի շրջանակներէն ներս։ Ան յոյս յայտնեց, թէ այս ծրագիրը կը նպաստէ երկու երկիրներու միջեւ կապերու առաւել սերտացման։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը իր օրհնութիւնը փոխանցեց ներկաներուն։ Ան բարձր գնահատեց հիմնարկի առաքելութիւնը եւ օգտաշատ աշխատանքը, որ կ՚իրականացուի Հայաստանի մէջ եւ հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ ժամանակին կարեւոր ձեռքբերումներ արձանագրուած էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Հիմնարկի զօրակցութեամբ տակաւին 1954 թուականին իրականացուեցան Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի վերանորոգման աշխատանքները, այնուհետեւ Մայրավանքի համալիրէն ներս կառուցուեցաւ վանատունը։ Յետագայ տարիներուն հիմնարկը նպաստած էր նաեւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի գործունէութեան։

Իր ողջոյնի խօսքէն վերջ Նորին Սրբութիւնը պատասխանեց նաեւ հիւրերու հարցումներուն։ Հիմնարկի պաշտօնէութիւնը Վեհափառ Հայրապետը հրաւիրեց այցելել Փորթուգալ։

Միւս կողմէ, Ժընեւի սոյն իրադարձութիւններուն մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Հայաստանի վարչապետի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12, 2019