ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին ոգեկոչուեցաւ բարերար Ճոն Քիւրքճեան։ Հարկ է նշել, որ անգլիահայ Քիւրքճեան ընտանիքը վաղուց զանազան բարերարութիւններով զօրակցութիւն կը բերէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին։ Երէկուան հոգեհանգստեան պաշտօնին ընթացքին վերյիշուեցան հանգուցեալ Ճոն Քիւրքճեան, ծնողները՝ Սարգիս եւ Աստղիկ Քիւրքճեաններն ու եղբայրը՝ Ճորճ Քիւրքճեան։ Վեհափառ Հայրապետը աղօթք բարձրացուց անոնց հոգւոյ խաղաղութեան ու հանգստութեան համար։ Քիւրքճեան ընտանիքը միշտ սիրով ու հաւատարմութեամբ փարած էր Հայոց Եկեղեցւոյ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ նախանձախնդիր էր համազգային կեանքի անդաստաններու շէնացման ուղղութեամբ։

Անցեալ տարուան յունիսին Սուրբ Գայիանէի վանքի կից սկսած էր գործել Մայր Աթոռի «Քիւրքճեան» երեխաներու աջակցութեան կեդրոնը, ուր ներկայիս կը խնամուին տասնվեց մանուկներ կամ պատանիներ, որոնք ընկերային առումով անապահով խաւերու կը պատկանին եւ զուրկ են ծնողական խնամքէ։

Հոգեհանգստեան պաշտօնի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր օրհնութիւնը Քիւրքճեան ընտանիքի անդամներուն, որոնք ներկայ էին արարողութեան։ Նորին Սրբութիւնը մխիթարական խօսքերով ու հայրական վերաբերմունքով գօտեպնդեց Քիւրքճեան ընտանիքի անդամները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2019