ՏԱՐԻՔՈՏ ԵՒ ՅՂԻ ԵՐԿՈՒ ԿԻՆ
Իրականին, աննշան եւ սովորական երեւոյթներ եթէ խորհիք, շատ աւելի մեծ գաղափարներ կրնան ստեղծել։ Ամէնօրեայ, ընթացիկ կան այնպէս պատահարներ՝ որոնք իրենց տեսնուածէն շատ աւելի վեր իմաստներ ունին։ Եթէ մէկը շրջահայեաց է, հաճոյք կ՚առնէ ամէն մէկ իրադարձութենէն իմաստ մը քաղելէ, կը տեսնէ ու կը խորհի անոնց վրայ եւ կ՚ընդլայնէ իր մտային հորիզոնը եւ կ՚ընդարձակէ միտքը։
Արդարեւ, կարելի է առարկել՝ ըսելով, թէ ի՞նչ օգուտ ունի դէպք մը հետաքրքրութեան նիւթ ընել, ի՞նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը, գործնական ի՞նչ առաւելութիւն կ՚ապահովէ մարդուս։ Ժամանակի վատնում չէ՞ այդ…։
Այսպէս կրնան ըլլալ մտածողներ, որոնք առօրեային մէջ կը զբաղին միայն «տեսանելի» եւ «շօշափելի» արժէքներով։ Անոնք միայն ունին արտաքին աշխարհ մը։ Բայց կա՛յ նաեւ ներքին աշխարհը, կայ նաեւ «անտեսանելի» եւ «անշօշափելի» իրական աշխարհ մըն ալ։
Եւ մարդ որքան մարմնաւոր, նո՛յնքան հոգեմտաւոր էակ մըն է, եւ կ՚ուզէ թափանցել իրողութեան նպատակին ու իմաստին խորութեան։
Հարցումով մը շարունակեմ սիրելի ընթերցող բարեկամներ։
Սովորական, ամէնօրեայ արարք մըն է մեր ամէնքին համար հանրաշարժով ճամբորդել։ Հաւանաբար շատերու սովորական պիտի թուի՝ հանրաշարժը լեցուն է, նստարանները ամբողջովին գրաւուած։ Նստողներէն ո՛չ ոք կ՚ուզէ իր նստարանը փոխանցել ուրիշի մը՝ սովորական ու բնական է այս ալ։ Հանրաշարժի ժամբորդներուն մէջ կանգնած երկու կին կայ. մին բաւական տարիքոտ, գրեթէ ոտքի կանգնելու անկարող եւ միւսը՝ յղի, ան ալ յոգնած, նեղուած եւ յայտնի է, որ կը տանջուի մարմնական ցաւերու պատճառով։
Եւ մէկ հոգի միայն պատրաստակամութիւն ցոյց կու տայ նստարաններէն մին փոխանցելու։
Հարցումս սա՛ է սիրելինե՜ր. այդ մէկ նստարանը՝ երկու կիներէն ո՞ր մէկուն պէտք է փոխանցել, տարիքոտ կնո՞ջ, թէ յղի կնոջ պէտք է նախապատուութիւն տալ։ Պարզ կը թուի հարցումը թէեւ, բայց տրուելիք որոշումը կ՚որոշէ մարդուս ամբողջ նկարագիրը, մտածելակերպը եւ աշխարհահայեցողութիւնը։ Այս մասին տրուած որոշում մը չափանիշը կրնայ ըլլալ մշակութային հասկացողութեան, ընդհանուր կրթութեան, մտածելակերպի՝ որուն ազդեցութեամբ եւ տպաւորութեամբ ընտրութիւն մը եղած է։ Եւ այդ սովորական ու առօրեայ որոշումը ցոյց կրնայ տալ, թէ մարդ ո՛րքան արժէք կ՚ընծայէ անցեալին եւ ի՛նչքան՝ ներկային ու ապագային։
Արդարեւ, տարիքոտ կինը կը խորհրդանշէ անցեա՛լը։
Իսկ յղի կինը՝ ներկան՝ որ իր մէջ կը պարփակէ ապագա՛ն միանգամայն։ Եւ այս պատճառով տրուած որոշումը կամ երկու կիներու միջեւ նախապատուութիւնը ցոյց կրնայ տալ՝ թէ ենթական աւելի նախամեծար կը սեպէ, աւելի մեծ արժէք կու տայ անցեալի՞ն, թէ ներկային ու ապագային միանգամայն…։ Ուրեմն, կ՚երեւի, թէ իրականութեան մէջ պարզ թուած իրադարձութիւններ շատ մը անհատական եւ հաւաքական իրողութիւններու առիթ կրնան ընծայել եւ ստուգանիշ ըլլալ շատ մը մշակութային արժէքներու, որոնց ընդհանրապէս չենք անդրադառնար…։
Այս հարցով մասնակի խօսակցութիւններ ունեցայ մի քանի բարեկամի կնոջ հետ։ Անոնցմէ ոմանք ըսին, թէ պէտք է տարիքոտ կնոջ փոխանցել նստարանը, իսկ ոմանք՝ յղի կնոջ։ Ուրիշներ ըսին, թէ կը սպասէին, որ ո՛չ թէ մէկ հոգի, այլ ուրիշներ ալ փոխանցելու պատրաստակամութիւնը ունենային իրենց գրաւած նստարանները, այլապէս հարց մը տեղի պիտի չ՚ունենար այդ կերպով, եւ եզրակացուցին, թէ ասիկա ընկերային ընդհանուր կրթութեան կամ հասկացողութեան հարց մըն է։
Իսկ մի քանի հոգի չէզոք ըլլալը նախընտրեց եւ ըսաւ, որ ոտքի կը կանգնի, նստարանը կը պարպէ եւ ո՛վ որ ուզէ ան կը նստի պարապ նստարանին վրայ։ Այս տեսակէտը բաւական չէզոք թուեցաւ մեզի, աւելի ընկերային-հաւաքական անպատասխանատուութեան մը արտայայտութի՛ւնը։
Մէկ հոգի, բարեբախտաբար մէ՛կ հոգի ըսաւ, թէ տեղէն չի շարժիր, ան որ չի կրնար ոտքի կանգնիլ եւ կամ կարողութիւն չունի, թող հանրաշարժով չճամբորդէ։ Այսպէս խորհողը պէտք էր գիտնար, թէ ամէն մարդ առանձին փոխադրամիջոցներով ճամբորդելու կարելիութիւնը չունի եւ պարտաւո՛ր է հանրային փոխադրամիջոցներով ճամբորդել։ Շիտակը տմարդի թուեցաւ մեզի այդ տեսակէտը…։
Մէկ հոգի ալ ըսաւ, թէ երկու կիներ՝ տարիքոտը եւ յղին նոյն նստարանը բաժնեն եւ միասին նստին։ Այս ալ շատ տրամաբանական չէր, մանաւանդ յղի կնոջ համար, որ աւելի եւս նեղութեան պատճառ կրնար ըլլալ այդնման նիստ մը։
Մեզի համար յատկանշականը սա էր. ամէն մէկուն տեսակէտը կը ցոլացնէր իր մտային ու կրթական մակարդակը, նկարագիրը, մարդկային արժանաւորութեան ու արժանապատուութեան ընծայած կարեւորութիւնը եւ յարգը։
Պատասխանները ցոյց կու տային նաեւ ընկերային ընդհանուր պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը իւրաքանչիւրին մէջ։ Ան, որ նախապատուութիւն կու տար տարիքոտ կնոջ, անցեալի նկատմամբ ցոյց կու տար իր յարգանքը, երախտագիտական զգացումներուն զօրաւոր արտայայտութիւնը։ Իսկ անոնք, որ նախամեծար կը սեպէին յղի կինը, թէեւ չէին անտեսեր բոլորովին անցեալի արժէքները, բայց աւելի կարեւորութիւն կ՚ընծայէին ներկային եւ մանաւանդ ապագային։
Անոնք, որ չէզոք պատասխաններ տուին, որոնք համեմատաբար սակաւաթիւ էին, անոնց մէջ շատ չէր զարգացած ընկերային պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։ Չէզոք, քիչ մը անտարբեր եւ «գաղջ», միջակ նկարագրի տէր մարդիկ էին՝ որ կը նախընտրէին թողուլ իրենց նստարանը առանց օգտակար նպատակ մը հետապնդելու։
Իսկ ան, որ կը յանձնարարէր նստարանը «կիսել» եւ հոն հանգչեցնել երկու կիները միասին՝ ի՛նչ որ ոտքի կանգնելէ աւելի նեղացուցիչ պիտի ըլլար իրենց համար, հարցերը աւելի եւս անլուծելիութեան մատնելէ դուրս բան մը չէ՛ր կատարեր, քանի որ վճռականութիւն չունէր, այլ՝ միա՛յն, կերպով մը վարել կեանքը եւ կացութիւնը փրկել, եւ ա՛յդքան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 24, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024