ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԻ ՆՈՐ ԳԱՀԱԿԱԼԻ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ ԳՀԽ-Ի ՕՐԱԿԱՐԳԻՆ ՎՐԱՅ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Ժողովները տեղի կ՚ունենան վերանորոգեալ Վեհարանէն ներս, ուր ԳՀԽ-ի համար մասնաւոր ժողովասրահ մը նախատեսուած է։
Վեհափառ Հայրապետը ժողովի բացման հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան իր հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց ժողովականներուն եւ յոյս յայտնեց, թէ ինչպէս նախորդ նստաշրջանները, այնպէս ալ ներկայ նստաշրջանին կը ծաւալուին արդիւնաւէտ քննարկումներ՝ Հայոց Եկեղեցին եւ ժողովուրդը յուզող զանազան խնդիրներու առընչութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նաեւ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի ներկայութիւնը։ Այսպէս, ան առաջին անգամ այս հանգամանքով կը մասնակցի ԳՀԽ-ի ժողովին եւ նստաշրջանի ընթացքին զեկոյց մը կը ներկայացնէ Պատրիարքարանին առընչուած հարցերու եւ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին առընչութեամբ։
Քառօրեայ նստաշրջանի ընթացքին կը քննարկուին եկեղեցւոյ վարչական, կանոնական եւ հովուական կեանքի ու կրթական կամ ընկերային առաքելութեան առընչուած հարցեր։ Մասնաւորապէս զեկուցումներ կը ներկայացուին 2020-ին գումարուելիք Ազգային-եկեղեցական ժողովի կազմակերպման ընթացքին, օրակարգային նիւթերու նախապատրաստման նպատակով ստեղծուած եօթ յանձնախումբերու կատարած աշխատանքին վերաբերեալ։ ԳՀԽ կը լսէ նաեւ զեկոյց մը՝ Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան առընչութեամբ։ Քննարկումներու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միութեան գործունէութեան զարգացման ուղիները։