ՉԵԽԻԱՅԷՆ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ ՀԻՒՐԵՐ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Չեխիոյ Հարաւային Պոհեմիայի համալսարանի վերատեսուչ Թոմաս Մաչուլան եւ իր տեղակալը՝ Ռատքա Զաւոտոքին։ Հիւրերուն ընկերացաւ «Խաչատուր Աբովեան» հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ Ռուբէն Միրզախանեան։

Հանդիպման սկիզբին Ռուբէն Միրզախանեան հիւրերը ներկայացուց Վեհափառ Հայրապետին եւ անդրադարձաւ երկու համալսարաններու միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան։

Այնուհետեւ Վեհափառ Հայրապետը հիւրերուն փոխանցեց իր օրհնութիւնը՝ ուրախութիւն յայտնելով երկու համալսարաններու միջեւ ձեւաւորուած արդիւնաւէտ համագործակցութեան համար, ինչ որ փոխադարձաբար կը նպաստէ երկու երկիրներու մէջ ուսանող երիտասարդներու կրթական մակարդակի բարձրացման։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները կը շարունակեն իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը զանազան երկիրներու նշանաւոր համալսարաններէն ներս եւ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ։ Սա էապէս կը բարձրացնէ անոնց կրթական մակարդակը եւ հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ միջմշակութային կապերու առաւել սերտացման ուղղութեամբ։

Իր հերթին, Թոմաս Մաչուլա կարեւորեց մշակոյթի եւ եկեղեցւոյ դերը երիտասարդները կրթելու առաքելութեան տեսակէտէ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ ներկայ այցելութիւնը հիմք կը հանդիսանայ կրթական ոլորտէ ներս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Չեխիոյ Հարաւային Պոհեմիայի համալսարանի միջեւ արդիւնաւոր համագործակցութեան ձեւաւորման տեսակէտէ։

Զրոյցի տեւողութեան Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ երկու երկիրներու միջեւ ձեւաւորուած բարեկամական յարաբերութիւններուն եւ Չեխիոյ հայկական համայնքի ազգային-հոգեւոր կեանքի՝ երախտագիտութիւն յայտնելով երկրի իշխանութիւններուն կողմէ համայնքի նկատմամբ դրսեւորուած հոգատար վերաբերմունքին համար։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան կողքին էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։

Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն համախմբուեցաւ Մասիսէն եւ Արարատէն ուխտաւորներու հետ։  

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2019