ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐՈՒ ԿԱՐԳԱԴԻՐ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը գու­մա­րեց ժո­ղով մը՝ յա­ռա­ջի­կայ ա­մառ նա­խա­տե­սուած վե­ցե­րորդ ա­մա­ռնա­յին խա­ղե­րու ըն­դա­ռաջ։ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէի նա­խա­գահ Իշ­խան Զա­քա­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, ո­րու կա­պակ­ցու­թեամբ հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ յա­ռա­ջի­կայ ամ­րան Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րը ան­նա­խա­դէպ պի­տի ըլ­լան ո՛չ միայն մաս­նա­կից­նե­րու քա­նա­կով, այլ նաեւ՝ քա­ղաք­նե­րու աշ­խար­հագ­րու­թեամբ։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, այս տա­րուան խա­ղե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Ե­րե­ւա­նի, Ստե­փա­նա­կեր­տի, Կիւմ­րիի, Վա­նա­ձո­րի, Ա­բո­վեա­նի եւ Ար­տա­շա­տի մէջ։ Խա­ղե­րու ծրագ­րին մէջ ընդգր­կուած են տաս­նեօթ մար­զա­ձե­ւեր, նա­խորդ տա­րի­նե­րու բաղ­դատ­մամբ ա­նոնց թի­ւը ա­ւել­ցած է եօ­թնով։ Ան­ցեալ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րուն շուրջ 3200 մար­զիկ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թիւն մը կ՚ա­պա­հո­վուէր, իսկ այս պա­հու դրու­թեամբ յա­ռա­ջի­կայ խա­ղե­րուն հա­մար ար­դէն հա­տուած է 4000 մաս­նա­կցի դի­մու­մի սահ­մա­նը՝ ար­տա­սահ­մա­նէն։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ խա­ղե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն պի­տի բե­րեն շուրջ 5500 մար­զիկ­ներ։

Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու բաց­ման պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է Օ­գոս­տո­սի 2-ին։ Ե­րե­ւա­նի հիմ­նա­կան եր­կու մար­զա­դաշ­տե­րէն մէ­կուն՝ Հան­րա­պե­տա­կա­նի կամ Հրազ­դա­նի վրայ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան բաց­ման հան­դի­սու­թիւն­նե­րը։ Այս ուղ­ղու­թեամբ վերջ­նա­կան ո­րո­շու­մը պի­տի տրուի յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին։

Այս ան­գամ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու ջա­հը վա­ռե­լու պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան եւ ջա­հի եր­թու­ղիին վե­րա­բե­րեալ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ալ կը պա­հուին գաղտ­նի, ո­րով­հե­տեւ կը նա­խա­տե­սուին ա­նակն­կալ­ներ։ Այդ փու­լե­րը պի­տի ի­րա­կա­նա­ցուին հա­յա­շատ քա­նի մը քա­ղաք­նե­րու մէջ։ Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նան 2-14 Օ­գոս­տոս թուա­կան­նե­րուն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015