ՊԱՏՇԱՃ ՆԵՐԿԱՅԱՑՄԱՆ ՋԱՆՔԵՐ

«Եւ­րո­տե­սիլ 2015»ի մրցոյ­թի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ «Genealogy» խում­բը, ո­րու ան­դամ­նե­րը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քե­ցին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Եւ­րո­տե­սի­լի Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար Գո­հար Գաս­պա­րեան մրցոյ­թին ըն­դա­ռաջ կազ­մա­կեր­պուած ե­րէ­կուան մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին յայտ­նեց, թէ հինգ ցա­մա­քա­մա­սե­րէ ե­կած ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ այս խում­բը կը հա­մա­րուի ինք­նու­րոյն։ Ան միաս­նու­թեան խորհր­դան­շան մը կը հա­մա­րուի։ Իսկ խում­բին ան­դամ­նե­րը նշե­ցին, թէ պի­տի փոր­ձեն մրցոյ­թի ըն­թաց­քին պատ­շա­ճօ­րէն ներ­կա­յաց­նել Հա­յաս­տա­նը։

Միւս կող­մէ, «Genealogy»ի ան­դամ­նե­րը ե­րէկ ըն­դու­նուե­ցան նաեւ Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Աշ­խար­հի հինգ ցա­մա­քա­մա­սե­րէ եր­գիչ­նե­րու կող­մէ բաղ­կա­ցած է այս խում­բը եւ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէ­կուան ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին օ­տա­րահ­պա­տակ ան­դամ­նե­րուն յանձ­նեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ան­ցագ­րեր։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015