«ՍԱՐԳՍԵԱՆ ԿԸ ՁԳՏԻ ԼՈՒԾՄԱՆ»

«Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Ճան­սու Չամ­լը­պէլ, որ վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ե­րէկ նոյն թեր­թին մէջ շա­հե­կան հար­ցազ­րոյց մը հրա­պա­րա­կեց Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն պատ­մա­բան Վահ­րամ Տէր-Մատ­թէո­սեա­նի հետ, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ մօտ։ Վահ­րամ Տէր-Մատ­թէո­սեան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ ա­ռա­ւել չա­փով Թուր­քիոյ մէջ իս­լա­մա­կա­նու­թեան եւ քե­մա­լա­կա­նու­թեան վրայ։ Ան գի­տէ թրքե­րէն եւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լին պե­տա­կան կա­րե­ւոր կա­ռոյց­նե­րու մօտ վա­րած է խորհր­դա­կա­նի պաշ­տօն։

Հի­մա որ ան­ցած է 24 Ապ­րիլ 2015 թուա­կա­նը, Վահ­րամ Տէր-Մատ­թէո­սեա­նի կան­խա­տե­սում­նե­րով, Թուր­քիոյ մէջ կա­յա­նա­լիք ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ Ան­գա­րա ա­ռիթ պի­տի ու­նե­նայ վե­րա­դառ­նա­լու այս խնդրի քննարկ­ման։ Տէր-Մատ­թէո­սեա­նի հա­մոզ­մամբ, ե­թէ եր­կու եր­կիր­ներն ալ կ՚ու­զեն վե­րա­դառ­նալ հա­մա­ձայ­նու­թեան գոր­ծըն­թա­ցի մը, ա­պա պէտք է հրա­ժա­րին Ցիւ­րի­խի մէջ ստո­րագ­րուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րէ։ Իր բա­նա­ձե­ւու­մով, այդ ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը մե­ռած են։ Ա­նոնց փո­խա­րէն, պէտք է պատ­րաս­տել միայն եր­կու նա­խա­դա­սու­թե­նէ բաղ­կա­ցեալ պարզ ար­ձա­նագ­րու­թիւն մը, ո­րով պի­տի հռչա­կուի, թէ եր­կու եր­կիր­նե­րը կը հաս­տա­տեն դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ։ Պի­տի նշուի նաեւ, թէ առ­կայ բո­լոր խնդիր­նե­րը պի­տի քննար­կուին ա­ւե­լի վերջ։

Վահ­րամ Տէր-Մատ­թէո­սեա­նի խօս­քե­րով, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի մօտ գո­յու­թիւն ու­նի քա­ղա­քա­կան կամք ու փա­փաք՝ Թուր­քիոյ հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կար­գա­ւո­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Ան տա­րի­նե­րէ ի վեր յստա­կօ­րէն կը շեշ­տէ, թէ ո­րե­ւէ թշնա­մանք խնդրոյ ա­ռար­կայ չէ թուրք ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ։ Ե­թէ Սերժ Սարգ­սեան Ան­գա­րա­յի կող­մէ փո­խա­դար­ձու­թեան ազ­դան­շան մը նկա­տէ, ա­պա խորհր­դա­րա­նէն ետ կան­չուած ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րը կրնայ դիւ­րու­թեամբ վերս­տին ու­ղար­կել խորհր­դա­րան։ Ա­մէն ինչ կա­խում ու­նի այն հան­գա­ման­քէն, թէ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ի՛նչ ո­րոշ­ման մը պի­տի յան­գի։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015