Ի՞ՆՉ ՅԵՆԱՐԱՆ ՈՒՆԻՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան այսօր շփումներ կ՚ունենայ Քուէյթի մէջ։ Երէկ, այդ երկիրը ուղեւորուելէ առաջ, Անգարայի «Էսէնպողա» օդակայանին մէջ Էրտողան սարքեց մամլոյ ասուլիս մը։ Լրագրողի մը հարցին ի պատասխան՝ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցելու ընթացքին ան հերթական անգամ անդրադարձաւ հայկական հարցին։ Արդեօք Թուրքիա բռնամիջոց մը ձեռք պիտի առնէ՞ Ռուսաստանի կամ այլ երկիրներուն հետ, որոնք ցեղասպանութեան որակումը տուած են 1915-ի դէպքերուն՝ 24 Ապրիլի ոգեկոչումներու շրջանին։ Ի պատասխան նախագահը նշեց հետեւեալը.
«Այս արտայայտութիւնը առաջին անգամ չէ որ կ՚օգտագործուի Ռուսաստանի կողմէ, աւելի առաջ ալ օգտագործուած է, նման արտայայտութիւնը Ֆրանսան ալ նոյնպէս օգտագործեց։ Անձամբ, բնականաբար, ես շատ ցաւ կը զգամ, վշտացած եմ, որ Փութին առած է այդպիսի քայլ մը եւ այս բանը ըսի։ Շատ բաց եւ յստակ ըսի այս բանը։ Եթէ նման ցեղասպանութիւններու կէտին վրայ կ՚առնուին կարգ մը քայլեր, ապա Ռուսաստան սեղանի վրայ պէտք է դնէ իր իսկ պատմութիւնը։ Նայեցէ՛ք, պէտք չկայ անցեալի մէջ շատ խորանալու, ահաւասիկ ներկայիս Ուքրայնոյ մէջ ապրուածները ակնյայտ են, Խրիմը ակնյայտ է, Տոնեցքը ակնյայտ է եւ ամբողջ կատարուածները ա-կընյայտ են, թող տան նաեւ այս բոլորին հաշիւը։ Մնաց որ, Թուրքիա ցեղասպանութիւն մը երբեք չէ կատարած։ Ու մենք շատ յստակ, շատ բացայայտ բան մը կ՚ըսենք։ Կ՚ըսենք, որ մենք կը բանանք մեր արխիւները, Հայաստանն ալ եթէ ունի թող բանայ արխիւները, եթէ ունին երրորդ երկիրներն ալ թող բանան, պատմաբանները թող նստին յանձնաժողովներ ստեղծեն եւ աշխատին։ Հակառակ անոր, որ այս բանը քանիցս ըսած ենք, տակաւին նոր Եւրոմիութեան խելքը գլուխը եկած է, կ՚ըսէ, որ Թուրքիա պէտք է բանայ իր արխիւները։ Մենք վաղուց ըսած ենք այս բանը։ Սակայն սա չ՚ըլլար միակողմանիօրէն, եթէ կայ, Հայաստանն ալ թող բանայ։ Մենք արդէն կը խօսինք մեր այս արխիւներուն վրայ հիմնուելով։ Անոնք, որոնք կ՚ըսեն, թէ 1 միլիոն 400 հազար հայ սպաննուած է, ո՞ր փաստաթուղթին, ո՞ր գիտութեան վրայ յենլով կը խօսին։ Ո՞ւր է եղեր այսքան մարդը։ Պէտք է ի յայտ բերեն այս բանը»։
Իր յայտարարութիւններուն տեւողութեան Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Ֆրանսայի պարագային եւ ըսաւ. «Նոյնպէս Ֆրանսան, ի՞նչ յենարանով կրնայ այսպիսի բան մը ըսել։ Ներկայիս Ֆրանսայի մէջ կ՚ապրի 600 հազար թուրք եւ անոնց շարքին 200-250 հազարը Ֆրանսայի քաղաքացին է։ Այսինքն, անոնց այս նիւթին վերաբերեալ մօտեցումը բնաւ հաշուի չառնելով այսպիսի քայլ մը նետելը, ըստ իս, այսինքն Օլանտի տեսանկիւնէն կ՚ըսեմ, սխալ է եւ այդ սխալը գործուած է հակառակ անոր, որ մենք քանիցս իրենց ըսած ենք այս բանը։ Բայց ահա այնտեղ մեկնած երկու պետութեան նախագահ կայ, որովհետեւ անոնք Թուրքիոյ դէմ յարձակման համար ծրագիր մը մշակած էին։ Փառք Աստուծոյ, մեր մօտ փութացած էին քսան նախագահներ, վարչապետներ, նախարարներ։ Շուրջ ութսուն նման մասնակցութիւն եղաւ, ինչ որ առանձնապէս գոհունակութիւն պատճառեց մեզի։ Բայց եւ այնպէս, մենք այս գործը չենք մտածած որպէս Հայաստանի դէմ յարձակման մը ծրագիր, ընդհակառակն՝ մենք ոգեկոչեցինք մեր նահատակները։ Արդէն մենք Հայաստանի ժողովուրդին հետ ալ խնդիր մը չունինք։ Խնդիրը հայկական ղեկավարութիւնն է, հայոց սփիւռքն է, այս հանգամանքը պէտք է շատ լաւ հասկնալի ըլլայ»։
Միւս կողմէ, Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով երէկ յայտնեց, որ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին տեղեակ պահուած է Էրտողանի յայտարարութենէն՝ այլ տեղեկատուութիւններու հետ միասին։