ՀԱՄԵՐԳԱՅԻՆ ՇՐՋԱԳԱՅՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի սարկաւագաց երգչախումբը ներկայիս համերգային շրջագայութեան մը ձեռնարկած է՝ Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին առթիւ։ Երգչախումբի վարիչն է Շահէ Քեշիշեան։ Յոբելենական այս ծրագիրը կեանքի կը կոչուի՝ օրհնութեամբ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, որ համերգային շրջագայութեան ընդառաջ ընդունեց սարկաւագաց երգչախումբի անդամները եւ անոնց փոխանցեց իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքը։ Հարկ է նշել, որ Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ սոյն երգչախումբը ձեւաւորուած է այս տարի։ Համերգային ուղեւորութեան կազմակերպման ուղղութեամբ աշխատանք տարած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հրաւէրով տեղի կ՚ունենայ համերգային շրջագայութիւնը, որու ծիրէն ներս սարկաւագաց երգչախումբը պիտի այցելէ Հոլանտա, Պելժիա եւ Իտալիա։ 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 5, 2019