ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ շնորհաւորական մը ուղարկած է ընտրեալ-պատրիարք Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։ Շնորհաւորականին մէջ նշուած է հետեւեալը.

*

Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան,

Գոհունակութեամբ տեղեկացանք, որ Կ. Պոլսոյ մէջ գումարուած համագումար ժողովը ձայներու մեծամասնութեամբ Ձեզ ընտրած է՝ որպէս Կ. Պոլսոյ հայոց 85-րդ պատրիարք։

Հոգւոյ բերկրանքով Սուրբ Էջմիածնէն կ՚ողջունենք Ձեզ եւ կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը՝ բերելով եղբայրական Մեր սէրը եւ զօրակցութիւնը Ձերդ Ամենապատուութեան։ Ուրախ ենք, որ երկարատեւ ընդմիջումէ յետոյ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը օժտուեցաւ նոր գահակալով։

Ծնելով ու հասակ առնելով պոլսահայ աւանդաշատ համայնքի մէջ՝ Դուք մանկուց կրթուած ու դաստիարակուած էք աստուածսիրութեամբ, եկեղեցասիրութեամբ եւ ազգասիրութեամբ, որոնք բնորոշ յատկանիշներն են պոլսեցի հաւատաւոր Մեր ժողովուրդին։

Գոհունակութեամբ կ՚անդրադառնանք, երբ տարիներ առաջ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսաճեմ խորանի առջեւ ծնրադրումով, ստանձնեցիք եպիսկոպոսական բարձր իշխանութիւնը եւ նոր հանգամանքի մէջ շարունակեցիք տէրունապատուէր Ձեր ծառայութիւնը՝ որպէս Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ։ Արդարեւ, Մայրավանքի մէջ անցած Ձեր տարիները նշանաւորուեցան արդիւնաշատ գործունէութեամբ։ Շնորհիւ Ձեր հոգեւոր, աստուածաբանական ու դաստիարակչական գիտելիքներու՝ ունեցանք ճեմարանականներու նոր սերունդ մը, որու անդամները ծառայասէր ոգիով այսօր կը սպասաւորեն Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Կ՚աղօթենք, որ Ամենակալ Տէրը ուժ ու կարողութիւն պարգեւէ Ձեզի՝ ամենայն իմաստութեամբ եւ բարձր պատասխանատուութեամբ ստանձնելու Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռի՝ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան հոգեւոր առաքելութիւնը՝ ի պայծառութիւն Մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն Կ. Պոլսոյ հաւատացեալ Մեր ժողովուրդի զաւակներուն։ Թող Տէրը օգնական եւ զօրավիգ ըլլայ Ձեզի՝ շնորհելով քաջառողջ արեւշատութիւն եւ յաջողութիւններ հոգեւոր Ձեր ծառայութեան մէջ։

Սիրով կը սպասենք որպէս Կ. Պոլսոյ նորընտիր պատրիարք Ձերդ ամենապատուութեան անդրանիկ այցին ի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2019