26 ՆՈՐԸՆԾԱՆԵՐ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Ս. Ստեփանոս նախավկայի յիշատակութեան օրը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. Պատարագին, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ նոր սարկաւագներու ձեռնադրութիւն։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէն Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան, որու ձեռամբ սարկաւագական ձեռնադրութեան արժանացան Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 26 սաներ։ Ձեռնադրութեան Ս. Խորհուրդի աւարտին պատարագիչ սրբազան հայրը խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Արարողութիւններէն վերջ եկեղեցականաց դասը եւ ներկայ բարեպաշտ ժողովուրդը հնարաւորութիւն ունեցան համբուրելու՝ տօնի առթիւ Մայր Տաճարի աւանդատուն-թանգարանէն դուրս բերուած Ս. Ստեփանոսի մասունքակիր աջը եւ ստանալու անկէ բխած օրհնութիւնը։

Նոյնպէս երէկ, Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբան 76 սարկաւագները եւ նոյն օրուայ առաւօտուն ձեռնադրուած 26 նորընծաները։ Ներկայ էին Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան եւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան։ Սարկաւագաց դասը «Ստեփանոս, քաղցրիկ տատրակ» տաղի երգեցողութեամբ ողջունեց Վեհափառ Հայրապետը։

Օրուան տօնին առթիւ Նորին Սրբութիւնը սարկաւագներուն գիրքեր ընծայեց։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2019