ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հիւրընկալեց Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ կը գտնուէին համանուն մարզի իշխանութիւններու եւ թեմի զանազան համայնքներու ներկայացուցիչներ։ Այս հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը Միքայէլ Սրբազանին հանդիսաւորապէս յանձնեց Հայրապետական սրբատառ կոնդակ, որով անոր կը շնորհէր արքութեան պատիւ։ Տակաւին անցեալ փետրուարի Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին Նորին Սրբութեան կողմէ շնորհուած էր այդ արքութեան պատիւը՝ Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս ան-մընացորդ ծառայութեան եւ տարիներու վաստակին համար։

Երէկուան հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը հանդէս եկաւ օրհնութեան խօսքով։ Սրբատառ կոնդակի հանդիսաւոր ընթերցումէն վերջ Նորին Սրբութիւնը զայն փոխանցեց Միքայէլ Սրբազանին, նաեւ նոյն առիթով անոր ընծայաբերեց եպիսկոպոսական պանակէն։ Հարկ է նշել, որ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան ներկայիս կը նշէ իր Շիրակի առաջնորդի պաշտօնի 20-ամեայ յոբելեանը։

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչներուն կողմէ ալ հաւաքոյթի ընթացքին հրապարակուեցաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ուղարկուած շնորհաւորականը՝ Միքայէլ Սրբազանի առաջնորդական պաշտօնի 20-ամեակին եւ արքութեան պատուին արժանանալուն առթիւ։

Հաւաքոյթի ընթացքին երախտագիտութեան խօսքով մըն ալ հանդէս եկաւ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան եւ ընդգծեց, որ արքութեան պատուին արժանանալը առիթ մըն է նորոգելու իր ուխտը Աստուծոյ, Հայ Եկեղեցւոյ, հայրենիքի, Մայր Աթոռի ու անոր գահակալին նկատմամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ 2020 թուականին պիտի նշուի Շիրակի թեմի հաստատման 100-ամեայ յոբելեանը եւ այս առթիւ պիտի կատարուին տօնակատարութիւններ։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2019