ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ փոխանցեց համայն հայութեան ուղղեալ տաղաւարի պատգամը՝ Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ խորանէն։ Ստորեւ արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք Հայրապետական պատգամը։

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն:

«Երբ ժամանակը լրումին հասաւ, Աստուած ուղարկեց Իր Որդին,
...որպէսզի մենք որդեգրութիւն ընդունինք» (Գաղ. Դ. 4-5):

Սիրելի հաւատաւոր, բարեպաշտ ժողովուրդ,

Առ Աստուած փառաբանութիւնը Մեր սրտին՝ կ՚ողջունենք ձեզ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան կենսաբեր աւետիսով. «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ»: Փրկչի Սուրբ Ծննդեան տօնը քրիստոնեայ ողջ աշխարհին խնդութիւն ու բերկրանք կը բերէ: Այսօր մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ կը թեւածէ այդ ուրախութիւնը, որով համախմբուած ենք օրհնաբանելու Մանուկ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը, նորոգուելու Քրիստոսի պարգեւած կենարար շնորհներով:

«Երբ ժամանակը լրումին հասաւ, Աստուած ուղարկեց Իր Որդին, ...որպէսզի մենք որդեգրութիւն ընդունինք», կ՚ըսէ առաքեալը: Մարդկային մտքի համար դժուար ընկալելի է, թէ ինչպէս կրնայ անսահման Աստուած սահմանաւորուիլ, Արարիչն Աստուած արարուած մարդու կերպարանք առնել: Մեր պատմահայր Սուրբ Մովսէս Խորենացին Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան այս հրաշազարդ իրողութիւնը իր գեղեցկահիւս շարականին մէջ կը կոչէ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի»: «Երկնքի ու երկրի համար անպարփակելին,- կ՚ըսէ ան,- խանձարուրով պատուեցաւ... եւ սուրբ այրի մէջ բազմեցաւ»: Սուրբ Ծննդեան սքանչելախորհուրդ այս իրողութիւնը, արդարեւ, հաւատքով ըմբռնելի է, ինչպէս հաւատքով տեսանելի են Աստուծոյ բարերար խնամքն ու գործերը, եւ զգալի՝ Տիրոջ կենարար ներկայութիւնն ու ներգործութիւնը: Այսօր մենք հաւատքով հովիւներու հետ ականջալուր ենք հրեշտակներու աւետաբեր օրհներգութեանը: Արեւելքէն ժամանած մոգերու հետ հաւատքով կը տեսնենք քարայրի մէջ ապաստան գտած Սուրբ Ընտանիքը եւ կը խոնարհինք նորածին Յիսուսի առջեւ, Որ եկաւ, ինչպէս եւ առաքեալը կը վկայէ, որպէսզի մենք որդեգրութիւն ընդունինք:

Քրիստոսի Ծնունդը շնորհ է արժեւորելու մարդկային կեանքը, դարձնելու նոր սկիզբ, նոր ճանապարհ դէպի աստուածճանաչողութիւն, դէպի Աստուծոյ որդեգրութիւն: Քրիստոսի Ծնունդը անզուգական սիրոյ, անսահման մարդասիրութեան վկայութիւն է: Սէր, որ զոհաբերուող է, ամբողջանուէր, որով Մեծազօր Աստուած Իր բարձրութենէն խոնարհեցաւ, Տէր ըլլալով ծառայի կերպարանք առաւ, որպէսզի մարդկային կեանքը առաջնորդէ փրկութեան, երկինքի արքայութեան, որպէսզի մաքրագործուին ու վեհանան մարդկանց զգացումներն ու մտածումները, արդար ու բարի ըլլան գործերը: Եկեղեցիի սուրբ հայրերէն Յովհան Ոսկեբերանը կ՚ուսուցանէ, որ Աստուծոյ որդեգրութիւնը մարդու նորոգութիւնն է: Ներքին վերափոխման, հոգեւոր վերածնունդի այդ շնորհն ու զօրութիւնը կը բերէ Փրկիչ մեր Տէրը: Քրիստոսով կը հալչին մեղքերը, կը փարատուին յուսահատութիւնները, վախը կը դառնայ քաջալերութիւն, թշնամանքը՝ եղբայրասիրութիւն, բանսարկութիւնն ու զրպարտութիւնը՝ ուղղամտութիւն ու ճշմարտախօսութիւն, եւ դժուարութիւններու ու վիշտերու մէջ կը ծագի Սուրբ Ծննդեան լոյսը՝ բերելով նոր աշխարհի, նոր կեանքի յոյսն ու տեսլականը:

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ, Սուրբ Ծննդեան այս հոգենորոգ օրը Մենք ցաւ ի սիրտ պիտի անդրադառնանք նաեւ, որ ժամանակակից կեանքի բազմահոս, հակասական զարգացումներուն, աշխարհիկացման, համահարթեցման հոսանքներուն, մրցակցութեան անհոգի վազքերուն, հաղորդակցութեան նոր հնարաւորութիւններու ահռելի տարածքներուն մէջ յաճախ կը կորսուի Քրիստոսի Ծննդեան պատգամը: Կը քարոզուին իրական արժէքներու վտանգաւոր նմանակումներ՝ պարպուած աստուածսիրութեան ու մարդասիրութեան ճշմարիտ գաղափարներէն եւ կառուցուած ազատութեան ու իրաւունքներու սխալ ընկալումներու ու մեկնաբանութիւններու վրայ: Կանգնած ժամանակներու այս նոր իրողութիւններու ու փոփոխութիւններու յանդիման՝ մենք ամուր պիտի մնանք ի Քրիստոս մեր հաւատքի մէջ, վերարժեւորելով մեր անցեալը, ընտրելով նորոգութիւնն ու որդեգրութիւնը: Հաւատաւոր մեր ժողովուրդի ներկայութիւնը եկեղեցիներու մէջ աղօթական ու նուիրական զգացումներով, հոգեւոր խոնարհումը Մանուկ Յիսուսի սնարի առջեւ՝ մեր համընդհանուր պատասխանն է Քրիստոսով ապրելու, Քրիստոսով նորոգուելու, Քրիստոսով յարատեւելու աստուածային կանչին: Մենք՝ իբրեւ քրիստոնեայ ժողովուրդ, Քրիստոսի Ծննդեան շնորհառատ այս օրը վերստին կ՚ամրապնդուինք հաստատակամութեամբ, որ առաւել վճռական պիտի ըլլանք քրիստոնէական մեր ինքնութեան վկայութեան մէջ, ազգային մեր կեանքը կառուցենք սիրոյ, համերաշխութեան հիմերու վրայ, միաբանուած ըլլանք մեր հոգեւոր արժէքներով, մեր հաւատքով, մեր սրբազան հայրենիքի, մեր Սուրբ Եկեղեցիի շուրջ: Քրիստոս Իր Սուրբ Ծնունդով ուղենշեց միմեանց ու Աստուծոյ հետ միաւորուած մնալու մեր ճանապարհը: Ընթանանք այդ ճանապարհով՝ նորոգ բարեզարդելով մեր կեանքը, կեանքը մեր հայրենիքի եւ մեր ժողովուրդի:

Այս մաղթանքով եւ Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան աւետիսով կ՚ողջունենք Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ Նուիրապետական Աթոռներու Գահակալները՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանը, Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց նորընտիր Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեանը, մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ուխտապահ ողջ հոգեւոր դասը: Ի Քրիստոս եղբայրական սիրով Մեր ողջոյնը կը յղենք քոյր Եկեղեցիներու հոգեւոր Պետերուն եւ հաւատաւոր իրենց հօտին: Հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք եւ Մեր բարեմաղթանքները կը բերենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Արմէն Սարգսեանին եւ Սրբազան Պատարագի արարողութեան ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանին՝ իր մեծազնիւ տիկնոջ հետ: Ողջոյն կը յղենք Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանին եւ հայոց պետական աւագանիին, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներուն: Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու սէրը կը բերենք ի սփիւռս աշխարհի համայն մեր ժողովուրդին:

Սուրբ Ծննդեան շնորհառատ այս օրը, սիրելի հաւատաւոր զաւակներ Մեր, միասնաբար աղօթենք մեր Փրկչին Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի խօսքերով. «Նորոգող հնութեանց, նորոգեա եւ զիս, նորոգ զարդարեա»: Հայցենք միասնաբար, որ նորոգութեան երկնային պարգեւները բարեփոխեն աշխարհը համայն, բարօրութեամբ շէնանայ ժողովուրդներու ու պետութիւններու կեանքը, եւ Աստուծոյ Սուրբ Աջի պահպանութիւնը միշտ հովանի ըլլայ մեր հայրենիքին, հայրենեաց մեր հերոս պաշտպաններուն, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ եւ այլուր դժուարութիւններ դիմագրաւող մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն, աշխարհասփիւռ մեր ողջ ժողովուրդին: Թող Փրկչի կենսանորոգ շնորհներով ու երկնառաք բարիքներով զարդարուած ըլլան ամէնքիդ կեանքն ու ընտանեկան յարկերը, եւ հանապազ ձեզի հետ՝ Աստուծոյ պահպանութիւնն ու օրհնութիւնները:

Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ,

Ձեզ եւ մեզ մեծ աւետիս։

Երեքշաբթի, Յունուար 7, 2020