Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ԲԱՐՁՐ ԳՆԱՀԱՏԱՆՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջերս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Արմաւիրի թեմակալ առաջնորդ Տ. Սիոն Արք. Ադամեանը։ Նորին Սրբութիւնը վերջերս իրեն շնորհած էր արքութեան պատիւ։ Վեհարանի մէջ տեղի ունեցած արարողութեան ընթացքին Տ. Սիոն Արք. Ադամեանին յանձնուեցաւ համապատասխան հայրապետական սրբատառ կոնդակը։ Նորին սրբազնութիւնը այս կոչման արժանացած է՝ ի գնահատութիւն Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս բազմամեայ ծառայութեան համար։
Նորին Սրբութիւնը մեծարեալ սրբազանին նուիրեց նաեւ ձեռաց խաչ մը։
Չորեքշաբթի, Յունուար 8, 2020