ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ ԼՈՅՍ ԸՆԾԱՅԵՑ «ԼԻՆԵԼ ԱՍՏՈՒԱԾ» ԳԻՐՔԸ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայեց Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի «Լինել Աստուած (Մարդու աստուածացման եռաստիճան ճանապարհը ըստ Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վարդապետութեան)» գիրքը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ լոյս տեսած այս աշխատութիւնը տպագրուած է «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի հովանաւորութեամբ։ Գիրքին մէջ ներկայացուած է Ս. Ներսէս Շնորհալիի քրիստոնէական վարդապետութեան հայեացքներու ամբողջական եւ համակարգուած վերլուծութիւնը մարդու աստուածացման վերաբերեալ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արժէքաւոր միաբաններէն Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան նաեւ համադրած ու վերլուծած է թէ՛ Ընդհանրական եւ թէ Հայ Եկեղեցւոյ հայրերու ու վարդապետներու բոլոր տեսակէտները քրիստոնէական վարդապետութեան այս կարեւորագոյն դրսեւորման մասին։