ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ս. ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑ
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանի աշակերտներուն համար վերջին շաբաթներուն կազմակերպուեցան ընկերամշակութային բնոյթով զանազան ձեռնարկներ։ Այդ ծիրին մէջ առանձնապէս հետաքրքրական էին տղոց իրականացուցած պտոյտները։
Մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի տղաքը Աթագիւղի «Եունուս Էմրէ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ դիտեցին «Հույսուզ քըրալ» թատերական ներկայացումը։
Աշակերտները հետաքրքրական ուղեւորութիւն մըն ալ իրականացուցին դէպի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ուր շրջեցան «Պետրոս Շիրինօղլու» թանգարանը։ Պատմական առարկաներէն սկսեալ մինչեւ հաստատութեան անցեալին բնորոշ մթնոլորտը ցոլացնող տուեալները՝ փոքրիկներուն տեսակէտէ հետաքրքրական լեցուն բան կար այնտեղ։ Իրենց ուշադրութիւնը այդ բոլորին վրայ առաւել եւս լարուեցաւ՝ պատասխանատուներուն կողմէ փոխանցուած բացատրութիւններուն լոյսին տակ։
Ազգային հիւանդանոցի համալիրէն ներս տղաքը շրջեցան նաեւ ԶԻՊԷՉ-ի կեդրոնը։ Պատասխանատուները ջերմօրէն ողջունեցին փոքրիկներու խումբը։ Տղաքը ծանօթացան նաեւ տեղւոյն սաներուն հետ։
Հիւանդանոցէն հրաժեշտ առնելէ առաջ աշակերտները այցելեցին նաեւ Սուրբ Փրկիչ մատուռը։
Դպրոցի միջնակարգի դասարաններու տղաքը, իրենց հերթին, այցելեցին Պատրիարքարանի թանգարանը, ուր եւս խորապէս տպաւորուեցան իրենց տեսածներով։
Բաց աստի, Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն եւ Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարաններու աշակերտները միասնաբար ուխտագնացութիւն մը կատարեցին դէպի Վոսփորի ափի եկեղեցիները։
Ի լրումն այս բոլորին, Անարատ Յղութեան սաները այցելեցին «Ռահմի Քոչ» թանգարանը, ուր իրենց համար հետաքրքրական էր դիտարկել՝ փոխադրամիջոցներու անցած ուղին։