ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ
Իտալիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ միջկրօնական կարեւոր հաւաք մը։ Այսպէս, Հռոմի մէջ մէկտեղուեցան՝ Աբրահամ նահապետին հաւատացող երեք կրօններու 25 հոգեւոր առաջնորդներ, որոնք կը ներկայացնեն միլիոնաւոր քրիստոնեայ, իսլամ եւ հրեայ հաւատացեալներ։ Քահանայապետական Կրեկորիանայ համալսարանին մէջ, 14-16 յունուար թուականներուն կազմակերպուած հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայ Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։
Այս հանդիպման ներկայ էին Պապական Միջկրօնական երկխօսութեան գրասենեակի նախագահ Միկուէլ Ակուսոյ Կուիթոթ կարտինալը, Իսլամական հասարակութեան մէջ խաղաղութիւնը քաջալերող հիմնարկութեան նախագահ Շէյխ Ապտուլլահ պին Պայահ, Հռոմի խախամապետ Ռիքարտօ տի Սէնյի եւ այլ հոգեւոր առաջնորդներ։ Յարգալից եւ անկեղծ մթնոլորտի մէջ մասնակիցներ խորհրդակցեցան՝ տեսնելու համար, թէ ինչպէս կարելի է աշխարհի տարբեր մասերու մէջ ապրող Աբրահամ նահապետին հաւատացող երեք կրօններու հետեւողներ համագործակցութեամբ խաղաղութիւնը ապահովեն՝ մասնաւորապէս այն շրջաններու մէջ, ուր կայ անոր հրատապ կարիքը։
Այս ժողովին մասնակցողներ 15 յունուարի երեկոյեան հանդիպում եւ մտերմիկ խօսակցութիւն մըն ալ ունեցան Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիսքոս Քահանայապետին հետ՝ իր բնակարանին մէջ։
Ժողովի վերջաւորութեան բոլոր մասնակիցներու համաձայնութեամբ ընդհանուր կոչ մը հրապարակուեցաւ։ Կոչին մէջ կը շեշտուի. «Մենք՝ հրեայ, քրիստոնեայ եւ իսլամ, իբրեւ Աբրահամի ընտանիքի զաւակներ՝ կ՚աղօթենք, որպէսզի Տէրը օգնէ մեզի սիրով, յարգանքով ծառայելու իրարու ու միասին քաջալերելու լաւը եւ բարին։ Կեդրոնը մեր միասնական ժառանգութեան՝ փոխադարձութեան բարոյականն է. ընել ուրիշին այն ինչ, որ կ՚ուզենք թէ ուրիշը մեզի ընէ»: