ԱՐՏԱԴՐԱՆՔԻ ԽՐԱԽՈՒՍՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Երեւանի մէջ մասնակցեցաւ «Արտադրուած է Հայաստանի մէջ» խորագրեալ ցուցահանդէսին։ «Մերիտեան» ցուցահանդէսի կեդրոնէն ներս կազմակերպուած այս ձեռնարկին նպատակն է ներկայացնել երկրի արդիւնաբերութեան ներուժը, զարգացման հնարաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն ցուցաբերել Հայաստանի ընկերութիւններուն՝ հետագայ զարգացման եւ արտածման խթանման ճանապարհին։
Սերժ Սարգսեան մի առ մի շրջեցաւ տաղաւարները եւ հետաքրքրուեցաւ Հայաստանի տնտեսութեան գրեթէ բոլոր ոլորտները ներկայացնող ընկերութիւններու արտադրանքով, ցուցադրուած ապրանքատեսակներով։ Երկրի արտադրութիւնը ներկայացնող ցուցահանդէսին մասնակից ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ Սերժ Սարգսեան զրուցեց նաեւ անոնց առկայ խնդիրներուն եւ ապագայ ծրագրերուն մասին։
Շրջայցի ընթացքին Սերժ Սարգսեանին ուղեկցեցան Հայաստանի Տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան, Ազգային մրցունակութեան հիմնադրամի տնօրէն Արման Խաչատրեան եւ այլ պատասխանատուներ։