ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր Փա­րի­զի մէջ հան­դի­պում մը կ՚ու­նե­նայ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ հաս­տա­տուած է այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու յստակ օ­րա­կար­գին մա­սին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չեն հա­ղոր­դուած։ «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը վաղն ալ նոյն­պէս Փա­րի­զի մէջ պի­տի տե­սակ­ցին Ատր­պէյ­ճա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Էլ­մար Մա­մէ­տեա­րո­վի հետ։ Ե­րէկ, Պա­քուի մէջ ա­զէ­րի նա­խա­րա­րը տե­ղե­կա­ցուց այս մա­սին եւ ա­ւել­ցուց, թէ Հա­յաս­տան պէտք է դուրս բե­րէ իր զօր­քե­րը գրա­ւեալ տա­րածք­նե­րէն, որ­մէ վերջ պի­տի սահ­մա­նուին հե­տա­գայ քայ­լե­րը։ Ըստ ե­րե­ւոյ­թին, ներ­կա­յիս միջ­նորդ­նե­րը նոր թափ մը կու տան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան խա­ղաղ կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով քննար­կում­նե­րուն, սա­կայն յայտ­նի չէ, թէ Փա­րի­զի մէջ քննար­կում­նե­րը միայն ա­ռան­ձին ա­ռան­ձին տե­ղի պի­տի ու­նե­նան, թէ հնա­րա­ւոր պի­տի ըլ­լայ նաեւ եր­կար ժա­մա­նակ վերջ մէկ­տե­ղել նաեւ գո­նէ նա­խա­րար­նե­րը։

Միւս կող­մէ, ԵԱՀԿ-ի շրջա­նա­յին նա­խա­գահ երկ­րի՝ Սեր­պիոյ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ի­վի­ցա Տա­չիչն ալ կը պատ­րաս­տուի ու­ղե­ւո­րու­թիւն մը ի­րա­կա­նաց­նել դէ­պի Հա­րա­ւա­յին Կով­կաս։ Ան Մա­յի­սի 31-ին պի­տի ձեռ­նար­կէ այս շրջա­գա­յու­թեան, որ կը նե­րառ­նէ տա­րած­քաշր­ջա­նի ե­րեք եր­կիր­նե­րը՝ Հա­յաս­տա­նը, Վրաս­տա­նը եւ Ատր­պէյ­ճա­նը։ Ե­րե­ւա­նի եւ Պա­քուի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն անդ­րա­դարձ պի­տի կա­տա­րուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րին։

Փա­րիզ մեկ­նե­լէ ա­ռաջ Նալ­պան­տեան Ե­րե­ւա­նի մէջ յայ­տա­րա­րած էր, թէ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը կը շա­րու­նա­կուի եւ այ­լընտ­րանք մը գո­յու­թիւն չու­նի ա­նոր հա­մար։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015