ԵՐԿԱՐ ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԴԱՏԸ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը գործնական քայլ մը առաւ՝ Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման որոնումներուն շրջագծով։ Երէկուան դրութեամբ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս նպատակով դատ բացաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Սահմանադրական ատեանին մօտ։
Անթիլիասի աղբիւրները երէկ պաշտօնական յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան այս նիւթին շուրջ։ Կաթողիկոսարանի դիւանին կողմէ հրապարակուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, թէ կը պահանջուի Սիսի պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը։ Կիլիկեան Աթոռի աղբիւրները այս նիւթը ներկայացուցած են 2015 թուականի մթնոլորտին մէջ։
Վերոյիշեալ հաղորդագրութեան մէջ յիշեցուած է, որ քաղաքական պայմաններու հետեւանքով Կաթողիկոսութիւնը Կիլիկիոյ զանազան շրջաններուն մէջ հաստատուելէ յետոյ 1295-ին իր կայքը հաստատած էր Կիլիկիոյ թագաւորութեան մայրաքաղաք Սիսի մէջ։ 1921-ին Օսմանեան կառավարութիւնը երկու օրուան պայմանաժամ տուած էր Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսին՝ վերջնականապէս հեռանալու համար կաթողիկոսարանէն։ Սահակ Կաթողիկոս ինչ որ կրցած էր որպէս կրօնական ու մշակութային թանկագին գանձեր (ձեռագիր, հնատիպ, ծիսական սպասներ, ներառեալ միւռոնի կաթսան) իր հետ առնելով, իր փոքրաթիւ միաբանութեամբ բռնած էր գաղթի ճամբան։ Ան յաջորդաբար հաստատուած էր Երուսաղէմ, Հալէպ, Դամասկոս, Կիպրոս եւ 1930-ին, Անթիլիաս։
Հայոց Մեծ Եղեռնի 100-րդ տարելիցին առթիւ ու «ազգային պահանջատիրութեան աւելի գործնական արտայայտութիւն տալու հեռանկարով», Արամ Ա. Կաթողիկոս իր պատգամներուն մէջ վերջին շրջաններուն յաճախակի կերպով յիշեցումներ կ՚ընէր՝ հատուցման վրայ շեշտը դնելու հրամայականին շուրջ։ Այս ծիրէն ներս Սիսի կաթողիկոսարանի եւ ապա ազգապատկան ու եկեղեցապատկան կալուածներու վերադարձը, Անթիլիասի մօտեցումով, կրնայ կարեւոր քայլ մը դառնալ՝ կալուածներուն վերադարձման եւ իրաւունքներու վերականգնման առումով։ Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ այս հաւատքով ու յանձնառութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը որոշած է դատ բանալ Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ։
Անցնող երկու տարիներու ընթացքին, այս դատի պատրաստութեան աշխատանքին լծուած էր թրքական ու միջազգային օրէնսդրութեան մասնագէտներէ բաղկացած յանձնախումբ մը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ։ Վաղը Ուաշինկթընի մէջ եւ յառաջիկային Ժընեւի մէջ մամլոյ ասուլիսներ պիտի կազմակերպուին այս պահանջը օտար շրջանակներուն ու միջազգային հանրութեան ծանօթացնելու համար։ Այս ուղղութեամբ անձամբ բացատրութիւններ տալ կը պատրաստուի նաեւ Արամ Ա. Կաթողիկոսը։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթը տեղեկացուց, թէ սոյն նիւթին վերաբերեալ այսօր մամլոյ ասուլիս մը նախա-տեսուած է Ուաշինկթընի մէջ։ Այսպէս, տեղւոյն Ազգային մամլոյ ակումբի «Լիսակոր» սրահին մէջ, տեղական ժամով միջօրէին տեղի կ՚ունենայ սոյն ասուլիսը, որ ձօնուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի վերադարձին հետամուտ դատի մանրամասնութիւններուն։ Իր վերջնական ձեւը ստացած համապատասխան թղթածրարին առընչութեամբ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն բացատրութիւններ կը ներկայացուին սոյն հանդիպման տեւողութեան։ Մամլոյ ասուլիսի ատենախօսներն են՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի անթիլիասական առաջնորդ Տ. Օշական Արք. Չոլոյեան, իրաւական գլխաւոր խորհրդական եւ Լախէյի միջազգային ատեանի մօտ ՄԱԿ-ի նախկին դատախազ Փայամ Աղաւան, թրքական օրէնսդրութեան գծով խորհրդական Ճէմ Սօֆուօղլու, Անթիլիասի խորհրդականներէն Թենի Փիրի Սիմոնեան եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան։ Յիշեալ թերթի հաղորդումներով, Փայամ Աղաւանի համոզմամբ, այս դատական գործընթացը ցոյց պիտի տայ, թէ Անգարայի իշխանութիւնները որքանով կը յարգեն քրիստոնեայ փոքրամասնութեանց իրաւունքները։ Ըստ իրեն, դատական դիմումին նպատակն է անցեալի վէրքերը թարմանել արդար քայլով մը ու միեւնոյն ժամանակ նպաստել՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացման։
Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանը, անոր յարակից գտնուող վանական համալիրն ու Ս. Սօֆիա եկեղեցին բռնագրաւուած էին 1915-ի շրջանին։ Այժմ, Անթիլիասի կողմէ անոնց վերադարձի պահանջատիրութիւնը կը ստանայ գործնական ընթացք։ Փայամ Աղաւանի խօսքերով, պատմական կաթողիկոսարանի վերադարձը լակմուսի թուղթ մը կը նկատուի Թուրքիոյ իշխանութիւններուն տեսակէտէ։ Իր համոզմամբ, այս նիւթը կը վերաբերի ոչ միայն քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու մարդու իրաւանց, այլ նաեւ կրօնական ազատութեան, մշակութային հանդուրժողութեան եւ արժանապատուութեան իրաւունքներուն։ «Սա արդարութիւն հաստատելու, անցեալի վէրքերը ամոքելու, հայ-թրքական հաշտեցման ուղղութեամբ քայլ մը կատարելու եւ երկու ազգերու համար աւելի լաւ ապագայ մը կերտելու եզակի հնարաւորութիւն մըն է», ըսած է իրաւաբան Փայամ Աղաւան։