ՍԽԱԼՆԵՐ ԵՒ ՆԵՐՇՆՉԱՆՔ
Անցնող շաբաթը, շատ մը այլ կարեւոր իրադարձութիւններու կարգին Հայաստանի մէջ նշանաւորուեցաւ նաեւ հայերէ կազմուած ամենանշանաւոր երաժշտական խումբի՝ աշխարհահռչակ System of a Down-ի համերգով Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Հազարաւոր երիտասարդներ անձրեւին տակ երեք ժամէ աւելի ունկնդրեցին վերակազմաւորեալ խումբին ելոյթին: Ծանօթ է, որ 1994 թուականին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ ստեղծուած խումբը շրջան մը՝ 2006 թուականին անորոշ ժամանակով լուծուած էր ինչ-ինչ տարաձայնութիւններու պատճառով, բայց ահաւասիկ խումբի անդամները անակնկալ մատուցեցին իրենց երկրպագուներուն եւ վերամիաւորուեցան 2011 թուականին։ Խումբի բոլոր անդամները հայեր են։ Թերեւս խումբի անդամներու հայ ըլլալը նաեւ նպաստած է խումբի միջեւ ջերմ եւ ընկերական յարաբերութիւններու հաստատման: Անոնք բոլորը ծնած են հայ ընտանիքներու մէջ։ System of a Down-ի որոշ երգեր կը պարունակեն հայկական ժողովրդական երգերու տարրեր։ Խումբը շատ կարճ ժամանակի մէջ մեծ համբաւ ձեռք բերած է։ Անոնք նոյնիսկ գերազանցած են տարածքաշրջանի ամենայայտնի խումբերուն: Իրենց ունեցած հինգ ալպոմներու եւ բազմաթիւ համերգներու միջոցաւ խումբը նուաճած է ժամանակակից ռաք աշխարհը: Արդէն յայտարարած են, որ կը պատրաստեն վեցերորդ ալպոմը: Այդ մասին խումբի անդամները անգամ մը եւս հաստատեցին Հայաստանի մէջ՝ երկրպագուներու հետ հանդիպման ժամանակ, նոր ալպոմի մասին անոնց հարցումներուն ի պատասխան:
Խումբի երգիչներէն Սերժ Թանգեան Հանրապետութեան հրապարակի համերգէն երկու օր յետոյ՝ 25 Ապրիլին «Թումօ» կեդրոնին մէջ մասնակցեցաւ երաժշտական միջազգային համաժողովի մը՝ ըլլալով այդ համաժողովի հիմնական բանախօս-մասնակիցներէն մէկը եւ իր ներկայութեամբ սրահին մէջ հաւաքելով հարիւրաւոր մարդիկ: Նշենք, որ շատ մարդիկ ալ ցանկութիւն ունէին, բայց չկրցան մասնակցիլ համաժողովին, քանի որ մասնակիցներու համար դահլիճին մէջ տեղ չկար: Համաժողովին մասնակցեցան նաեւ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան, դաշնակահար, ճազի վարպետ Տիգրան Համասեան, երգչուհի, հեղինակային երգերու կատարող Լիլիթ Պիպոյեան եւ երիտասարդ երաժշտահան Արթուր Աւանէսով, որոնք ելոյթներ ունեցան երաժշտութեան միջոցով հայու ինքնութեան բացայայտման հարցերու շուրջ: Նշուած երաժիշտները տարբեր ժանրերու մէջ ստեղծագործող արուեստագէտներ են, բայց զանոնք միաւորած է ընդհանուր յայտարար մը՝ անոնք հինգն ալ իրենց գործունէութեան որեւէ մէկ շրջանին անպայման անդրադարձած են հայկական հոգեւոր եւ ժողովրդական երաժշտութեան եւ ունին այդ ժանրի մէջ յօրինած երաժշտական ստեղծագործութիւններ: Երաժշտական համաժողովին հաւաքուած էր Հայաստանի եւ Սփիւռքի՝ այդ օրերուն Երեւանի մէջ գտնուող ողջ երաժշտասէր ընտրախաւը, որոնք երեք ժամ ունկնդրեցին բանախօսներու զրոյցին, այնուհետեւ հարցումներ ուղղեցին եւ ստացան հետաքրքրական պատասխաններ: Բանախօսները բոլորն ալ այն կարծիքը ունէին, թէ հայ երաժշտութիւնը անբաժան է հայու ինքնութենէն, եւ եթէ հայկական երաժշտութեան մէջ տխուր կամ մելամաղձոտ երանգներ կան, ապա այդ մէկը հայու ապրած կեանքէն եւ ունեցած ճակատագիրէն կու գայ։ Այս մասին երգչուհի Լիլիթ Պիպոյեան նշեց, թէ պէտք չէ ամչնալ այդ մելամաղձոտութենէն եւ պէտք է միջոցներ գտնել նոր ձեւերով տարածելու եւ աշխարհին ներկայացնելու հայ երաժշտութիւնը: Ան դառնալով Սերժ Թանգեանին, ըսաւ, որ ի տարբերութիւն շատ հայ երաժիշտներու երգերէն, Սերժի երգերը մելամաղձոտ չեն, աւելի կենսունակ են ու ճեղքող-յառաջ ընթացող: Իր կարգին, Սերժ Թանգեան ըսաւ, որ ինքն ալ, իբրեւ երաժիշտ, հայկական երաժշտութենէն սնուած է, եւ իր մէջ ալ կայ հայոց անցեալը: Պատահական չէ, որ իր շատ մը երգերուն մէջ Սերժ Թանգեան հայկական տարրեր կիրառած է:
Համաժողովի տեւողութեան հնչեցին նաեւ երաժշտական կատարումներ:
Նոյն օրը՝ 25 Ապրիլին «Թումօ» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ այլ միջազգային համաժողով մը՝ Ճարտարագէտ առաջնորդներու համաժողով, որուն հրաւիրուած էին աշխարհի ընկերային ձեռնարկատիրութիւններու, ինչպէս՝ Google, Issuu եւայլն, ղեկավարներ կամ ներկայացուցիչներ: Այդ համաժողովին հնարաւորութիւն ունեցան մասնակցիլ եւ ասպարէզի յառաջատարներուն հետ շփուիլ նաեւ հայաստանաբնակ մասնագէտները եւ, առհասարակ, բոլոր անոնք, որոնք կը հետաքրքրուին, թէ ինչպէս արհեստագիտութեան ժամանակակից միջոցները այսօր կը կառավարեն աշխարհի յառաջընթացը՝ հաւասար մրցելով կառավարութիւններու եւ այլ որոշիչ ուժերու հետ:
Ի ուրախութիւն Արհեստագիտական ճարտարագիտութեան հայ մասնագէտներու, հարկ է նշել, որ այդ ասպարէզը հայ իրականութեան մէջ թերեւս միակ ասպարէզն էր, ուր համախմբուած են աշխարհով մէկ ցրուած հայ մասնագէտները: Վերջին տարիներուն անոնց միասնականութիւնը, տարբեր ծրագրերու արագ արձագանգելը, Հայաստանի մէջ զանազան գործունէութիւն ծաւալելը եւ միմեանց օգնելը այս միասնականութեան վկայութիւնն են:
Հայ մասնագէտներու համախմբուելուն կը նպաստէ նաեւ «Յովնանեան» հիմնադրամի կողմէ Նիւ Եորքի մէջ ղեկավարուող HIVE ծրագրի ստեղծած առցանց հարթակը։ Այս հարթակին մէջ համախմբուած են եւ կը շարունակեն համա-խըմբուիլ հայ լաւագոյն ծրագրաւորողները, նորարար ընկերութիւններու հիմնադիրները, արհեստագիտական ճարտարագիտութեան մասնագէտները: Անոնք բոլորը կը մտածեն Հայաստանի համար բան մը ընելու մասին եւ տարբեր ծրագրեր կը կապեն Հայաստանի հետ: HIVE-ը հարթակ մըն է, որ սկսնակ ընկերութիւններու համար առիթներ կը ստեղծէ՝ ներդրումային ծրագրեր կ՚իրականացնէ Հայաստանի մէջ, կը տրամադրէ որոշակի օժանդակութիւն եւ կ՚աջակցի գաղափարի իրականացման:
«Թումօ»ի արտասահմանեան երկիրներէ եկած հայ եւ օտար մասնագէտները մասնակցեցան համաժողովին՝ փոխանցելով իրենց փորձը եւ հետաքրքրական մանրամասներ պատմեցին իրենց ընկերութիւններու մասին: Ճարտարագիտութեան եւ արուեստի համադրումը «Թումօ» կեդրոնի սկզբունքներէն մէկն է։ Իբր այդ ալ նոյն օրը կեդրոնին մէջ երկու միջազգային համաժողովներ գումարուեցան զոյգ ուղղութիւններով:
Հայաստանի մէջ հաւաքուած յառաջատար ճարտարագէտներուն ունկնդրելու համար սրահին մէջ ներկայ էին հայաստանեան ընկերութիւններու ղեկավարներ, ուսանողներ, աշակերտներ: Զանոնք գրաւած էր միջազգային համբաւ ունեցող ընկերութիւններու ղեկավարներու ներկայութիւնը Հայաստանի մէջ եւ շտապած էին արձանագրուիլ խիստ սահամանփակ մասնակիցներէ կազմուած ժողովին: Մասնակիցները տեղեակ էին, թէ բոլոր այդ ընկերութիւնները կը թելադրեն նոր գաղափարներ, չեն վախնար ցոյց տալ այն սխալները, որոնց վրայ կառուցած են իրենց յաջողութիւնները եւ, ամենակարեւորը՝ անոնք այն հազուագիւտ մասնագէտներն են, որոնք կը կարողանան ներշնչել դիմացինը՝ կեանքը աւելի լաւը դարձնելու առումով:
Մարք Ցուկերպերքի, Սթիվ Ճոպսի, Սթիւ Վոզնեաքի եւ Արհեստագիտական ճարտարագիտութեան նախկին ու ներկայ յառաջատարներու անուններու կողքին այսօր կը հնչեն նաեւ հայերու անուններ, որոնք նոյնպէս իրենց գլխաւոր դերակատարութիւնը ունեցած են, եւ կը շարունակեն ունենալ, ժամանակակից առցանց աշխարհի ստեղծման գործին մէջ: Անոնցմէ երկուքը՝ Reddit նշանաւոր ընկերային ցանցի համահիմնադիր, այսօր՝ գործադիր տնօրէն Ալեքսիս Օհանեանն ու Twitter-ի նախկին փոխ-նախագահ, «Թումօ»ի խորհուրդի անդամ Րաֆֆի Գրիգորեան Ճարտարագէտներու համաժողովի երկու մասնակից սփիւռքահայերն էին։ Անոնք գործակցելով համաշխարհային հսկաներուն հետ, վերջին տարիներուն ստեղծած են կապը իրենց հայրենիքի հետ եւ, անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ իրենց գործընկերներուն ցոյց կու տան Հայաստանին տեղը: Հայաստանեան համաժողովին եկած էին Google-ի ճարտարագիտական խումբի ղեկավարը, Faccbook-ի ճարտարագէտներէն մին, Twitter-ի նախկին ճարտարագիտական տնօրէնը, թուային հրատարակութեան Issuu հարթակի փոխ-նախագահը, Prezi online համագործակցութեան գործիքի ճարտարագիտական բաժնի ղեկավարը, ամերիկեան Urban Airship նշանաւոր սկսնակներու հարթակի աւագ խորհրդատուն, Grammarly online խմբագրական ընկերութեան մէկ տնօրէնը:
Վերջին տասնամեակի ընթացքին աշխարհը փոխած նշուած ընկերութիւններու ներկայացուցիչները «Թումօ» կեդրոնին մէջ օրուան մը ընթացքին, երկար ժամեր տրամադրելով, վարեցին աշխատարաններ (workshop), ունեցան դասախօսութիւններ եւ անհատական կամաւորութեան ժամեր: Նշուած խոշոր ընկերային ձեռնարկատէրերը բոլորն ալ յաջողութեան հասած են շատ երիտասարդ տարիքին։ Օրինակ՝ հայազգի Ալեքսիս Օհանեան քսաներեք տարեկանին արդէն յաջողած էր ստեղծել եւ վաճառել Reddit-ը, իսկ այսօր ընդգրկուած է ցանցի կառավարման մէջ: Զանազան գիտաժողովներու ընթացքին այս անձերու ելոյթներէն յետոյ հազարաւոր մարդիկ սկսած են հաւատալ իրենց երազանքներուն ու մտածել կարեւոր քայլերու մասին, որոնք փոփոխութիւն կը բերեն:
Գիտնականները Հայաստանէն հեռացան այն յոյսով, որ ներշնչում ունցան հայ մասնագէտներու վրայ, եւ փոփոխուող աշխարհի այսօրուան իրականութեան մէջ Հայաստանը կրնայ կերտել իր նոր ճակատագիրը՝ երիտասարդ մասնագէտները քաջալերելով եւ պարգեւատրելով խիզախները:
Իսկ ճարտարագիտութիւնը թերեւս այն ասպարէզներէն է, ուր խիզախիլը մեծ կարեւորութիւն ունի։ Պէտք է յառաջ նետուիս եւ երբեք չես գիտեր, թէ ինչ բան կը սպասէ քեզի: Բայց եթէ ունիս կամք, գիտելիք եւ նորարար միտք, կեանքը փոխելու ձգտում, ապա անպայման միշտ կը գտնուին աջակիցներ եւ դուն կը յառաջանաս։ Այս միտքով համոզուած էին համաժողովի բոլոր մասնակիցները: Անոնք խոստացան պահել կապը իրենց ընկերութիւններու եւ հայաստանեան նորարար ընկերութիւններու հետ, մանաւանդ, երբ արձանագրեցին, որ Հայաստանի մէջ կայ բաւարար հետաքրքրութիւն եւ ներուժ՝ ժամանակակից թուային գործիքներու հանդէպ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ