ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴԻՄՈՒՄԻՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ կա­տա­րուած պաշ­տօ­նա­կան դի­մու­մին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ան­թի­լիաս կը պա­հան­ջէ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի եւ մայր տա­ճա­րի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բե­րու­մը։

«Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հայ յե­ղա­փո­խա­կան դաշ­նակ­ցու­թեան պիւ­րո­յի քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րով բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար Կի­րօ Մա­նո­յեան ե­րէկ մա­մու­լին յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ այս նիւ­թին շուրջ։ Ան զան­գուա­ծա­յին լրա-տըւու­թեան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ման­րա­մաս­նեց սոյն նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը։ Ըստ ի­րեն, դա­տա­կան այս դի­մու­մը չի վե­րա­բե­րիր Թուր­քիոյ մէջ գտնուող եւ ժա­մա­նա­կին հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­կա­նած բո­լոր կա­լուած­նե­րուն, այլ կը վե­րա­բե­րի միայն Սի­սի մէջ գտնուող կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին, վան­քին եւ Ս. Սօ­ֆիա մայր տա­ճա­րին։ Միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, Կի­րօ Մա­նո­յեա­նի խօս­քե­րէն յայտ­նի դար­ձած է, որ յա­ռա­ջի­կա­յին եւս նման հար­ցեր կրնան ներ­կա­յա­ցուիլ Թուր­քիոյ։ «100-րդ տա­րե­լի­ցի պե­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վը իր հա­մա­հայ­կա­կան հռչա­կագ­րին մէջ ար­դէն ը­սած էր, որ կը մշա­կուի հա­տուց­ման ի­րա­ւա­կան թղթած­րար ան­հա­տա­կան, հա­մայն­քա­յին եւ հա­մազ­գա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու հար­ցե­րով։ Այդ թղթած­րա­րի ամ­բող­ջաց­ման կամ մշակ­ման զար­գա­ցում­նե­րուն հի­ման վրայ կա­րե­լի է եզ­րա­կաց­նել, թէ ո՛վ, ի՛նչ դի­մում պի­տի ներ­կա­յաց­նէ եւ ո՛ւր», ը­սաւ Կի­րօ Մա­նո­յեան ու մէջ­բե­րեց Հա­յաս­տա­նի Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նի նա­խա­գահ Գա­գիկ Յա­րու­թիւ­նեա­նի կող­մէ յա­ռաջ քշուած ա­ռա­ջարկ մը։ Այս­պէս, Գա­գիկ Յա­րու­թիւ­նեան ա­ռա­ջար­կած էր, որ վե­րո­յի­շեալ յանձ­նա­ժո­ղո­վի հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ ստեղ­ծուի յա­տուկ գրա­սե­նեակ մը՝ հա­մա­կար­գե­լու հա­մար նշուած գոր­ծըն­թա­ցը։ «Ըն­դա­մէ­նը կ՚աշ­խա­տին, չհա­սած այն հանգ­րուա­նին, երբ բան մը պի­տի հրա­պա­րա­կուի։ Կը կար­ծեմ, մին­չեւ ա­շուն ո­րոշ բան մը պատ­րաստ կ՚ըլ­լայ, Սեպ­տեմ­բե­րին այդ թղթած­րա­րին վե­րա­բե­րեալ կը ներ­կա­յա­ցուի ո­րոշ զե­կոյց մը։ Սա այն հար­ցը չէ, որ մենք ը­սենք՝ թէ վեց ա­մի­սէն, մէկ տա­րիէն, եր­կու տա­րիէն ա­մէն ինչ պարզ պի­տի ըլ­լայ։ Պէտք է յստա­կե­ցուին ընդ­հա­նուր գի­ծե­րը. մնա­ցեա­լը ար­դէն աշ­խա­տանք է։ Ե­թէ ո­րո­շուի, օ­րի­նակ, որ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պատ­կա­նած կա­լուած­նե­րու հար­ցը պի­տի ար­ծար­ծուի, սա ար­դէն լրիւ ա­ռան­ձին ճա­նա­պարհ մըն է, պէտք է այդ ուղ­ղու­թեամբ ա­ւե­լի ման­րա­մասն աշ­խա­տանք տա­րուի», ը­սաւ Կի­րօ Մա­նո­յեան։

Հարկ է նշել, որ ի տար­բե­րու­թիւն Ան­թի­լիա­սէն եւ Ե­րու­սա­ղէ­մէն, ցարդ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծի­նը եր­բեք պաշ­տօ­նա­պէս օ­րա­կար­գի վրայ չէ բե­րած իր եր­բեմ­նի կա­լուած­նե­րու սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման վե­րա­բե­րեալ խնդիր մը։

Միւս կող­մէ, Ան­թի­լիա­սի դի­մու­մին կա­պակ­ցու­թեամբ ե­րէկ Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ ալ տե­ղի ու­նե­ցաւ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ …

Հինգշաբթի, Ապրիլ 30, 2015