ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ 2015-Ի ՈԳԵԿՈՉՈՒՄՆԵՐՈՒ ԾՐԱԳԻՐ
2015 թուականի մթնոլորտին մէջ ոգեկոչման արարողութիւնները կը շարունակուին աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ։ 100-րդ տարելիցին կապակցութեամբ յառաջիկայ օրերուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը՝ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած են ոգեկոչման արարողութիւններ։ Այս առթիւ Ուաշինկթըն պիտի մեկնին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգըս-եան, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։
Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն ու Ուաշինկթընի Թեմակալ Պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այքազեան յայտնեց, որ երեք օրուան ծրագիր մը պիտի գործադրուի հայոց նահատակներու ոգեկոչման համար։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Մայիսի 7-ին, Ուաշինկթընի Ազգային մայր տաճարին մէջ տեղի պիտի ունենայ միջեկեղեցական աղօթք մը։ Իսկ Մայիսի 9-ին, Անարատ Յղութեան ազգային սրբավայր-դամբարանին մէջ Ս. Պատարագ մը պիտի մատուցուի, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ Կիլիկեան Աթոռի գահակալին ներկայութեամբ։
Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեանն ալ տեղեկացուց, թէ Միացեալ Նահանգներու մէջ 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներու կազմակերպմամբ կը զբաղի յանձնաժողով մը, որ ստեղծուած է ամերիկահայ համայնքին, Հայ Եկեղեցւոյ եւ հայկական դեսպանատան կողմէ։ Տիգրան Սարգսեանի համոզմամբ, Մայիսի սկիզբին Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած ձեռնարկները կարեւոր դեր կ՚ունենան հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։ Դեսպանը շեշտեց, որ Մայիսի սկիզբին նախատեսուած ձեռնարկները բաւական բարձր մակարդակով պիտի իրականացուին։
Տիգրան Սարգսեանի խօսքերով՝ հայ եւ ամերիկացի քաղաքական գործընկերները համամիտ են, որ պէտք է բարձրանայ երկկողմանի յարաբերութիւններուն մա-կարդակը՝ քաղաքական եւ տնտեսական գետնի վրայ։