ԱՐԴԵՕՔ ՄՈՍԿՈՒԱ ՊԻՏԻ ՀՐԱԺԱՐԻ՞ ԷՍԱՏԷՆ

Սու­րիոյ տագ­նա­պին պա­տե­րազ­մա­կան վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րը կրնան ճա­նա­պարհ հար­թել քա­ղա­քա­կան նոր հանգրուա­նի մը: Վեր­ջին հանգ­րուա­նին սու­րիա­կան տագ­նա­պին հա­մար Մոս­կուա­յի մէջ կա­յա­ցած ժո­ղո­վը դրա­կան ար­դիւնք­նե­րու չյան­գե­ցաւ: Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ գոր­ծադ­րուող ճի­գե­րը ա­պար­դիւն պի­տի անց­նէին, ո­րով­հե­տեւ գետ­նի վրայ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող Սու­րիոյ ընդ­դի­մու­թեան չա­փա­ւո­րա­կան թե­ւե­րը չմաս­նակ­ցե­ցան այդ ժո­ղո­վին: Մո­սկուա լաւ գի­տէ, որ իր հրա­ւէ­րով հա­մա­ժո­ղո­վի մաս­նակ­ցող «ներ­քին ընդ­դի­մու­թիւ­ն» կո­չուած մար­մին­նե­րը ձե­ւա­կան բնոյթ ու­նե­ցող ընդ­դի­մու­թեան մաս­նիկն են: Բայց Մոս­կուա կը փոր­ձէ քա­ղա­քա­կան լուծ­ման հա­մար ո­րոշ մթնո­լորտ մը պատ­րաս­տել: Գետ­նի վրայ Է­սա­տի ու­ժե­րը անց­նող օ­րե­րուն հեր­թա­բար ծանր հա­րուած­ներ ստա­ցան: Այդ ա­ռու­մով կա­րե­ւոր էր Իտ­լիպ շրջա­նի ընդ­դի­մու­թեան ձեռ­քը անց­նի­լը, ո­րուն մա­սին նոյն Է­սա­տի մօ­տիկ աղ­բիւր­ներ յայտ­նե­ցին, որ այդ նա­հան­գէն բա­նա­կա­յին ու­ժե­րուն քա­շուի­լը սոսկ ռազ­մա­վա­րա­կան քայլ մըն էր: Բայց խոր­քին մէջ այդ­պէս չէ: Հե­ռա­ցու­մէն ետք եւս վար­չա­կար­գը շա­րու­նա­կեց ու կը շա­րու­նա­կէ ա­մէ­նօ­րեայ դրու­թեամբ ծանր ռմբա­կո­ծում­նե­րու են­թար­կել այդ շրջան­նե­րը: Ընդ­դի­մու­թիւ­նը գլխա­ւո­րու­թեամբ «Էլ Նըս­րա» ճա­կա­տին (Ժապ­հաթ Էլ Նըս­րա) կը շա­րուան­կէ իր յա­ռաջ­խա­ղաց­քը: Ա­նոր զի­նեալ­նե­րը գրա­ւե­լէ ետք «Ժըսր Էլ Շու­ղու­ր» շրջա­նը նաեւ ի­րենց տի­րա­պե­տու­թեան տակ ա­ռին Իտ­լի­պէն քիչ հե­ռու գտնուող «Էլ Քըր­մի­տ» ա­նու­նը կրող վար­չա­կար­գի զօ­րա­նո­ցը: Ա­նոնք նաեւ յա­ջո­ղե­ցան է­սա­տեան բա­նա­կի տաս­նեակ հրա­սայ­լեր ձեռք ան­ցը­նել: Ա­րա­բա­կան մա­մու­լը կա­րե­ւո­րու­թեամբ կը նշէ նաեւ, որ Է­սա­տի վար­չա­կար­գը իր իշ­խա­նա­բուր­գի կա­րե­ւո­րա­գոյն կէ­տե­րուն մէջ նոյն­պէս լուրջ տագ­նապ­ներ եւ փլու­զում­ներ կ՚ապ­րի: Այս խօս­քին վեր­ջին, բայց հա­ւա­նա­բար ոչ վերջ­նա­գոյն ա­պա­ցոյ­ցը վար­չա­կար­գի «քա­ղա­քա­կան անվ­տան­գու­թիւ­ն» կո­չուած մարմ­նի ղե­կա­վար զօ­րա­վար Րըս­թոմ Ղա­զա­լէիի իր պաշ­տօ­նէն հե­ռա­ցումն ու ա­պա մութ պայ­ման­նե­րու մէջ մահն էր: Ղա­զա­լէ, որ եր­կար տա­րի­ներ Սու­րիոյ իշ­խա­նու­թեան Լի­բա­նա­նի մօտ ո­րո­շում կա­յաց­նող գլխա­ւոր «կու­սա­կա­լ»ն էր լուրջ խնդիր­ներ ու­նե­ցած է իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ: Կը խօ­սուի նաեւ, որ ան նախ­քան իր մա­հա­նա­լը թու­նա­ւո­ր-ւած էր: Պէտք չէ մոռ­նալ, որ անվ­տան­գու­թեան մար­մին­նե­րու այլ կա­րե­ւոր անձ­նա­ւո­րու­թիւն մը՝ զօ­րա­վար Ղա­զի Քը­նաան եւս «անձ­նա­սպա­նու­թեան վար­կա­ծ­»ով հե­ռա­ցուած է քա­ղա­քա­կան խա­ղա­դաշ­տէն: Իսկ իշ­խա­նու­թեան կա­րե­ւոր խորհր­դա­նի­շը հա­մա­րուող նախ­կին փոխ-նա­խա­գահ Ֆա­րուք Էլ Շա­րէհ եւս լոյ­սե­րէ հե­ռու կը պա­հուի: Ա­նոր մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ընդ­հան­րա­պէս, հա­կա­ռակ ա­նոր, որ Ֆա­րուք Շա­րէհի ա­նու­նը որ­պէս Է­սա­տը փո­խա­րի­նող եւ եր­կի­րը տագ­նա­պէն դուրս հա­նող հա­ւա­նա­կան գոր­ծիչ, տար­բեր ա­ռիթ­նե­րով շրջա­նա­ռու­թեան մէջ դրուած է:

Ի՛նչ բան Է­սա­տը կը պա­հէ իշ­խա­նու­թեան վրայ: Եւ ի­րօք ո՛րն է այն ու­ժը, ո­րուն վրայ հիմ­նուե­լով Սու­րիոյ վար­չա­կար­գի ղե­կա­վա­րը կը շա­րու­նա­կէ մնալ իշ­խա­նու­թեան գլու­խը: Ան­ցեալ հան-գըրւան­նե­րուն, շատ կը խօ­սուէր Ի­րա­նի սու­րիա­կան խնդրին մէջ կա­րե­ւոր ազ­դե­ցու­թեան մա­սին, բայց այ­սօր ի­րա­վի­ճա­կը տար­բեր է: Ե­թէ գետ­նի վրայ Թեհ­րա­նէն, Ի­րա­քի տար­բեր շրջան­նե­րէն եւ Պէյ­րու­թէն Դա­մաս­կոս ու Հա­լէպ հա­սած զի­նեալ­նե­րը կը փոր­ձեն ա­մէն գնով պահ­պա­նել այս իշ­խա­նու­թիւ­նը, ա­պա բա­ցո­րոշ է, որ սու­րիա­կան տագ­նա­պի լուծ­ման թիւ մէկ բա­նա­լին կը գտնուի Մոս­կուա­յի եւ ան­մի­ջա­պէս Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլատ­միր Փու­թի­նի մօտ: Այս շրջա­­գծին մէջ կա­րե­ւոր փո­փո­խու­թիւն մը յա­ռաջ բե­րե­լու նպա­տա­կով Լի­բա­նա­նի նախ­կին վար­չա­պետ Սաատ Հա­րի­րի յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն պի­տի այ­ցե­լէ Մոս­կուա, ուր պի­տի տե­սակ­ցի Ռու­սաս­տա­նի նա­խա­գա­հին հետ: Սաատ Հա­րի­րի Ռիա­տի թիւ մէկ բա­նագ­նացն է ու ան Մոս­կուա պի­տի չայ­ցե­լէ միայն Լի­բա­նա­նի ա­պա­հո­վու­թեան մա­սին խօ­սե­լու հա­մար, այլ ա­նոր ու­նե­ցած հիմ­նա­կան օ­րա­կար­գը Սու­րիոյ տագ­նապն է: Սու­րիոյ տագ­նա­պը ե­րե­սի վրայ թո­ղած Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նա­խա­գա­հի իշ­խա­նա­խում­բը եւս գի­տէ, որ Դա­մաս­կո­սի ի­րա­վի­ճա­կը կրնայ կտրուկ (դրա­կան ի­մաս­տով) փո­փո­խու­թիւն կրել, ե­թէ Ռիատ եւ Մոս­կուա հա­մա­ձայ­նու­թեան մը յան­գին: Հա­րի­րիի Մոս­կուա այ­ցը կա­րե­ւոր է նաեւ, ո­րով­հե­տեւ ան պի­տի նա­խա­պատ­րաս­տէ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ Սալ­ման թա­գա­ւո­րին հա­ւա­նա­կան այ­ցը դէ­պի Մոս­կուա: Այս բո­լո­րէն ան­դին կա­րե­ւոր է, որ Մոս­կուա վստա­հի Ռիա­տին ու նաեւ հասկ­նայ, թէ ա­րա­բա­կան աշ­խար­հին մէջ ստեղ­ծուած քաո­սին նախ­նա­կան վերջ մը տա­լու հա­մար պէտք է ան­պայ­ման ս­իւն­նի մե­ծա­մաս­նու­թեան հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցիլ: Մոս­կուա այս ա­ռու­մով յար­գե­լի պատ­ճառ­ներ ու­նի, ո­րով­հե­տեւ անց­նող տա­րի­նե­րուն Ա­րեւ­մուտ­քի կա­տա­րած բո­լոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս՝ Ի­րա­քի եւ Լի­պիոյ մէջ, ե­ղան ա­ռանց իր «օրհ­նու­թեա­ն» կամ հա­մա­ձայ­նու­թեան: Այ­սօր ե­րե­ւե­լի է նաեւ, որ հա­կա­ռակ տնտե­սա­կան պա­տժա­մի­ջոց­նե­րուն, Փու­թի­նի Ռու­սաս­տա­նը նոր նե­րու­ժով պի­տի մաս­նակ­ցի շրջա­նին մէջ հա­սուն­ցող լու­ծում­նե­րու կերտ­ման:

Վե­րա­դառ­նա­լով սու­րիա­կան տագ­նա­պին՝ նկա­տե­լի է նաեւ, որ ՄԱԿ-ը եւս ո­րոշ աշ­խու­ժու­թիւն ցոյց կու տայ «Ժը­նեւ-3» մը կա­յաց­նե­լու հա­մար: ՄԱԿ-ի հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ կա­յա­ցած նախ­կին եր­կու ժո­ղով­նե­րը ե­րե­ւե­լի ար­դիւնք­նե­րու չհա­սան: Այս ա­ռու­մով Սթե­ֆան Տէ Միս­թու­րա հրա­ւէր ուղ­ղած է Դա­մաս­կո­սին՝ մաս­նակ­ցե­լու Ժը­նե­ւի ժո­ղո­վին, ո­րուն ներ­կայ պի­տի ըլ­լան նաեւ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­ցող ու­ժե­րը։ Այս բո­լո­րը սա­կայն ձե­ւա­կան կրնան ըլ­լալ այն­քան ա­տեն, երբ Ռիատ եւ Մոս­կուա վճռա­կան ծրա­գիր մը չու­նին տագ­նա­պին լուծ­ման հա­մար: Այս ա­ռու­մով նաեւ կը հա­ղոր­դուի, որ Տէ Միս­թու­րա կա­րե­ւոր ճի­գեր գոր­ծադ­րե­լով Հա­լէ­պի մէջ հա­կա­մար­տող կող­մե­րուն մի­ջեւ նախ­նա­կան մէկ տա­րուան հրա­դա­դա­րի վե­րա­բե­րեալ պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն ձեռք ձգած է: Սա­կայն Տէ Միս­թու­րա­յի ծրա­գի­րը խա­խուտ է, տրուած ըլ­լա­լով, որ ա­նուա­նի դի­ւա­նա­գէ­տը Հա­լէ­պի հա­մար նման ծրա­գիր մը մէջ­տեղ նե­տած էր ու չէր կրցած կրա­կը դադ­րեց­նել: Սու­րիոյ տագ­նա­պին հա­մար վճռո­րոշ դեր կա­տա­րո­ղը պա­տե­րազ­մա­կան զար­գա­ցում­ներն են ու ե­թէ Դա­մաս­կոս նախ­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն տուած է մաս­նակ­ցիլ յա­ռա­ջի­կայ Մա­յի­սին նա­խա­տե­սուած «Ժը­նեւ-3»ին՝ այս կը նը-շա­նա­կէ, որ վար­չա­կար­գը ընդ­դի­մու­թեան ար­ձա­նագ­րած ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րուն կտրուկ եւ ա­րագ պա­տաս­խան մը տա­լու ի վի­ճա­կի չէ: Այս բո­լո­րէն ան­դին մե­զի՝ հա­յե­րուս հա­մար մտա­հո­գիչ ու կի­զա­կէտ կը մնայ Հա­լէ­պի ի­րա­վի­ճա­կը: Հոն տի­րող ի­րա­վի­ճա­կը բա­ւա­կան բարդ է ու կը թուի ան­դար­մա­նե­լի ըլ­լալ: Քա­ղա­քը դժո­խա­յին վի­ճակ մը ու­նի: Ջու­րի, ա­մէ­նօ­րեայ հա­ցի, ե­լեկտ­րա­կա­նու­թեան տագ­նապ­նե­րը Հա­լէ­պը վե­րա­ծած են կեան­քի նախ­նա­կան պայ­ման­ներ չու­նե­ցող կա­յա­նի մը: Ու բա­ցի աս­կէ, Հա­լէ­պի ազ­գա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ի­րենց «գա­ղու­թը ա­մէն գնո­վ» պա­հե­լու ի­րենց սառն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Ա­նոնք ա­ռիթ չեն փախ-ցներ ը­սե­լու, որ ա­մէն գնով պի­տի պա­հեն ա­ւե­րա­կուած Հա­լէ­պը: Ու­շադ­րու­թիւնս կը գրա­ւէր հա­լէ­պա­հայ կնոջ մը վկա­յու­թիւ­նը վեր­ջին օ­րե­րու զար­գա­ցում­նե­րուն մա­սին: Հրա­նոյշ Ա­ռա­քե­լեան, որ հե­ռա­խօ­սա­յին կապ հաս­տա­տած էր «Ա­զա­տու­թիւ­ն» ռա­տիօ­կա­յա­նի լրագ­րող Նա­յի­րա Պուլ­ղա­տա­րեա­նին հետ, ընդ­հա­նուր ի­րա­վի­ճա­կը ներ­կա­յաց­նե­լէ ետք, բա­ռա­ցիօ­րէն կ­­՚ը­սէր, թէ ար­դէն ան­զօր է դի­մադ­րու­թեան: Ա­նոր տու­նը քան­դուած է, ու ան ներ­կա­յիս կ՚ապ­րի իր հա­րե­ւա­նին տու­նը: Հրա­նոյշ Ա­ռա­քե­լեան, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան քա­ղա­քա­ցի է, նիւ­թա­կան կա­րո­ղու­թիւն չու­նի Հա­յաս­տան ա­պաս­տա­նե­լու հա­մար եւ օ­ժան­դա­կու­թիւն կը խնդրէ հայ­րե­նի կա­ռա­վա­րու­թե­նէն: «Ա­զա­տու­թիւ­ն» ռա­տիօ­կա­յա­նի լրագ­րո­ղը նաեւ նկա­տել կու տար, որ Հա­յաս­տան ո­րե­ւէ քայլ առ­նե­լու ի վի­ճա­կի չէ այն­քան ա­տեն, երբ Հա­լէ­պի ներ­կայ ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը բա­ցա­յայտ կեր­պով քա­ղա­քը պար­պե­լու կո­չով հան­դէս չի գար: Այս­տեղ կա­րե­ւոր է նաեւ Ան­թի­լիա­սի դե­րը: Ու այս ա­ռու­մով ո­րե­ւէ ու­շա­ցում կրնայ վնաս պատ­ճա­ռել մե­զի:

 Վե­րա­դառ­նա­լով սու­րիա­կան տագ­նա­պի հա­ւա­նա­կան զար­գա­ցում­նե­րուն՝ ինչ­պէս վե­րե­ւ ն­շե­ցի, շատ կա­րե­ւոր ու ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին կրնան ըլ­լալ Մոս­կուա­յի մէջ կա­տա­րուած խմո­րում­նե­րը: Այն ի­մաս­տով, որ ե­թէ ընդ­դի­մու­թիւ­նը յա­ջո­ղի նոյն թա­փով շա­րու­նա­կել իր յա­ռա­ջըն­թա­ցը, ա­պա Մոս­կուա կրնայ հա­ւա­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թիւն գո­յաց­նել Ռիա­տի հետ եւ ընդ­դի­մու­թեան թիւ մէկ պա­հան­ջին ան­սա­լով հրա­ժա­րիլ Է­սա­տին ցու­ցա­բե­րուած իր նե­ցու­կէն, պայ­մա­նով, որ Պե­շար Է­սատ իր ըն­տա­նի­քին հետ ա­պա­հով կեր­պով դուրս բե­րուի Դա­մաս­կո­սի «Քասր Էլ Մու­հա­ժի­րի­ն­»էն: Սա­կայն ե­թէ պա­տե­րազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը տե­ղա­շարժ մը չկա­րո­ղա­նան ի­րա­կանց­նել, ա­ւե­լի՛ն, ե­թէ վար­չա­կար­գը յա­ջո­ղի հա­կա­հա­րուած մը տալ, այդ պա­րա­գա­յին բո­լոր խա­ղա­քար­տե­րը կը վե­րա­դառ­նան ի­րենց տէ­րե­րուն ու նախ­կին ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւ­նը «օ­րի­նա­չա­փ» կեր­պով կը շա­րու­նա­կուի:

Սու­րիոյ տագ­նա­պին ամ­բողջ ժա­մա­նա­կագ­րու­թեան մէջ կա­րե­ւոր հանգ­րուա­նի մը առ­ջեւ ենք: Տրուած ըլ­լա­լով նաեւ շրջա­նին մէջ սիւն­նի­նե­րուն կա­րե­ւոր դե­րին վե­րա­դար­ձը, որ ե­րե­ւաց Եէ­մէ­նի շիի-հաու­սի­նե­րուն դէմ ի­րա­կա­նա­ցուած հա­րուա­ծով: Եէ­մէ­նի մէջ կա­տա­րուած գոր­ծո­ղու­թիւ­նը կրնայ անս­պա­սե­լիօ­րէն ուղ­ղու­թիւն ստա­նալ դէ­պի Դա­մաս­կոս ու Հա­լէպ, ո­րով­հե­տեւ Ա­րեւ­մուտ­քը հա­մա­միտ է ա­րա­բա­կան նոր գո­յա­ցած դա­շին­քի հզօ­րաց­ման: Գե­տի­նը պատ­րաստ է նաեւ, Ի­րա­նի հա­մար, այն ի­մաս­տով, որ կո­րի­զա­յին ծրագ­րի հա­ւա­նա­կան հա­մա­ձայ­նու­թեան պա­րա­գա­յին շատ հա­ւա­նա­կան է, որ Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ստի­պէ Ռու­հա­նիի (ոչ Խա­մա­նէ­յի) Ի­րա­նին, որ հե­ռու մնայ Է­սա­տը պաշտ­պա­նե­լու իր նախ­կին բա­ւա­կան վճռրո­րոշ դե­րէն: Ի­րա­նի հա­մար կա­րե­ւո­րը հի­մա Է­սա­տի փրկու­թիւ­նը չէ, այլ իր դէմ առ­կայ պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րուն վե­րա­ցու­մը:

Ա­մե­նէն ծանր վար­կա­ծը ա­րա­բա­կան հա­ւա­նա­կան հա­րուա­ծին կա­յա­ցումն է, որ հիմ­նա­պէս կրնայ ա­ւե­րա­կի վե­րա­ծել Հա­լէպն ու Դա­մաս­կո­սը, ո­րոնք ար­դէն շնչաս­պառ քա­ղաք­ներ են այ­սօր: Ու այս ֆո­նին վրայ կրնայ ող­բեր­գա­կան դառ­նալ հայ­ե­րուն վի­ճա­կը:

Կը մնայ հար­ցու­մը, ար­դեօք Մոս­կուա պի­տի փո­խէ՞ իր կարծր դիր­քո­րո­շու­մը սու­րիա­կան տագ­նա­պին ա­ռըն­թեր եւ յա­նուն նոր հա­մա­ձայ­նու­թեան հրա­ժա­րիլ Պե­շար Է­սա­տէն:

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

 

Ուրբաթ, Մայիս 1, 2015