Ուղեղի եւ կամքի աւազան
Որպէս Պոլսոյ Աթոռի նոր՝ 85-րդ գահակալը՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը կը ջանայ աստիճանաբար իր տեսլականին համահունչ հունի մը մէջ դնել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը։ Սա նոր շրջան մըն է՝ բնորոշեալ նոր յոյսերով, նոր սպասումներով, նոր մարտահրաւէրներով ու նոր առաջնահերթութիւններով։ Նորին Ամենապատուութիւնը այդ բոլորին նկատմամբ ուրոյն մօտեցումները սկսած է բանաձեւել սեփական ձեռագրով։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն հետ։ Լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ ան մատուցեց կարեւոր բանալիներ՝ յառաջիկայ շրջանին վերաբերեալ ընկալումներուն եւ գործելաոճի նախապատուութիւններուն մասին։ Զգալի էր, որ Նորին Ամենապատուութիւնը ծանր վարչական բեռը տանելի դարձնելու համար կը ջանայ միացնել իր մտաւորական պատրաստութիւնն ու դիտարկումները։ Մամլոյ սպասաւորներուն հետ զրուցելու ատեն ան յաճախ շեշտը դրաւ գործնականութեան վրայ։
Նորին Ամենապատուութիւնը երէկ ամբողջ յետմիջօրէ մը տրամադրեց համայնքային մամուլին։ Ճաշը եւ յաջորդած ծաւալուն զրոյցը տեւեցին շուրջ չորս ժամ։ Սա իր աշխատանքային օրուան կէսն էր գրեթէ։ Համայնքի առկայ հրատապ բոլոր հարցերը, իրականութեան մէջ, ունին որոշ վաղեմութիւն մը։ Ուստի խնդիրներուն անդրադարձ կատարուեցաւ այդ ամբողջին մէջ, պատճառահետեւանքային հանգամանքներով։ Խօսք բացուեցաւ նաեւ այդ նշանաւոր «աւազան»ի հարցին շուրջ։ Այսինքն, համայնքի նիւթական միջոցները կեդրոնացնելով «աւազան» մը ստեղծելու եւ այդ աղբիւրէն կարիքները դիմագրաւելու որոնումները միշտ օրակարգի վրայ են։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս կէտին վրայ ըրաւ խորհրդածութիւններ, որոնք իր մտայնութեան տեսակէտէ կը համարուին շատ յատկանշական։
«Մենք ընդհանուր կազմակերպութեան մը կարիքը կը զգանք։ Այդ աւազանի գործին պէտք չէ սկսինք պիւտճէով։ Մենք պէտք ունինք ուղեղի, կամքի եւ վարչականութեան աւազանի մը»։
Իր խօսքերն են այս մէջբերուածները։ Պատրիարքական Աթոռին վրայ բազմած նոր գահակալը առաքելութեան ճանապարհին տրամադ-րըւած է նման մօտեցումներով։ Եռանդ կայ իր հայեացքին մէջ, կը խօսի ինքնավստահ, կը հաւատայ թէ՛ սեփական ուժերուն եւ թէ համայնքին։ «Լաւատես սկսիլ կ՚ուզեմ։ Նպատակը բարի է», կ՚ըսէ ան։
Այդ բոլոր բարի նպատակներուն հասնելու ճանապարհին անսահման յաջողութիւն կը մաղթենք Սահակ Պատրիարքին։ Իր յաջողութիւնը կը պայմանաւորէ թրքահայութեան նոր նուաճումները դէպի ապագայ։