ՈԳԵՇՆՉՈՂ ՕՐԻՆԱԿՆԵՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վերջին օրերուն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցաւ՝ զանազան ոլորտներէ ներս յաջողութիւններ արձանագրած խումբ մը երիտասարդներու հետ։ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման (ՀԵՀԵՄ) կեդրոնական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր այս հանդիպումը, Ս. Սարգիսի տօնին առթիւ։ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի, մարմնամարզի եւ այլ շարք մը բնագաւառներէ ներս յաջողութիւններ արձանագրած, մրցանակներ նուաճած, Հայաստանի հասարակական կեանքէն ներս եւ սահմաններու պաշտպանութեան ուղղութեամբ զգալի ներդրում բերած 120 երիտասարդներ մէկտեղուեցան Վեհափառ Հայրապետին հետ։

ՀԵՀԵՄ-ի հոգեւոր տեսուչ եւ կեդրոնական գրասենեակի տնօրէն Տ. Թովմա Վրդ. Խաչատրեան հանդիպման սկիզբին Նորին Սրբութեան ներկայացուց մասնակից երիտասարդները՝ նշելով, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր դրուատալի ներդրումը ունի ազգային եւ եկեղեցական կեանքէ ներս։

Վեհափառ Հայրապետը պատգամին մէջ ընդգծեց, որ նման երիտասարդներու դերակատարութիւնը մեծ է հայրենիքի շէնացման ու հզօրացման, Հայ Եկեղեցւոյ պայծառացման եւ հայ ժողովուրդի բարօր կեանքի կերտման ուղղութեամբ։ Ան յոյս յայտնեց, թէ անոնց այսօրուան ձեռքբերումները պիտի նպաստեն աւելի մեծ յաջողութիւններ արձանագրելու ո՛չ միայն իրենց, այլ նաեւ՝ հայրենիքի եւ ազգի հեղինակութեան բարձրացման համար եւ ոգեշնչող օրինակ պիտի ըլլան մատաղ սերունդի կեանքէն ներս։

Աւելի վերջ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց Եկեղեցւոյ դերը ազգի զարգացման եւ պահպանման գործին մէջ՝ յորդորելով երիտասարդները մասնակցիլ Հայ Եկեղեցւոյ հովանաւորութեան ներքեւ գործող երիտասարդական միութիւններու գործունէութեան, ներդրում ունենալ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման գործին մէջ եւ մշտապէս քալել դէպի Աստուած ճանապարհով։ Արդարեւ, այդ ընթացքը հոգեւոր մխիթարութիւն կը պարգեւէ, կ՚օգնէ սեփական ինքնութիւնը բացայայտելու, հաղորդ դառնալու հոգեւոր արժէքներուն եւ հարուստ սրբազան ժառանգութեան։ Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ եկեղեցական կեանքի ներգրաւուածութեան օգտակարութեան վրայ, նաեւ անդրադարձաւ Եկեղեցւոյ սպասումներուն երիտասարդներէն՝ մասնաւորապէս հայրենիքին եւ ազգին մատուցուած ծառայութիւններու ծիրին մէջ։

«Գարեգին Ա.» կեդրոնի յարկէն ներս կազմակերպուած հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պատասխանեց նաեւ երիտասարդներու զանազան հարցումներուն։ Այս ամբողջին մէջ ան խօսեցաւ երիտասարդ-հոգեւորական կապի ամրապնդման, եկեղեցական կեանքի եւ երիտասարդական միութիւններու, սփիւռքէ ներս հայապահպանութեան խնդիրներու, Հայաստանի դպրոցներէ ներս «Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի դասաւանդման, պատմական սրբավայրերու պահպանութեան եւ հոգեւոր կեանքի զարգացման մարտահրաւէրներու վերաբերեալ։

Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց երիտասարդներուն շաղախել իրենց կեանքը աստուածսիրութեամբ, ապրիլ ու արարել սիրով, հայրենիքի հանդէպ հաւատարմութեամբ եւ եկեղեցանուիրումով։   

Հինգշաբթի, Փետրուար 13, 2020