ԽԱՉՔԱՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐՈՑ

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ո­րո­շած է բե­րել իր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը, որ­պէս­զի երկ­րէն ներս ստեղծուի խաչ­քա­րա­գոր­ծու­թեան դպրոց մը։ Այս ծրագ­րին կա­պակ­ցու­թեամբ նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի խաչ­քա­րա­գործ Ռու­բէն Նալ­պան­տեա­նի հետ, որ նա­խա­ձեռ­նած է նման դպրո­ցի մը ստեղծ­ման։

«Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան ընդգ­ծեց, թէ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան եր­կար աշ­խա­տանք կը պա­հան­ջեն խաչ­քա­րե­րը, ո­րոնք աշ­խար­հի զա­նա­զան ան­կիւն­նե­րուն մէջ հաս­տա­տուե­լով կը վե­րա­հաս­տա­տեն նաեւ հայ ինք­նու­թիւ­նը։ Պօ­ղո­սեա­նի խօս­քով, վար­պետ Ռու­բէն Նալ­պան­տեան կ՚ապ­րի «ինք­նաս­տեղծ» պե­տու­թեան մը մէջ եւ իր շուրջ ձե­ւա­ւո­րած է մի­ջա­վայր մը, ուր նե­րառ­նուած են թէ՛ իր ըն­տա­նի­քը եւ թէ իր շրջա­պա­տը, ո­րոնք կը զբա­ղին խաչ­քա­րա­գոր­ծու­թեամբ։ «Եւ այս բո­լո­րը կը կա­տա­րուին շատ ի­մաս­տա­ւո­րուած՝ կրե­լով ի­րենց մէջ խաչ­քա­րի խոր­հուր­դը եւ ա­ռաջ­նոր­դուե­լով այդ հան­գա­ման­քով՝ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուի հսկա­յա­կան եւ դժուա­րին աշ­խա­տանք մը», ը­սաւ նա­խա­րա­րը։

Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան Ար­մա­ւի­րի մար­զը այ­ցե­լե­լու ժա­մա­նակ Ռու­բէն Նալ­պան­տեա­նը պար­գե­ւատ­րեց իր նա­խա­րա­րու­թեան «Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցի» յու­շա­մե­տայ­լով։ Եր­կա­րա­մեայ ար­դիւ­նա­ւէտ գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լե­լով հա­զար խաչ­քա­րե­րու հե­ղի­նակ դար­ձած Ռու­բէն Նալ­պան­տեան կը նպաս­տէ նաեւ մար­զի մշա­կու­թա­յին կեան­քի զար­գաց­ման։ «Վար­պետ Ռու­բէ­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած դպրոց ստեղ­ծե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ես շատ կը կա­րե­ւո­րեմ, ո­րով­հե­տեւ այս­տեղ ե­րա­խա­նե­րը ա­ռա­ջին հեր­թին պէտք է սոր­վին նկա­րել, պէտք է ծա­նօ­թա­նան հայ­կա­կան զար­դա­նախ­շե­րու ա­րուես­տին եւ ան­կէ վերջ ա­նոնք պի­տի կա­րե­նան ի­րա­կա­նաց­նել ար­դէն գործ­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը», ը­սաւ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան։

Միւս կող­մէ, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ո­րո­շած է նաեւ թուայ­նաց­նել Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի տուն-թան­գա­րա­նէն ներս ի պահ դրուած նիւ­թե­րը։ Հարկ է նշել, որ այդ թան­գա­րա­նը կը գոր­ծէ նա­խա­րա­րու­թեան են­թա­կա­յու­թեան ներ­քեւ եւ հա­մա­պա­տաս­խան ո­րոշ­ման նա­խա­գի­ծը կա­ռա­վա­րու­թեան ներ­կա­յա­ցուած է որ­պէս անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն։

Շաբաթ, Մայիս 2, 2015