ԻՐԱՆ. ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ «ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴ»ԷՆ ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ «ԴԱՇՆԱԿԻՑ»

Ի­րա­նի մէջ Իս­լա­մա­կան յե­ղա­փո­խու­թեան յաղ­թա­նա­կէն ի վեր (1979) Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն թի­րախ եւ «թշնա­մի» դար­ձաւ շիի աշ­խար­հի ա­ռա­ջա­տա­րը հա­մա­րուող՝ Ի­րա­ն: Եւ հա­կա­ռակ ծանր ճա­նա­պար­հի մը (Ի­րան-Ի­րաք պա­տե­րազմ եւ ա­պա տնտե­սա­կան եր­կա­րա­տեւ պատ­ժա­մի­ջոց­ներ) Ի­րան յա­ջո­ղե­ցաւ շրջա­նա­յին ազ­դե­ցիկ տէ­րու­թիւն դառ­նալ: Ի­րա­նեան մօ­տե­ցու­մին մէջ ա­մե­նէն հիմ­նա­րա­ր գի­ծը մնա­յուն ծրա­գիր մը ու­նե­նալն էր, բան մը, ո­րուն կա­րիքն ու­նին շրջա­նի ա­րաբ-սիւն­նի տէ­րու­թիւն­նե­րը: Այ­սօր Ի­րան կը գտնուի նոր հանգ­րուա­նի մը դի­մաց: Այն ի­մաս­տով, որ ի­րան­ցի­նե­րը պատ­րաստ են ամ­բող­ջա­կան զի­ջում­նե­րու եր­թա­լ, միայն թէ յա­ռա­ջի­կայ Յու­նի­սին յա­ջո­ղին ստո­րագ­րել Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հետ կո­րի­զա­յին հա­մա­ձայ­նա­գի­րը եւ փա­կեն ե­րե­սուն­վեց տա­րի­նե­րու «թշնա­մու­թիւն»ը ո՛չ միայն ա­մե­րի­կա­յի, այլ նաեւ Ա­րեւ­մուտ­քի հետ: Այս ի­րա­վի­ճա­կով՝ ա­մե­րի­կեան իշ­խա­նա­խում­բին դի­մաց ժա­մա­նա­կի լուրջ հարց կայ: Նա­խա­գահ Օ­պա­մա, որ քա­նիցս կա­րե­ւո­րուած է Ի­րա­նի հետ հա­մա­ձայ­նու­թեան կա­յա­ցու­մը, այս քայ­լով պի­տի փոր­ձէ իր սխալ­նե­րուն վրայ շղարշ մը նե­տել: Միւս կող­մէ նա­խա­գա­հա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն պատ­րաս­տուող հան­րա­պե­տա­կան­նե­րուն հա­մար տա­նե­լի չէ Ի­րա­նի հետ հա­մա­ձայ­նու­թեան այս ձե­ւա­չա­փը: Ա­մե­րի­կա­ցի վեր­լու­ծա­բան­ներ, ո­րոնք շատ հա­ւա­նա­կան կը նկա­տեն հա­մա­ձայ­նու­թեան ստո­րագ­րու­մը, նաեւ հարց կ՚ուղ­ղեն, թէ ին­չո՞ւ Օ­պա­մա այս պայ­ման­նե­րով պի­տի ստո­րագ­րէ Ի­րա­նի «փրկու­թեան» վա­ւե­րա­թուղ­թին վրայ: Ի­րան-ա­մե­րի­կեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կա­յու­նա­ցու­մէն ա­մե­նէն ա­ւե­լի ան­հան­գիստ են Ա­րա­բա­կան ծո­ցի սիւն­նի եր­կիր­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ: Սիւն­նի տէ­րու­թեանց մօտ հասկ­նա­լի ան­հան-գըս­տու­թիւն մը կայ այն ի­մաս­տով, որ Ի­րան ա­մէն գնով «կայս­րու­թիւն» մը ըլ­լա­լու տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով կը մօ­տե­նայ հար­ցե­րուն: Ի­րան­ցի դիւա­նա­գէտ­ներ քա­նիցս կը խօ­սին ի­րենց «կայս­րու­թեան» մա­սին ու մեծ հա­մար­ձա­կու­թեամբ կը յայ­տա­րա­րեն, որ Ի­րա­նի սահ­ման­նե­րը կ­՚եր­կա­րին մին­չեւ Լի­բա­նա­նի հա­րա­ւը: Բնա­կան է, որ այս բո­լո­րը հաշտ աչ­քե­րով պի­տի չըն­դու­նուին ա­րաբ­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնց հա­մար շիի ի­րան­ցի­նե­րուն ի­րենց ներ­քին խո­հա­նո­ցը մտնե­լու փոր­ձե­րը ո՛չ միայն դա­տա­պար­տե­լի, այլ՝ տա­նե­լի չեն: Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա օ­րի­նակ Եէ­մէ­նի մէջ կա­տա­րուած զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թեամբ նոր հար­թու­թեան կը տա­նէր հա­մա­սիւն­նիա­կան ներ­կա­յու­թիւ­նը: Այդ պայ­քա­րին մէջ կը նե­րառ­նուէր նաեւ Ե­գիպ­տո­սի ու­ժեղ զի­նուո­րա­կա­նին՝ Նա­խա­գահ Սի­սիի ամ­բող­ջա­կան կա­րո­ղու­թիւ­նը: Միւս կող­մէ, Ի­րա­նի հա­մար եէ­մէ­նեան դաշ­տին կո­րուս­տը թէեւ անս­պա­սե­լի հա­րուած մըն էր, սա­կայն հա­կա­ռակ ա­սոր Ի­րան շա­րու­նա­կեց նոյն ինք­նավս­տա­հու­թեամբ հան­դէս գալ: Եէ­մէ­նէն ա­ւե­լի կա­րե­ւոր են Սու­րիան, Լի­բա­նա­նը բայց մա­նա­ւանդ Ի­րա­քը, ո­րուն կա­յու­նու­թեան թիւ մէկ ե­րաշ­խա­ւո­րը նոյ­նինքն Թեհ­րանն է: Ու­րեմն հի­մա ինչ… Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ, որ քաջ գի­տէ այս բո­լո­րը, նժա­րի բո­լոր քա­րե­րուն կշիռ­նե­րը լաւ հա­շուար­կե­լու խնդիր ու­նի: Կորսց­նե՞լ Ա­րա­բա­կան ծո­ցը: Վշտաց­նե՞լ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ նոր գահ բարձ­րա­ցած Սըլ­ման թա­գա­ւո­րը: Գրաւ դնե՞լ ար­դիա­կան շունչ առ­նե­լու ուժ ու­նե­ցող Թեհ­րա­նի վրայ: Այս բո­լո­րէն ան­դին կայ իս­րա­յէ­լեան խնդի­րը, որ սա­կայն կար­ծէք մէկ կողմ դրուե­ցաւ շնոր­հիւ Օ­պա­մա­յի սառն ու խե­լա­ցի վե­րա­բեր­մուն­քին: Սիւն­նի-շիի հին հա­կա­մար­տու­թեան ծանր բե­ռը ան­հանգըս-տու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թեան: Ու այս ի­մաս­տով պէտք չէ մոռ­նալ նաեւ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի Ա­րա­բա­կան ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն ուղ­ղած այն խօս­քը, ո­րու ըն­թաց­քին իս­լամ ար­մատ­ներ ու­նե­ցող Պա­րաք Հիւ­սէ­յին Օ­պա­մա վրդո­վե­լով հա­մաիս­լա­մա­կան վէ­ճէն, թե­րեւս յան­դի­մա­նա­կան ո­ճով մը, Ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն կոչ կ՚ուղ­ղէր. «Պա­րո­նայք նա­խե­ւա­ռաջ ձեր ներ­քին հար­ցե­րը լու­ծե­ցէ՛ք»: Օ­պա­մա կը խօ­սէր ծայ­րա­յե­ղա­կան սիւն­նի­նե­րուն, ո­րոնց հան­գիստ վար­քին ա­ռըն­թեր ծայ­րա­յեղ մօ­տե­ցում­նե­րով ե­րի­տա­սարդ­նե­րը լուրջ հարց դար­ձած են այ­սօր Ալ Ան­պա­րէն մին­չեւ Դա­մաս­կո­սի գիւ­ղա­կան հա­տուած­նե­րը: Օ­պա­մա­յի հա­մար Սու­րիան ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն չէ այ­լեւս: Ո՛չ ալ «Իրաք-Շամի իսլամա-կան պետութիւն»ի դէմ պայ­քա­րը ա­-ռա­ջուան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ու­նի: Ան ա­մէն գնով կ­­՚ու­զէ հա­ւա­տալ Ի­րա­նի ու­նե­նա­լիք դե­րին: Կ՚ու­զէ դե­րե­րը շրջել եւ Թեհ­րա­նէն կեր­տել նոր վստա­հե­լի դաշ­նա­կից մը ամ­բողջ շրջա­նին հա­մար: Այս կա­ցու­թիւ­նը կրնայ բարդ հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­նալ: Չմոռ­նանք նաեւ Թուր­քիոյ դե­րը այս­տեղ: Չմոռ­նանք մա­նա­ւանդ Ռիա­տի դե­րը, ո­րուն հան­դէպ ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը ա­նա­ռար­կե­լի ու անքն­նե­լի վստա­հու­թիւն ու­նին: Ցնցում­ներ սպա­սե­լի են: Բայց մէկ բան յստակ է, որ շրջա­նին մէջ ընդ­հա­նուր վե­րա­դա­սա­ւո­րում­նե­րու նոր հանգ­րուան մը մեր առ­ջեւն է: Կա­րե­ւոր է նաեւ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ­նե­րուն Ծո­ցի եր­կիր­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու Քեմբ Տէյ­վիտ տա­լիք այ­ցե­լու­թիւ­նը, ուր Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը կրնայ «ծանր ու թե­թեւ» ը­նե­լով վերջ­նա­կա­նա­պէս դուրս գալ այս ա­ղօտ վի­ճա­կէն: Բնա­կա­նա­բար ա­րաբ­նե­րը եւս կը պատ­րաս­տուին Ի­րա­նի հետ հա­մա­ձա­յնու­թեան նոր հանգ­րուա­նին: Այս ա­ռու­մով կա­րե­ւոր է լաւ կար­դալ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիոյ մէջ կա­տա­րուած իշ­խա­նա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց ար­դիւն­քին ա­ռանց ո­րե­ւէ նա­խազ­գու­շա­ցու­մի կամ մթնո­լոր­տի հա­սու­նու­թեան Սըլ­ման թա­գա­ւոր Մուհամ­մէտ Պին Նա­յէ­ֆը գա­հա­ժա­ռանգ կը դարձ­նէր, իսկ նախ­կին գա­հա­կա­ժա­ռանգ Մըկ­րէն Պին Ապ­տիւլ Ա­զիզ իշ­խա­նին «քա­ղա­քա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն»ը կը հա­մա­րուէր փա­կուած: Կը փո­խուէր նաեւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը: Դէ­տեր կը յայտ­նեն, որ Սէու­տա­կան Ա­րա­բիա ա­ւե­լի նա­խա­ձեռ­նող, քաջ եւ հա­մար­ձակ ղե­կա­վա­րու­թիւն մը ու­նի այ­սօր եւ Ռիա­տի հա­մար եէ­մէ­նեան թղթած­րա­րի փա­կու­մէն ետք յա­ռա­ջի­կայ քայ­լը սու­րիա­կան «վճռա­կա­մու­թեան փո­թո­րիկ»ի մը սկսիլն է:

Ա­մե­րի­կեան գետ­նի վրայ Ի­րան-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ հա­ւա­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նա­ցու­մը շատ մը ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րու սրտով չէ, ո­րով­հե­տեւ հա­կա­ռակ այս հա­մա­ձայ­նու­թեան, Ի­րան պի­տի շա­րու­նա­կէ իր ծա­ւա­լա­պաշ­տա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը եւ ա­ճեց­նէ իր ազ­դե­ցու­թեան գօ­տի­նե­րը:

Իսկ Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մուհամ­մէտ Ճե­ւատ Զա­րի­ֆի օ­րեր ա­ռաջ Նիւ Եոր­քի հա­մալ­սա­րա­ննե­րէն մէ­կուն մէջ իր ու­նե­ցած ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին ա­մէն ճիգ ի գործ կը դնէ ա­մե­րի­կա­ցի լսա­րա­նը հա­մո­զե­լու հա­մար, թէ ի­րենք ծայ­րա­յե­ղա­կան­ներ չեն, այլ վստա­հե­լի դաշ­նա­կից­ներ: «Դաշ­նա­կից ենք Ի­րա­քի մէջ: Դաշ­նա­կից ենք «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն»ի դէմ ըն­թա­ցող պա­տե­րազ­մին մէջ», այս­պէս կը յայ­տա­րա­րէր Զա­րիֆ, ո­րուն քա­ղա­քա­կան հա­յեացք­նե­րուն, կուռ կե­ցուածք­նե­րուն եւ լր­­ջա­խո­հու­թեան դի­մաց ա­մե­րի­կեան քա­ղա­քա­կան վեր­նա­խա­ւը պահ մը կե­ցաւ ու մտա­ծեց: Քիչ չեն նաեւ այն ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը, ո­րոնք կը հա­ւա­տան այս նոր յա­րա­բե­րու­թեան: Ի­րա­նի հետ ա­նոնց ու­նե­ցած եր­կար տա­րի­նե­րու «հա­ւա­տա­րիմ» թշնա­միի ի­րա­վի­ճա­կը այ­սօր կրանյ փո­խուիլ:

Ա­մե­րի­կա­յի հա­մար կա­րե­ւո­րա­գոյն կէտ մըն է, որ Ի­րան վե­րա­ծուի կո­րի­զա­յին ու­ժի: Ո­րով­հե­տեւ ե­թէ Ի­րա­նի «կո­րի­զա­յին ա­կումբ»ին մաս կազ­մէ, ա­պա շրջա­նի բո­լոր տէ­րու­թիւն­նե­րը պի­տի սկսին մրցա­վազ­քի մը, որ կրնայ բարդ ի­րա­վի­ճակն­ե­րու տուն տալ: Բաց աս­տի, թէ ի՛նչ կրնայ ը­նել Ի­րան եւ ի՛նչ գոր­ծօն­նե­րով կրնայ զօ­րա­նալ շրջա­նին մէջ՝ երկ­րոր­դա­կան է: Ա­րեւ­մուտ­քին հա­մար վեր­ջին քսան տա­րի­նե­րուն կայ կա­րե­ւոր տուեալ մը եւս ու այդ մէ­կը շիի տուեալն է: Ա­մե­րի­կա­ցի­նե­րը շատ ա­ւե­լի մեծ վստա­հու­թիւն ու­նին շիի­նե­րուն հան­դէպ, քան սիւն­նի­նե­րուն: Այդ մէ­կը կ­­՚ե­րե­ւի նաեւ Ծո­ցի եր­կիր­նե­րուն մէջ: Մինչ սիւն­նի­նե­րը ի­րենց հա­մար գոր­ծա­կից­ներ են, ան­դին շիի­նե­րը վստա­հե­լի «հա­կա­ռա­կորդ­ներ»: Հոս թաքնուած է ա­մե­րի­կեան մօ­տե­ցու­մին հիմ­նա­կան բա­նա­լին: Ա­նոնք կը յար­գեն շիի­նե­րը: Ա­նոնց կազ­մա­կեր­պուա­ծու­թիւ­նը, աշ­խուժ­ու­թիւ­նը եւ կրօ­նա-գա­ղա­փա­րա­կան մօ­տե­ցում­նե­րը: Ա­նոնք կը յար­գեն ի­րա­նեան ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ կա­րե­ւո­րա­գոյն գիծ հա­մա­րուող՝ հա­ւա­տար­մու­թիւ­նը:

Եւ ար­դեօք հա­ւա­տա­րիմ «թշնա­մին» այ­սօր հա­ւա­տա­րիմ բա­րե­կա՞մ պի­տի դառ­նայ: Յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րը այս հար­ցե­րը կրնան փա­րա­տել, սա­կայն մէկ բան յստակ է, որ Ի­րան բա­ւա­րար նե­րուժ ու­նի շրջա­նին մէջ կա­րե­ւոր եւ վստա­հե­լի դեր մը վերց­նե­լու:

Գէթ ա­մե­րի­կեան պա­տու­հա­նէն դի­տուած: Կայ նաեւ հին եւ մնա­յուն բա­րե­կա­մու­թիւն­նե­րու կեն­սագ­րու­թիւ­նը: Ի­րան եր­բեք չի հրա­ժա­րիր հիւ­սի­սի իր դաշ­նա­կի­ցէն՝ Ռու­սա­ստա­նէն: Սա­կայն այս նոր հանգ­րուա­նին ար­դեօք այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նը կրնա՞ն իր ամ­րու­թիւ­նը կորսնց­նել:

Շա­տեր Ի­րան-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ ներ­կայ հա­մա­ձայ­նու­թեան ծրա­րը կը նմանց­նեն Բրի­տա­նիոյ Վար­չա­պետ Նէ­վիլ Չեմ­պըր­լէ­նի Հիթ­լէ­րի Գեր­մա­նիոյ հետ պար­տուո­ղա­կան դիր­քե­րէ կա­յա­ցու­ցած հա­մա­ձայ­նու­թեան. մինչ շատ կը փա­փա­քէին, որ հա­մա­ձայ­նու­թիւ­նը ըլ­լայ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու նախ­կին ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար՝ Հեն­րի Քի­սին­ճը­րի ԱՄՆ-Չի­նաս­տան կեր­տած հա­մա­ձայ­նու­թեան ո­գիով: Ա­ռա­ջին հա­մա­ձայ­նու­թեան պա­րա­գա­յին Բրի­տա­նիա մեծ զի­ջում­ներ կա­տա­րած էր, իսկ երկ­րորդ հա­մա­ձայ­նու­թեան պա­րա­գա­յին Չի­նաս­տա­նի վրայ բա­ւա­կան ծանր պայ­ման­ներ կը դրուէին:

Մին­չեւ յա­ռա­ջի­կայ 30 Յու­նի­սը կրնան ար­ձա­նագ­րուիլ այն­պի­սի զար­գա­ցում­ներ, ո­րոնք տար­բեր ուղ­ղու­թիւն­նե­րով կրնան ազ­դել Ի­րան-Միա­ցեալ Նա­հանգ­ներ հա­մա­ձայ­նու­թեան վրայ:

Ու գաղտ­նիք չէ, որ այ­սօր հա­մա­ձայ­նու­թեան օ­րա­կար­գը աշ­խար­հի հա­մար կի­զա­կէտ դար­ձած օ­րա­կարգ մըն է: Եւ այդ մէ­կը կը մատ­նէ ո­րոշ անշր­ջան­ցե­լի կա­րե­ւո­րու­թիւն մը՝ կա­պուած Ի­րա­նի ա­պա­գա­յին ու­նե­նա­լիք դե­րին հետ: 

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւան

Շաբաթ, Մայիս 2, 2015