ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐՑԸ
Պատմութեան հիմնարկին (Tarih Vakfı) կողմէ 2015 թուականի մթնոլորտին մէջ կազմակերպուած Հինգշաբթիի զրոյցներու շարքը նախընթաց երեկոյեան շարունակուեցաւ հետաքրքրական հանգրուանով մը։ Սոյն զրոյցներու 15-րդ հանգրուանին ատենախօսն էր Իզմիրի «Էքոնոմի» համալսարանէն Տեւրիմ Սեզէր։ «Ցեղասպանութիւն եւ պատասխանատուութիւն» խորագրեալ զեկուցման ընթացքին ատենախօսը 1915 թուականի դէպքերուն կապակցութեամբ խորհրդածութիւններ ըրաւ Ռաֆայէլ Լեմքինի եւ Քարլ Ճեսփըրզի մօտեցումներուն լոյսին տակ։ Ցեղասպանութեան եզրոյթին շրջագծէն ներս Տեւրիմ Սեզէր խորհրդածութիւններ ըրաւ պատասխանատուութեան հասկացութեան շուրջ։
Ատենախօսը այս բոլորը մանրամասնեց այն հանգամանքին բերումով, թէ Թուրքիոյ մէջ պաշտօնապէս ցեղասպանութեան բնորոշումը չի տրուիր 1915 թուականի դէպքերուն համար։ Այս տեսակէտին հիմնաւորումը յաճախ կը կատարուի այն մեկնաբանութիւնով, թէ ցեղասպանութիւնը Հոլոքոստին բնորոշ որակում մըն է։ Կը նշուի նաեւ, թէ 1915-ին ապրուածները կրնան հասկնալի դառնալ՝ պատերազմի պայմաններուն եւ անվտանգութեան դրդապատճառներուն բերումով, մինչդեռ, Հոլոքոստը պատահած է միայն ցեղապաշտ պատճառներով, հետեւաբար մէկուն պարագային կարելի չէ տալ ցեղասպանութեան որակումը, իսկ միւսին պարագային՝ կարելի։ Ընդհանրացած պատճառաբանութիւններէն մին նաեւ այն է, թէ ցեղասպանութիւնը 1948 թուակիր ՄԱԿ-ի համաձայնութիւնով բացատրուած միջազգային իրաւունքի եզրոյթ մըն է, ինչ որ կ՚ամրապնդէ այն մօտեցումը, թէ անկարելի է 1915-ի պարագային ի զօրու նկատել զայն։ Տեւրիմ Սեզէր բացատրեց, թէ եթէ 1915-ը այսպիսի պատուհանէ մը դիտարկուի, ապա ի յայտ չեն գար բաւարար հանգամանքներ, որոնք Թուրքիոյ քաղաքացիներուն կը բերեն պատասխանատուութիւններ ու մանաւանդ անհրաժեշտութիւն կը ստեղծեն խորքային առերեսման կամ հաշուեյարդարի մը համար։
Ուստի, Տեւրիմ Սեզէր վերոյիշեալ մօտեցումներուն եւ անոնցմով պայմանաւորուած մթնոլորտին շուրջ բազմակողմանի հարցաքննութիւն մը ըրաւ ասուլիսի ընթացքին։ Ան այդ հարցաքննութիւնը ընելու ժամանակ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձուց ցեղասպանութեան եզրոյթի հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինի հետազօտութիւններն ու անոր կողմէ քաղաքական ընկալումներուն բերուած նպաստը։ Ան փորձեց նաեւ պատասխան գտնել այլ հարցումի մը, թէ նման անցեալի մը շուրջ վերջնական վճիռ մը ունենալէ խուսափիլը եւ ապրուած պատմական անարդարութիւնը չճանչնալը ի՞նչ կը նշանակէ։ Միթէ սա զօրակցութիւն մը չէ՞ այդ արարքը գործողներուն հետ։ Տեւրիմ Սեզէր խորհրդածութիւններ ըրաւ նաեւ հաւաքական յանցագործութեան եւ հաւաքական պատասխանատուութեան երեւոյթներուն կապակցութեամբ։ Ան այս հարցադրումները մեկնաբանեց Քարլ Ճեսփըրզի մեկնաբանութիւններուն լոյսին տակ՝ Գերմանիոյ մէջ ապրուած փորձառութիւններուն զուգորդութեամբ։
Բացման խօսքը արտասանեցին բանախօսութեան շարքի կազմակերպիչներէն Կիւվէն Կիւրքան Էօզթան եւ Էօմէր Թուրան։ Անոնք ըսին, թէ մինչեւ հիմա հիւրընկալած էին պատմաբաններ, սակայն այժմ բանախօսելու հրաւիրած են քաղաքագիտութեան ոլորտէ մասնագէտ մը։
Տեւրիմ Սեզէր մանրամասնութիւններ տուաւ օրուան նիւթին շուրջ։ Ան համեմատեց Հրէական Ողջակիզումն ու Հայկական Ցեղասպանութիւնը՝ նշելով, որ հրեաներու պարագային ընդհանուր մաքրագործում մըն էր կատարուածը, կային ցեղապաշտ յանցագործներ, սակայն Հայկական Ցեղասպանութեան պարագային ալ կը նշուի, թէ բացի ասոնցմէ կար նաեւ պատերազմական վիճակ մը՝ կարծես արդարացնել, մեղմացնել ուզելով կատարուած աղէտը։ Ան ըսաւ, թէ ցարդ թրքերէնի թարգմանուած չեն Ռաֆայէլ Լեմքինի եւ Քարլ Ճեասփըրզի գործերը, որոնք կը լուսաբանեն հարցը։ Ըստ բանախօսին, ցեղասպանութիւնը միայն իրաւագիտական նիւթ մը չէ։ 80-ականներէն ի վեր մանաւանդ նիւթը կը քննուի նաեւ հասարակագիտական տեսանկիւնէն։ Լեմքին լեհ հրեայ մըն էր, որ նացիական գրաւման օրէնքները դասակարգած է։ Լեմքին իր գործերուն մէջ ներառած է նաեւ 1915-ի դէպքերը, որոնք նկատի առած էր որպէս հիմնաւորում՝ ցեղասպանութեան յանցագործութեան սահմանման ճանապարհին։ Ինչպէս ծանօթ է, ան 1921-ին, Սողոմոն Թեհլրեանի դատավարութեան ժամանակ ուսանող էր Պերլինի մէջ։ Այդ շրջանին մտածած է առաջին անգամ, որ մարդկութեան դէմ իրագործուած նման յանցագործութիւններու համար անհրաժեշտ է օրէնքի մը ստեղծումը։ 1933-ին, Մատրիտի մէջ, բանախօսութեան մը ժամանակ, Լեմքին երկու նոր յանցագործութեան բնորոշման առաջարկ կը կատարէ՝ բարբարոսական յանցանքներ, վանտալիզմ, մարդկային ոչնչացում, ինչպէս նաեւ մշակոյթի ոչնչացում, մարդկային ստեղծագործութեան ոչնչացում։ Խնդրոյ առարկայ է շարունակական բնոյթ ունեցող յանցանք մը, երբ յանցագործը կը ստիպէ ընդունիլ նաեւ իր մշակոյթը։ Բանախօսը յայտնեց, թէ Ժան Փոլ Սարթր ալ գրած է Ալժերիոյ մէջ պատահած ցեղասպանութեան վերաբերեալ։
Բանախօսը խօսեցաւ նաեւ Լեմքինը քննադատած մասնագէտներու մասին, ծանրանալով նաեւ Ճեասփըրզի տեսութիւններուն վրայ, որոնց համաձայն անտարբերութիւնն ալ կը նշանակէ յանցակից դառնալ։
Բանախօսը ըսաւ, թէ պատմութիւնները թարմ պահելով, օրակարգի վրայ պահելով հասարակութիւնը պէտք է մղուի առերեսուելու իր անցեալին հետ։
Խիստ շահեկան այս հաւաքոյթի աւարտին բանախօսը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն։