ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ երիտասարդ հոգեւորականներու հաւաք մը, որ կազմակերպուած է Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու պաշտօնական երկխօսութեան շրջանակներէն ներս։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, այս հաւաքին կը մասնակցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիէն ներկայացուցիչներ։ Այսպէս, Վատիկան մեկնած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն երեք ներկայացուցիչներէ բաղկացեալ պատուիրակութիւն մը։ Միշաբաթեայ ճանաչողական այս այցելութեան ընթացքին այս պատուիրակութիւնը հաւաքի մասնակիցներուն հետ կ՚այցելէ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ հոգեւոր ուսումնական-կրթական կեդրոններ, Առաքելական պալատ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հանդիպում մը կ՚ունենայ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին հետ։

Հաւաքի մասնակիցներուն համար պաշտօնական ընդունելութիւններ կը կազմակերպեն Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, ինչպէս նաեւ կաթոլիկ եւ հայ կաթոլիկ բարձրաստիճան եկեղեցականներ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուական համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեան եւ կաթողիկոսական գրասենեակի քարտուղար Տ. Ադամ Քհնյ. Մակարեան։

Վատիկանի հաւաքին մասնակցութիւն կը բերէ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ պատուիրակութիւն մը։

ՆՇԱՆԱԿՈՒՄ

Միւս կողմէ, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններէն Տ. Աղան Աբեղայ Երնջակեան ազատուած է մայրավանքէ ներս ստանձնած պարտականութիւններէն ու ծառայութեան կոչուած՝ Դամասկոսի հայոց թեմէն ներս, թեմակալ առաջնորդի իշխանութեան ներքեւ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 18, 2020