ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԻՋԵՒԱՆԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԱԼ ՎԵՀԱՐԱՆԻ ՅԱՐԿԻՆ ՆԵՐՔԵՒ

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին համայնքային վարիչներուն բացատրութիւններ տուաւ իր մօտալուտ ուղեւորութեան մասին՝ դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Ան յայտնեց, որ որպէս պատրիարք՝ առաջին այցելութիւնը պիտի իրականացնէ դէպի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական կեդրոնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ 28 փետրուարին Նորին Ամենապատուութիւնը պիտի ուղեւորուի դէպի Հայաստան։ Իրեն պիտի ընկերանան Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Նկատի ունենալով, որ այս շրջանին Իսթանպուլ-Երեւան ուղիղ թռիչքները դադրած են՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ ընկերակիցները Հայաստան պիտի ճամբորդեն Թիֆլիզի վրայով։

Նորին Ամենապատուութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մասնակցութիւն պիտի բերէ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանին, որ պիտի սկսի մարտի 3-ին։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ տեղի պիտի ունենան ժողովները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նստաշրջանի աւարտէն օր մը կանուխ հրաժեշտ պիտի առնէ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն, որովհետեւ քաղաքիս մէջ պիտի հանդիսապետէ երանաշնորհ պատրիարք Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման առաջին տարելիցի արարողութիւններուն։

Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկացուց, որ այցելութեան օրերուն պիտի իջեւանի վերանորոգեալ վեհարանի յարկէն ներս ու կը պատրաստուի Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի անունով յիշատակ մըն ալ թողուլ այնտեղ։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն վերադառնալէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը պիտի այցելէ Երուսաղէմ։ Այդ ուղեւորութիւնն ալ կը նախատեսուի Սուրբ Քաղաքի զատկական տօնակատարութիւններուն ժամանակ։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայ Եկեղեցին Երուսաղէմի մէջ Ս. Յարութեան տաղաւարը կը նշէ ըստ Հին տոմարի։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս ուղեւորութիւններուն մասին բացատրութիւններ տուած էր մօտաւոր անցեալին համայնքային մամուլին համար սարքած ասուլիսին ժամանակ։ Ան երէկ այդ բացատրութիւնները կրկնեց նաեւ համայնքային լայնախարիսխ խորհրդակցութեան ժամանակ, ընթացքին պարզուած մանրամասնութիւններով հանդերձ։ Դէպի Մայր Աթոռ ուղեւորութեան ընթացքին ոեւէ աշխարհական պիտի չգտնուի Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ընկերակիցներու շարքին։ 

Չորեքշաբթի, Փետրուար 19, 2020