ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոլտովայի խորհրդարանի նախագահ Զինաիտա Կրեչանին, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան՝ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի հրաւէրին ընդառաջ։ Դէպի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին հիւր պատուիրակութեան ուղեկցեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Լենա Նազարեան։

Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ տակաւին վեց դար առաջ Մոլտովայի մէջ հաստատուած հայ ժողովուրդի զաւակները կարողացած են կազմակերպել իրենց ազգային եւ հոգեւոր կեանքը՝ միեւնոյն ժամանակ կարեւոր ներդրում մը բերելով երկրի զարգացման գործին։ Նորին Սրբութիւնը ուրախութիւն յայտնեց, որ Հայաստանի եւ Մոլտովայի միջեւ յարաբերութիւնները կը շարունակեն սերտանալ։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2020