ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ՝ ՄԵԾ ՊԱՀՔԻ ԱՌԹԻՒ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մեծ պահքի առթիւ պատգամ մը ուղղեց՝ աշխարհացրիւ իր հօտին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին պատգամը։

*

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Մուտք կը գործենք Մեծ պահքի շրջան, որ աղօթքի, խոկման ու ներհայեցողութեան առանձնակի ժամանակամիջոց է։ Այս օրերուն մեր ներաշխարհը կը պայծառանայ ու կը զօրանայ սուրբգրային ընթերցումներով, հոգեշահ պատգամներով, զորս կը փոխանցեն Մեծ պահքի կիրակիներու խորհուրդները։ Քրիստոնեաներուս համար Մեծ պահքը իւրայատուկ հոգեւոր ճամբորդութիւն է, որպէսզի մեր կենցաղավարութեան անդրադարձով, մարդկային մեր էութեան քննութեամբ, հոգեպէս նորոգուած ու բարեպաշտ ընթացքով արժանի դառնանք տէրունապարգեւ փրկութեան բաղձալի պարգեւին։ Առաքեալը կը պատուիրէ ընթանալ Աստուծոյ կամքի համաձայն՝ «ապրելու համար Տիրոջ արժանի եւ ամէն ինչի մէջ Անոր հաճելի ձեւով, բոլոր բարի գործերու մէջ պտղաբեր ըլլալու» (Կող. Ա  9-10)։

Խորհրդաշատ այս ժամանակաշրջանը, սիրելի զաւակներ Մեր, լաւագոյն առիթն է վերստին ամրապնդելու իրարու հանդէպ սէրն ու յարգանքը, լաւագոյն առիթն է զօրացնելու մեր մէջ հանդուրժողականութեան եւ փոխըմբռնման ոգին՝ մեր մտահայեացքի առջեւ ունենալու Սուրբ Գրքի պատգամը, թէ եղբայրսիրութիւնը դէպի Աստուած օրհնեալ ճանապարհ է (հմմտ. Ա Յով. Դ 20-21)։ Եղբայրսիրութեամբ պիտի զօրացնենք մեր միասնականութիւնը հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, ազգային եւ ներեկեղեցական մեր կեանքէն ներս հաստատենք փոխադարձ հասկացութեան եւ գործակցութեան ոգին եւ առ Աստուած ապաւինութեամբ կերտենք արդար ու լուսաւոր գալիքը մեր ժողովուրդի։ Արդարեւ, սէրը քրիստոնէական առաքինութիւններու բարձունքն է։ Տէրունապատուէր այս սէրն է ազգային ու հայրենական անդաստանի մէջ, ընտանեկան ու հասարակական կեանքի մէջ խաղաղութեան ու բարօրութեան ապահովման լաւագոյն գրաւականը։

Մեր յորդորը կը բերենք մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատաւոր, սիրեցեալ զաւակներուն Մեծ պահքի կարեւոր այս շրջանը անցընելու աղօթքով, պահեցողութեամբ ու խոկումներով, մասնակցելու մեր եկեղեցիներու մէջ կատարուող սրբազան արարողութիւններուն, զօրացնելու իրարու հանդէպ կամեցողութեան ոգին, առատացնելու բարի գործերը, որպէսզի առաւել շէնանայ ու պայծառանայ մեր կեանքը Աստուածաշնորհ օրհնութիւններով։ Մեր աղօթքը առ Աստուած բարձրացնենք Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, մասնաւորապէս Լիբանանի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ բնակող մերազնեայ զաւակներու՝ մեր եղբայրներու ու քոյրերու եւ բոլոր ժողովուրդներու համար, որոնք տարիներ շարունակ կ՚ապրին պատերազմական դժուարութիւններու եւ քաղաքական ալեկոծումներու մէջ։

Երկնաւոր Տիրոջ օրհնութեան հայցով մաղթենք խաղաղութիւն աշխարհին, մարդոց սրտերուն, խաղաղութիւն մեր հայրենիքին ու մեր ժողովուրդին, ինչպէս եւ՝ հաւատքի, հոգեւոր կեանքի պայծառութիւն, յառաջընթաց ու զօրացում աշխարհասփիւռ ազգիս հայոց։

Թող մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի սէրն ու ողորմութիւնը միշտ ըլլան մեզի հետ եւ ամէնքի. ամէն։

Երեքշաբթի, Փետրուար 25, 2020