ԱՐԺԷՔՆԵՐ ԵՒ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ

Ան­ցեալ շաբ­թուան երկ­րորդ կէ­սին Ժը­նե­ւի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ 29-րդ գր­քի եւ մամ­լոյ մի­ջազ­գա­յին տօ­նա­վա­ճա­ռը։ Տեղ­ւոյն «Փա­լեքս­փօ» ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րէն ներս կազ­մա­կեր­պուած էր այս մի­ջո­ցա­ռու­մը, որ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ ու­նի լուրջ ծա­նօ­թու­թիւն։ Հինգ օ­րե­րու վրայ տա­րա­ծուած այս մեծ ձեռ­նար­կը կեդ­րո­նա­ցուց Եւ­րո­պա­յի ըն­թեր­ցա­սէր շրջա­նակ­նե­րուն ու­շադ­րու­թիւ­նը։

Ժը­նե­ւի 29-րդ գր­քի եւ մամ­լոյ մի­ջազ­գա­յին տօ­նա­վա­ճա­ռին շրջագ­ծով գոր­ծեց նաեւ Հա­յաս­տա­նի տա­ղա­ւար մը։ Ըն­դար­ձակ հա­մա­լի­րէն ներս իս­կա­պէս ու­րոյն ան­կիւն մըն էր այս մէ­կը, ուր մա­տու­ցուե­ցան բազ­մաբ­նոյթ գիր­քեր, ներ­կա-­յա­ցուե­ցան Հա­յաս­տա­նի զբօ­սաշր­ջու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, նաեւ այ­ցե­լու­նե­րուն հրամ­ցուե­ցան հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի հա­մա­դամ­ներ։ Տա­ղա­ւա­րէն ներս ձե­ւա­ւո­րուած փոք­րիկ լսա­րանն ալ բազ­մա­կող­մա­նի քննար­կում­նե­րու ժա­մադ­րա­վայր մը հան­դի­սա­ցաւ տօ­նա­վա­ճա­ռի հինգ օ­րե­րուն տե­ւո­ղու­թեան։

Շա­բա­թա­վեր­ջին ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեանն ալ ա­սու­լի­սի մը մաս­նակ­ցե­ցաւ այս տա­ղա­ւա­րէն ներս։ Պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը հրա­ւէր ուղ­ղած էին, որ­պէս­զի ան մաս­նակ­ցէր Թուր­քիոյ եւ ընդ­հան­րա­պէս Սփիւռ­քի մէջ հայ մշա­կոյ­թի ա­պա­գա­յին վե­րա­բե­րեալ ա­սու­լի­սի մը, ո­րու միւս ա­տե­նա­խօսն էր Լիո­նէն Մա­նուկ Փամ­պուք­ճեան։

 

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015