ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց քա­րո­զիչ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօ­նի­կեա­նի եւ թա­ղի քա­հա­նա­յից դա­սէն Տ. Միւ­ռոն Ա. Քհնյ. Այ­վա­զեա­նի այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը յայտ­նե­ցին, որ Ս. Եր­րոր­դու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ ա­նուան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը այս տա­րի կը զու­գա­դի­պի 24 Մա­յիս, Կի­րա­կի, Հո­գե­գա­լուս­տի տօ­նին։ Անոնք օ­րուան կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ հան­դի­սու­թեանց հա­մար խնդրե­ցին Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը եւ տե­ղե­կու­թիւն տուին Պէ­յօղ­լուի Ս. ե­կե­ղե­ցեաց եւ Է­սա­յեան վար­ժա­րա­նի մէջ կա­տա­րուած աշ­խա­տու­թեանց մա­սին։

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը սի­րով ըն­դա­ռա­ջեց ե­ղած խնդրան­քին, կա­րո­ղու­թիւն եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն, ի­րենց աստուա­ծա­հա­ճոյ ու ե­կե­ղե­ցա­նուէր գոր­ծու­նէու­թեանց մէջ։

Բաց աստի, Ե­նի­գիւ­ղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աս­տուա­ծած­նի ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րէց Տ. Ե­ղի­շէ Վրդ. Ուչ­քու­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ այ­ցե­լե­ցին Պատ­րիար­քա­րան, ըն­դու­նուե­ցան Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Այ­ցե­լու­թեան նպա­տակն էր ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան տօ­նախմ­բու­թեան հա­մար հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը խնդրել Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռոյ։ Այ­ցե­լու­նե­րը տե­ղե­կու­թիւ­ներ տուին նաեւ ի­րենց գոր­ծու­նէու­թենց մա­սին։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը կա­րո­ղու­թիւն մաղ­թեց ա­նոնց։ Ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րե­կան տօ­նախմ­բու­թիւ­նը այս տա­րի տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Մայիսի 25-ին, Հո­գե­գա­լուս­տի տօ­նին։

Մինչ այդ, Եւ­րո­միու­թեան Խոր­հուր­դի Թուր­քիոյ տե­ղե­կա­բեր Ժոզեթ­թէ Տուր­րիէու վերջերս քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Պատ­րիար­քա­րան՝ ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։

Ան փա­փա­քած էր փոք­րա­մաս­նու­թեանց հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն հետ տե­սակ­ցիլ։ Այս շրջագ­ծով այ­ցե­լած էր նաեւ թրքա­հա­յոց հո­գե­ւոր կեդ­րո­նը։ ­Հան-­դիպ­ման ըն­թաց­քին փոք­րաս­նու­թեանց հետ ա­ռըն­չուած հար­ցե­րու եւ դար­ձեալ նոյն նիւ­թե­րու շուրջ ե­ղած զար­գա­ցում­նե­րու մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցաւ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը ող­ջու­նեց Ժոզեթ­թէ Տուր­րիէուի ներ­կա­յու­թիւ­նը եւ կարճ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քի մա­սին։ Սրբա­զան Հայ­րը յայտ­նեց թէ վեր­ջին շրջան­նե­րուն դրա­կան զար­գա­ցում­ներ ար­ձա­նագ­րուած են յօ­գուտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց։

​Միւս կողմէ, ԱՔ կու­սակ­ցու­թե­ան Իսթանպու­լի ե­րես­փո­խա­նական թեկ­նա­ծու­՝ Մար­գար Է­սա­յեան վերջերս փափ­կա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն մը տուաւ Պատ­րիար­քա­րան, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Ար­ք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։ Մարգար Էսաեան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց իր ծրա­գիր­նե­րուն մա­սին։ Սրբա­զան Հայ­րը ու­րա­խու­թիւ­ն յայտ­նեց՝ որ­պէս հայ ե­րես­փո­խա­նական թեկ­նա­ծու մը տես­նե­լով եւ Մար­գար Է­սա­յեա­նին յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց իր ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թեանց մէջ։

 

 

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015