ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆՑԻՆԵՐԸ ՈԳԵԿՈՉԵՑԻՆ ՆԱՀԱՏԱԿ ԳՐՈՂ ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆԸ

Ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, Շիշ­լիի «Քենթ» մշա­կոյ­թի կեդ­րո­նին մէջ մաս­նա­ւոր ձեռ­նար­կով մը ո­գե­կո­չուե­ցաւ նա­հա­տակ գրող Դա­նիէլ Վա­րու­ժան։ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­թեան եւ ու­սուց­չաց կազ­մին նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած էր այս ե­րե­կոյ­թը, Վա­րու­ժա­նը ո­գե­կո­չե­լու հա­մար իր նա­հա­տա­կու­թեան 100-րդ տա­րե­լի­ցին։

Ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վի Ա­տե­նա­պետ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Տ. Զա­տիկ Ա­բե­ղայ Պա­պի­կեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան, Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Մի­քա­յէլ Վար­դա­նեան, Շիշ­լիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ Վազ­գէն Պա­րըն, Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Նուր­հան Փա­լա­քօղ­լու, Ղա­լա­թիոյ խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Յա­րու­թիւն Է­պէօղ­լու եւ իր ըն­կեր­նե­րը, Կեդ­րո­նա­կա­նի ըն­տա­նի­քէն դէմ­քեր եւ բազ­մա­թիւ գրա­սէր­ներ։ Ձեռ­նար­կի պա­տուոյ հիւրն էր Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի շա­ռա­ւիղ­նե­րէն Սե­րով­բէ Չու­պու­քէ­րեան, որ ներ­կայ էր իր դստեր Թա­թիա­նա Չե­լիք­թո­փի հետ։ Նոյն­պէս նա­հա­տակ գրո­ղի շա­ռա­ւիղ­նե­րէն Նշան-Այ­տա Գա­րա ա­մոլն ալ մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րաւ ե­րե­կոյ­թին։

Յայ­տա­գի­րը սկսաւ Կեդ­րո­նա­կան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Սիլ­վա Գու­յում­ճեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քով։ Ա­շա­կերտ­նե­րը ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով, թա­տե­րակ­նե­րով եւ ար­դի պա­րե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն­նե­րով ցո­լա­ցու­ցին Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի կեան­քէն յատ­կան­շա­կան դրուագ­ներ՝ գրո­ղի ա­ռըն­թեր կանգ առ­նե­լով նաեւ ա­նոր որ­պէս կրթա­կան մշակ ծա­ւա­լած աշ­խա­տան­քին վրայ։ Պաս­տա­ռի ցու­ցադ­րու­թեան մի­ջո­ցաւ եւս ներ­կա­նե­րը հե­տե­ւե­ցան Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի վե­րա­բե­րեալ վկա­յու­թիւն­նե­րու եւ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու։

Հա­ւա­քոյ­թի գա­գաթ­նա­յին պա­հե­րը բնո­րո­շե­ցին Սե­րով­բէ Չու­պու­քէ­րեա­նի ե­լոյթն ու զգա­ցա­կա­նու­թեան դրսե­ւո­րու­մը։ Այս առ­թիւ ան ներ­կա­նե­րուն հետ բաժ­նեց իր ըն­տա­նե­կան մթնո­լոր­տի յի­շո­ղու­թիւն­նե­րը եւ բարձր գնա­հա­տան­քով ար­տա­յայ­տուե­ցաւ այն ա­շա­կերտ­նե­րուն մա­սին, ո­րոնք պան­ծա­ցու­ցին Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի յի­շա­տա­կը։

Վեր­ջա­ւո­րու­թեան ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, որ նշեց, թէ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ սրբա­դա­սուած են 1915-ի նա­հա­տակ­նե­րը, հե­տե­ւա­բար մեր հա­ւատ­քը այն­պէս է, որ նա­հա­տակ գրող Դա­նիէլ Վա­րու­ժանն ալ այ­լեւս կը բա­րե­խօ­սէ մե­զի հա­մար։

Միւս կող­մէ, դահ­լի­ճի մուտ­քին ներ­կա­յա­ցուած էին նաեւ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի վե­րա­բե­րեալ կա­տա­րուած միջ­լի­սէա­կան գծագ­րա­կան աշ­խա­տան­քին ար­դիւնք­նե­րը, ո­րոնք եւս ներ­կա­նե­րուն կող­մէ ըն­կա­լուե­ցան հե­տաքրք­րու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015