ՄԽԻԹԱՐԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ԽԱՒԻԾԻ ՕՐԸ
Մխիթարեան վարժարանի աւանդական Խաւիծի օրը երէկ հանդիսաւոր պայմաններու տակ կայացաւ կրթօճախի ընդարձակ պարտէզին մէջ։ Մտերմիկ սեղաններու շուրջ եկած էին համախմբուիլ վարժարանի վարիչները, հին ու նոր շրջանաւարտները, կրթական մշակները, աշակերտները՝ գլխաւորութեամբ Մխիթարեան միաբանութեան հայրերուն՝ Մագ․ Հ․ Սարգիս Ծ․ Վրդ․ Էրմէնի ու Հ․ Յակովբոս Ծ․ Վրդ․ Չօփուրեանի։ Հրաւիրեալներու կարգին էր նաեւ Շիշլիի փոխ-քաղաքապետ Վազգէն Պարըն։ Օրուան հանդիսավարն էր վարժարանի ուսուցիչ Քոլին Չեմպէր, որ բարի գալուստ յայտնելէ ետք, բարձրախօսը տրամադրեց հիմնադրի ներկայացուցիչ Պերճ Մենզիլճեանին, տնօրէնուհի Եւա Օրագեանին, Սանուց միութեան ատենապետ Վարդան Պալմումճեանին ու հուսկ Հ․ Յակովբոս Ծ․ Վրդ․ Չօփուրեանին, որոնք արտասանեցին իրենց սրտի խօսքերը։ Այնուհետեւ ամպիոնին մօտ հրաւիրուեցան 50-ամեակի, 45-ամեակի ու 40-ամեակի շրջանաւարտները, որոնք ստացան իրենց յուշանուէրներն ու պատուոյ գիրերը։ Պատուոյ գիրեր ստացան նաեւ մինչեւ 60-ական թուականները նախակրթարանի բաժնէն շրջանաւարտ իգական սեռի ներկայացուցիչները։ Յուշանուէր մը յանձնուեցաւ նաեւ Ալէն Եաքարին, որ սրտաբուխ նուիրատուութիւն մը կատարած էր վարժարանին։ Հաճելի օրուան ընթացքին կայացաւ նաեւ վիճակահանութիւն մը։