ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Հա­մայն­քա­յին վա­գըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) հո­վա­նա­ւո­րու­թեան ներ­քեւ շա­բա­թա­վեր­ջին կա­րե­ւոր քննար­կում մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ս. Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի «Պի­լէք» հանգս­տա­րա­նի սրա­հին մէջ։ Կա­րե­ւոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն մըն էր այս մէ­կը, ո­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան մեր հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու առ­կայ շարք մը ելմ­տա­վար­չա­կան խնդիր­նե­րը։ Նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ հա­մա­պա­տաս­խան օ­րէնսդ­րու­թեան մէջ կը կա­-տա­րուին զա­նա­զան փո­փո­խու­թիւն­ներ եւ կամ նա­խա­պէս ո­րո­շուած նոր ըն­թա­ցա­կար­գե­րուն գոր­ծադ­րու­թեան փու­լե­րը վրայ կը հաս­նին աս­տի­ճա­նա­բար, պէտք է ար­ձա­նագ­րել, որ այդ խնդիր­նե­րը զա­նա­զան ա­ռում­նե­րով կը հա­մա­րուին հրա­տապ։

VADİP-ի հո­վա­նիին ներ­քեւ կազ­մա­կեր­պուած խորհր­դակ­ցու­թեան հիմ­նա­կան մաս­նա­կից­ներն էին՝ հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու մա­տա­կա­րար մար­մին­նե­րուն մօտ ելմ­տա­կան հար­ցե­րու եւ կա­լ-ւա­ծոց գծով պա­տաս­խա­նատուու­թիւն ստանձ­նած ան­դամ­ներն ու մաս­նա­գէտ­նե­րը։ VADİP-ի ելմ­տա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը վե­րո­յի­շեալ­նե­րուն հետ գլուխ գլխի տա­լով նախ ընդ­հա­նուր ախ­տա­ճա­նա­չում մը կա­տա­րե­ցին՝ վե­րա­հա­սու դառ­նա­լով իւ­րա­քան­չիւր հաս­տա­տու­թեան պա­րա­գա­յին որ­դեգ­րուած ու­ղիին եւ ար­դիւնք­նե­րուն։

Բուն հար­ցը այն է, որ մի­ջո­ցէ մը ի վեր օ­րա­կար­գի վրայ կը գտնուի մեր վար­ժա­րան­նե­րուն հա­մար տնտե­սա­կան ձեռ­նար­կի կա­րգա­վի­ճակ սահ­մա­նե­լու հար­ցը։ Ինչ­պէս VADİP-ի վեր­ջին շրջան­նե­րուն զա­նա­զան քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին ալ մատ­նան­շուած է, այս հե­ռան­կա­րը կրնայ ու­նե­նալ թէ՛ դրա­կան եւ թէ ժխտա­կան հե­ռան­կար­ներ։ Հիմ­նա­կան նրբու­թիւ­նը այն է, որ ե­թէ այդ­պի­սի կար­գա­վի­ճակ մը սահ­մա­նուի, ա­պա մեր ե­կե­ղե­ցի­նե­րու եւ վար­ժա­րան­նե­րու կա­ռա­վա­րու­մը ի­րար­մէ պի­տի տա­րան­ջա­տուի։ Բայց եւ այն­պէս, տնտե­սա­կան ձեռ­նարկ դա­ս-ւե­լու ի­մաս­տով ալ մեր վար­ժա­րան­նե­րը լիար­ժէք չեն հա­մա­պա­տաս­խա­ներ չա­փա­նիշ­նե­րուն։ Ար­դա­րեւ, մեր դպրոց­նե­րը թէեւ կը դա­սուին «մաս­նա­ւոր»նե­րու շար­քին, սա­կայն չու­նին յստակ սա­կա­գին մը եւ ա­շա­կեր­տաց ծնող­նե­րու նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րով կը ջա­նան մուտք ա­պա­հո­վել ի­րենց պիւտ­ճէին։ Որ­քան որ ալ այդ նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րը կրեն պար­բե­րա­կան բնոյթ, սա բա­ւա­րար չ՚ըլ­լար վերջ­նա­կա­նօ­րէն որ­պէս գան­ձում հա­շուի առ­նուե­լու հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ նոյ­նիսկ բո­լո­րը հա­մա­հա­ւա­սար ձե­ւով եւ կար­գա­պա­հու­թեամբ կա­տա­րեն այդ նուի­րա­տուու­թիւն­նե­րը, ա­պա մեր վար­ժա­րան­նե­րու պիւտ­ճէ­նե­րը դար­ձեալ հե­ռու կը մնան հա­ւա­սա­րակշ­ռուած ըլ­լա­լէ, ա­ռա­ւել եւս, որ ա­նոնք ար­դէն չեն ղե­կա­վա­րուիր շահ հե­տապն­դե­լու մտայ­նու­թիւ­նով։

Թուր­քիոյ օ­րէնսդ­րու­թեան ընդ­հա­նուր տրա­մադ­րու­թիւն­նե­րով, վա­գըֆ­նե­րը հար­կա­տու չեն եւ շնոր­հիւ այս ե­րե­ւոյ­թին մեր վար­ժա­րան­ներն ալ կը հա­մա­րուին տրա­զուրկ։ Ե­թէ տնտե­սա­կան ձեռ­նար­կի մը կար­գա­վի­ճա­կը սահ­մա­նուի, ա­պա առ­նուազն ա­նոնց պա­րա­գա­յին անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն պի­տի ստեղ­ծուի ա­ւե­լա­ցուած ար­ժէ­քի հարկ (KDV) վճա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ։ Կարգ մը վար­չա­յին­ներ այս կէ­տին վրայ անհ­րա­ժեշտ կը նկա­տեն յա­ւե­լեալ աշ­խա­տանք տա­նիլ, որ­պէս­զի մեր դպրոց­նե­րը մաս­նա­ւոր կար­գադ­րու­թիւ­նով մը զերծ պա­հուին KDV-է։

Խորհր­դակ­ցու­թեան մաս­նա­կից­նե­րը նկա­տի ա­ռին նաեւ ու­րիշ կա­րե­ւոր խնդիր մը, որ կը վե­րա­բե­րի հա­մայն­քա­յին հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վար­ձա­կալ­ման շնոր­հիւ ա­պա­հո­վուած հա­սոյ­թին։ Ար­դա­րեւ, ե­կե­ղե­ցի­ներն ու գե­րեզ­մա­նա­տու­նե­րը թէեւ տրա­զուրկ են, սա­կայն ե­կե­ղե­ցա­պատ­կան կա­լուած­նե­րու վար­ձա­կա­լու­թեան հա­սոյ­թէն տուրք կը գան­ձուի։ Մեր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րուն վար­չա­յին­նե­րը ու­նին այն հա­մո­զու­մը, թէ այս­տեղ հա­կա­սա­կան ե­րե­ւոյթ մը գո­յու­թիւն ու­նի եւ պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հետ շփուե­լով այս բո­լո­րը պէտք է յաղ­թա­հա­րուին։

VADİP-ի կող­մէ կազ­մա­կերպուած քննար­կու­մը շա­րու­նա­կուե­ցաւ գրե­թէ օ­րուան ողջ տե­ւո­ղու­թեան եւ մեր ազ­գա­յին­նե­րը կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին՝ թեք­նիկ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րով բա­ւա­կան ծան­րա­բեռ­նուած օ­րա­կար­գի մը ա­ռանց­քին շուրջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 4, 2015