Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԱՂՕԹՔԻ ՕՐ՝ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀԱՆԴԻՍԱՊԵՏՈՒԹԵԱՄԲ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կողմէ օրեր առաջ մարտի 18-ը հռչակուած էր Համազգային աղօթքի օր՝ քորոնաժահրի համաճարակի յաղթահարման եւ հիւանդներու բժշկութեան համար։ Ուստի, երէկ երեկոյեան, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Սուրբ Գայիանէ վանքի երդիքին տակ, Վեհափառ Հայրապետի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցաւ հանգստեան ժամերգութիւն։ Արարողութեան աւարտին առ Աստուած իր անձնական աղօթքը բարձրացուց Վեհափառ Հայրապետը, որ այս առթիւ նաեւ համայն հայ ժողովուրդին ուղղեց իր հայրական խօսքը։
Կողքի լուսանկարին մէջ՝ Վեհափառ Հայրապետը ծնրադիր կ՚աղօթէ Ս. Գայիանէ վանքի խորանին առջեւ։
Հինգշաբթի, Մարտ 19, 2020