ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը վաղը Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան առթիւ պիտի տայ իր Հայրապետական պատգամը համայն հայութեան։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ընդհանրական կեդրոնին՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ս. Զատկի արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան, առկայ համավարակով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը նման իրավիճակի մը մէջ իր օրհնութիւններն ու տաղաւարի պատգամը պիտի փոխանցէ իր աշխարհացրիւ հօտին։

Շաբաթ, Ապրիլ 11, 2020