ՏԻԵԶԵՐԱՆՈՐՈԳ ԱՐՇԱԼՈՅՍ

Յանուն Հօր եւ Որդոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։

«Դու ես Քրիստոս. կեանք եւ յարութիւն ազգի մարդկան»
(Շարական)

Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ,

Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութիւնը մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ երանաշնորհ հայրերը սքանչելի օրհնութեամբ փառաբանած են գեղեցկահիւս աղօթքներու ու շարականներու մէջ՝ բերելով մեր ժողովուրդին կեանքի անսպառ յոյսի եւ փրկութեան աւետիսը. «Դու ես, Քրիստոս, մարդկային ազգի կեանքն ու յարութիւնը»։

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս Իր երկրային կեանքի ընթացքին բազում անգամներ յայտնեց Իր չարչարանքներու եւ Յարութեան մասին, որու իմաստը նոյնիսկ առաքեալները յստակութեամբ չէին ըմբռներ։ Քրիստոսի խաչելութենէն յետոյ անոնք յուսահատ փակուած էին վերնատան մէջ եւ կը տարակուսէին հաւատալ Փրկչի Յարութեան մասին իւղաբեր կանանց աւետիսին։ Սակայն Յարուցեալ Քրիստոսի հետ հանդիպումէ յետոյ տխրութիւնը վերափոխուեցաւ Տիրոջ հետ միասնութեան երանութեան։ Տիրոջ խաչելութեան եւ մահուան յարուցած ցաւը փոխակերպուեցաւ Փրկչի յաղթութեան բերկրանքի, վշտի մռայլ գիշերը՝ յարութեան տիեզերանորոգ արշալոյսի։ Եւ քրիստոնէութեան լոյսն ու վարդապետութիւնը յաղթականօրէն տարածուեցան ողջ աշխարհի վրայ՝ մարդկութեան կեանքը ուղղորդելով դէպի փրկութիւն ու յաւիտենութիւն։

Քրիստոսի Յարութեան բերկրալի աւետիսը առանձնակի յուսառատութեամբ ու մխիթարութեամբ կ՚արձագանգէ մտահոգիչ մեր ժամանակներուն, երբ մարդկութիւնը կը կրէ վիշտ ու տառապանք, զրկանք ու կորուստներ, կը վերապրի համընդհանուր տագնապ ու ճգնաժամ։ Այս տարուայ զատկական կենսանորոգ տօնակատարութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ բազում հաւատացեալներ կ՚անցընեն մեկուսի, շատեր՝ հեռու իրենց սիրելիներէն ու մտերիմներէն։ Համավարակի ներկայ բարդ պայմաններուն նաեւ մեր եկեղեցիներուն մէջ առանց հաւատացեալներու կը կատարենք սրբազան արարողութիւնները, բայց վստահ ենք, թէ դուք, սիրելիներ, հոգիով, մտքով ու ձեր աղօթքներով մեզի հետ էք եւ միասնաբար ու միասիրտ կը նշենք սքանչելախորհուրդ այս տօնը։ Քրիստոսի Յարութիւնը մարդկային գոյութեան նորոգումն է եւ յաւիտենութեան պարգեւը բոլորիս։ «Ես եկայ, որպէսզի կեանք ունենան եւ առաւել եւս ունենան», կ՚ըսէ Տէրը (Յովհ. 10.10)։ Քրիստոսի պարգեւած կեանքը մեր առօրէական դժուարութիւններէն ու հոգսերէն վեր նոր իրականութիւն է, ուր Աստուծոյ կամքը կը տնօրինուի, ուր Տիրոջ պատուիրաններն ու պատգամները կ՚արդիւնաւորուին երկնահաճոյ իրագործումներով եւ կեանքի խաւարը կը վերածուի այգաբացի։

Աշխարհով մէկ տարածուած համավարակը մարտահրաւէր է՝ ուղղուած մարդկութեան։ Բայց, յատկապէս՝ մարդկայնութեան։ Կը հաւատանք, թէ մարդկութիւնը պիտի յաղթահարէ համավարակի այս ծանր կացութիւնը եւ անով պայմանաւորուած բոլոր դժուարութիւնները ընկերային, տնտեսական, կրթական, հասարակական ոլորտներու մէջ։ Սակայն առաւել էական է, որ անշրջելի յաղթանակ արձանագրուի անմարդկային բոլոր դրսեւորումներու, նիւթապաշտութեան, աղքատութեան, անհաւասարութեան, ռազմատենչութեան, պատերազմներու եւ այլ չարիքներու դէմ։ Մարդկութեան մէջ եղած են եւ այսօր ալ կան մարդասիրութեան, համերաշխութեան, ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութեան, յանուն բարիքի համատեղ գործելու բազում վկայութիւններ, որոնք լուսաւոր ուղենիշ են աշխարհի նոր ընթացքի համար։ Մարդկութիւնը պէտք է գիտակցի՝ յառաջընթացի եւ երջանկութեան երաշխիքը Աստուծմով ապրուած կեանքն է, որ կը դառնայ օրհնութեան, ուժի ու զօրութեան աղբիւր։

Աստուծոյ ողորմութեամբ աշխարհ այս փորձութիւնն ալ պիտի դիմագրաւէ։ Սակայն կենսականօրէն կարեւոր է այդ յաղթահարման հետ դառնալ աւելի ուժեղ, միասնական ու համախմբուած, հոգեպէս զօրացած՝ Աստուածն ունենալով մշտապէս մեզի առաջնորդ ու ապաւէն։ «Ա՛յս է այն յաղթութիւնը, որ կը յաղթէ աշխարհին՝ մեր հաւատը», կ՚ըսէ առաքեալը (Ա Յովհ. 5.4)։ Ա՛յո, սիրելիներ, Յարութեան հաւատքով, մեր կեանքին մէջ Փրկչի ներկայութեան գիտակցութեամբ մենք ի զօրու կ՚ըլլանք լուծման առաջնորդելու մեր ժողովուրդի առջեւ յառնած խնդիրները եւ կերտելու այն լուսաւոր ապագան, որ կ՚երազենք բոլորս։ Քաջ գիտենք, որ դուք աշխարհի մէջ ամէնուր կը դիմակայէք առկայ նեղութիւններուն ու դժուարութիւններուն։ Բոլոր հանգամանքներուն մէջ, սակայն, մեր պատրաստակամութիւնն ու յանձնառութիւնը պէտք է դրսեւորուի՝ հոգ տանելու նաեւ մեր հայրենիքի եւ մեր քոյրերու ու եղբայրներու նկատմամբ։ Վերստին կոչ կը յղենք ի հայրենիս եւ ի սփիւռս մեր ժողովուրդի զաւակներուն՝ համավարակի դժուարին իրավիճակը յաղթահարելու, հիւանդներու ապաքինման միջոցներն ու խնամքը հոգալու, խիստ նեղութեան մէջ յայտնուած հայորդիներուն օգնութեան ձեռք մեկնելու գործին մէջ հնարաւոր զօրակցութիւնը բերելու հայրենի իշխանութիւններուն եւ ընծայաբերումներ կատարելու պետութեան կողմէ այս նպատակով բացուած յատուկ հաշուեհամարին։ Մեր Եկեղեցին այս օրերուն աշխարհասփիւռ իր թեմերով աւելիով իր ջանքերը կը ներդնէ՝ օժանդակութիւն ցուցաբերելու կարիքաւորներուն, հոգեւոր խնամք եւ մխիթարութիւն մատուցելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հայրենիքի եւ համայն աշխարհի մէջ։ Բարեպաշտ զաւակներ Մեր, Տէրունապատուէր սիրով ու հոգատարութեամբ շաղախենք մեր կեանքն ու գործը, ամուր պահենք համազգային միասնութիւնն ու համերաշխութիւնը՝ որպէս Քրիստոսով յաղթանակած, Քրիստոսին հաւատարիմ յարուցեալ ժողովուրդ։ Ապրինք յարութեան հաւատով, Քրիստոսի պատուիրաններու իրագործման նախանձախնդրութեամբ՝ նոր յաղթանակներով ու պայծառ երազներով կերտելու մեր բարօր, շէն ու հզօր հայրենիքը եւ անոր լուսաւոր գալիքը։

Այս մաղթանքով Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան քաջալերող աւետիսը կը բերենք Մեր հոգեւոր եղբայրներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան Արքեպիսկոպոս Մանուկեանին, Կ.Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեանին, քոյր Եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն եւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ ողջ հոգեւոր դասուն՝ հայցելով Երկնաւոր մեր Տիրոջ օգնականութիւնն ու պահպանութիւնը։ Հայրապետական օրհնութեամբ կ՚ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Արմէն Սարգսեանը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիար Նիկոլ Փաշինեանը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Տիար Բակօ Սահակեանը, հայոց պետական աւագանին՝ մաղթելով ուժ ու կորով դժուարին իրավիճակները յաղթահարելու եւ հայրենի պետութիւնը յառաջընթացի ու բարօրութեան ուղիներով առաջնորդելու։ Հայրապետական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը կը բերենք հաւատաւոր մեր ժողովուրդին ի հայրենիս եւ ի սփիւռս, ի մասնաւորի՝ Մեր բարձր գնահատանքը ստեղծուած ծանր պայմաններուն ներքեւ իրենց երախտարժան ծառայութիւնը մատուցող բժիշկներուն, մեր յաղթական բանակի քաջարի զինուորներուն եւ սպաներուն, ոստիկաններուն, ուսուցիչներուն, գովարժան սպասաւորութիւն իրականացնող բոլոր նուիրեալ անձերուն։

Աղօթք կը բարձրացնենք առ Փրկիչ մեր Տէրը, որ Յարութեան Իր լուսեղէն շնորհները տարածեալ պահէ համայն մարդկութեան, հայրենի մեր երկրի, աշխարհասփիւռ մեր ողջ ժողովուրդի վրայ, ազատէ փորձութիւններէ եւ պարգեւէ խաղաղութիւն եւ երկնահեղ անսպառ օրհնութիւն։ Թող Քրիստոսի Յարութեան եւ կեանքի յաղթանակի բարի աւետիսը մշտահունչ ըլլայ մեր սրտերուն եւ հոգիներուն մէջ։ Եւ միասնաբար, Քրիստոսով քաջալեր ու զօրացած, փորձութիւնները յաղթահարելով եւ մեր նոր կեանքը կերտելով՝ միշտ փառաբանենք Ամենակալն Աստուծոյ Իր անսահման սիրով մեզի պարգեւած փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի անգին շնորհներու համար։

Մնացէք Տիրոջ սիրոյ, շնորհի եւ օրհնութեան ներքեւ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս. ամէն։

Քրիտսոս յարեաւ ի մեռելոց,
Օրհնեալ է Յարութիւնն Քրիստոսի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 13, 2020