ԹԻԹԻԶԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻՆ ՆՈՒԻՐԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆ ԸՐԱՒ՝ ՀԱՄԱՃԱՐԱԿԻ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԱՐԻՔՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱԳՐԱՒՄԱՆ ՆՊԱՍՏԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը անխափան ջանքեր կը գործադրէ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ իր նպաստը բերելու համար Հայաստանի ժողովուրդի կարիքներու դիմագրաւման համար։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրները շաբաթավերջին հաղորդեցին, որ ազգային բարերար Հայկ եւ Էլզա Թիթիզեան ամոլը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին փոխանցած է 100 հազար ամերիկեան տոլար արժողութեամբ նուիրատուութիւն մը՝ համավարակի այս դժուարին պայմաններու մէջ ի զօրակցութիւն կարիքաւոր հայորդիներուն։ Այս նուիրատուութիւնը ժողովուրդին պիտի բաշխուի թեմակալ առաջնորդներուն եւ թեմերու ընկերային կեդրոններուն կողմէ։  

Երկուշաբթի, Ապրիլ 20, 2020