ՊՈՄՈՆԹԻԻ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ԿՈՂՄԷ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊՈՒՔՐԷՇ
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին կողմէ խումբ մը շաբաթավերջին այցելեց Պուքրէշ։ Վարժարանի տնօրէն Գարեգին Պարսամեանի կողմէ առաջնորդուած խումբը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցաւ Պուքրէշի Ս. Հրեշտակապետ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։ Այս առթիւ խումբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ռումանիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեանի կողմէ։ Օրուան քարոզին մէջ ալ Առաջնորդ Սրբազանը մասնաւորապէս կանգ առաւ պոլսահայութեան կողմէ Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ տածուած սիրոյն վրայ։ Արարողութեան ներկայ էր նաեւ Պուքրէշի մօտ Հայաստանի դեսպան Համլէթ Գասպարեան։
Խումբը եկեղեցիէն հրաժեշտ առաւ վառ տպաւորութիւններով, որոնք անմահացան կատարուած նկարահանումներով։