ԴԷՊԻ ՆՈՐ ՀՈՐԻԶՈՆՆԵՐ

Յու­նիս 7-ի խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ, Իս­թան­պու­լի Բ. շրջա­նի ընտ­րա­տա­րա­ծ­­քէն ներս ու­շադ­րու­թիւն կը գրա­ւէ մեր հա­մայն­քին տե­սա­կէ­տէ հա­մակ­րե­լի ա­նուն մը։ Այս­պէս, ՃՀՓ­-ի կող­մէ ե­րես­փո­խա­նի թեկ­նա­ծու ա­ռա­ջադ­րուած է Շիշ­լիի նախ­կին քա­ղա­քա­պետ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ, որ ներ­կա­յիս մտա­դիր է դէ­պի նոր հո­րի­զոն­ներ թե­ւա­ծե­լու քա­ղա­քա­կան գետ­նի վրայ։ Այս ան­գամ եւս Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւլ ան­մի­ջա­կան շփման մէջ է իր ընտ­րող­նե­րուն հետ, կը փոր­ձէ զգալ ընտ­րա­զան­գուա­ծին բազ­կե­րա­կը եւ այդ ամ­բող­ջին մէջ թրքա­հայ ընտ­րող­ներն ալ եր­բեք չեն մատ­նուիր ան­տար­բե­րու­թեան։ Ընտ­րու­թիւն­նե­րուն ըն­դա­ռաջ Սա­րը­կիւլ կը փոր­ձէ աշ­խոյժ պա­հել իր շփում­նե­րը մեր հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն հետ, որ­պէս­զի կա­րե­նայ հեր­թա­կան ան­գամ վա­յե­լել հայ­կա­կան ար­մատ­նե­րով քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն զօ­րակ­ցու­թիւ­նը։ Թէեւ խորհր­դա­րա­նա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն պայ­քա­րը շատ ա­ւե­լի մեծ է ու զան­գուա­ծա­յին, հե­տե­ւա­բար թրքա­հայ ընտ­րող­նե­րու ազ­դե­ցու­թիւ­նը քա­ղա­քա­պե­տա­կան ընտ­րու­թիւն­նե­րուն նման չէ։ Յա­մե­նայն­դէպս, երկ­րէն ներս ստեղ­ծուած մթնո­լոր­տը հա­շուի առ­նե­լով կա­րե­լի է միան­շա­նակ հա­մո­զուիլ, թէ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւ­լի նման քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի մը տե­սա­կէ­տէ մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ երկ­րի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լը։

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւ­լը, որ մեր այ­ցե­լու­թեան փու­թաց իր վա­ղե­մի գոր­ծա­կից Վազ­գէն Պա­րը­նի հետ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Սա­րը­կիւլ շեշ­տեց, որ միշտ հե­տա­մուտ պի­տի ըլ­լայ քա­ղա­քա­ցի­նե­րու մի­ջեւ հա­ւա­սա­րու­թեան, բո­լո­րի ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու հե­տապնդ­ման։ Ան դի­տել տուաւ, թէ կրօ­նա­մո­լա­կան եւ ազ­գայ­նա­մո­լա­կան հո­սանք­նե­րուն դէմ ալ միշտ պի­տի դրսե­ւո­րէ վե­րա­պա­հու­թիւն։ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւ­լ երեք շրջան՝ շուրջ տասնհինգ տարի ձեռնհասօրէն վարեց Շիշլիի քաղաքապետի պաշտօնը։ Սա եղաւ այնպիսի ժամանակաշրջան մը, երբ Մուս­թա­ֆա Սա­րը­կիւ­լ տեղական ինքնակառավարման մարմին մը ղեկավարելով հանդերձ, որպէս քաղաքական գործիչ՝ համակեցութեան խրախուսման ուղղութեամբ ունեցաւ փայլուն փորձառութիւն եւ չափազանց գնահատելի արդիւնք։ Ան փոքրամասնական հաւաքականութիւններուն հետ վերաբերմունքը գերադասեց քաղաքական ընթացիկ հաշիւներէն եւ անոնց նկատմամբ զգայնութիւնը անպակաս եղաւ իր առաջնահերթութիւններու շարքին։ Հիմա այս պաշարով է, որ ան կը փափաքի ուղղուիլ դէպի խորհրդարան։

Երեքշաբթի, Մայիս 5, 2015