ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹԷՔԿԷՕԶԵԱՆԻ ԹՐՔԵՐԷՆԻ ԹԱՆՐԳՄԱՆՈՒԱԾ «ՓԱԽՉՈՂ ՔԱՂԱՔ» ՎԷՊԸ ՀԵՏԱՔՐՔՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ՝ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ԳՐԱԿԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆԻՆ ՇՐՋԱԳԾՈՎ

Ահ­մէտ Համ­տի Թան­փը­նա­րի ա­նու­նը կրող Իս­թան­պու­լի գրա­կան փա­ռա­տօ­նը այս տա­րի կը կա­յա­նայ 4-8 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն մի­ջեւ՝ «Քա­ղաք եւ սահ­ման­ներ» կար­գա­խօ­սով։ Ի շարս բազ­մա­թիւ գրող­նե­րու, այս տա­րի փա­ռա­տօ­նին կը մաս­նակ­ցի նաեւ Ե­րե­ւա­նէն Յով­հան­նէս Թէք­կէօ­զեան, ո­րու «Փախ­չող քա­ղաք» վէ­պը թրքե­րէ­նով ալ տպագրուած էր «Այ­րըն­թը» հրա­տա­րակ­չա­տու­նէն, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագիր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեա­նի թարգ­մա­նու­թեամբ։ Այս շրջագ­ծով Թէք­կէօ­զեան մաս­նակ­ցե­ցաւ եր­կու ա­սու­լիս­նե­րու։ Ա­ռա­ջի­նը կա­յա­ցաւ Եր­կու­շաբ­թի ե­րե­կո­յեան, «Ա­թա­թիւրք» գրա­դա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ տե­ղադ­րուած վրա­նին տակ։ Ա­սու­լի­սը վա­րեց գրա­կա­նա­գէտ Մու­րատ Շեւ­քէտ Չո­պան։ Թէք­կէօ­զեա­նի կող­քին մաս­նա­կից էին նաեւ տա­ղան­դա­ւոր ար­ձա­կա­գիր Սե­մա Քայ­կու­սուզ եւ Սլո­վե­նիա­յէն Ռե­նե­թա Սա­լեքլ։ Մար­դը, որ կտրուած է իր ար­մա­տէն, գի­տակ­ցու­թե­նէն դուրս ու­նի լքուա­ծու­թեան եւ ա­նար­մատ մնա­լու հետ­քե­րը։ Մահ, աք­սոր եւ ցաւ ապ­րած մար­դը ա­մէն ին­չէն ետք կը հարց­նէ ինքն ի­րեն․ «Ին­չո՞ւ ես»։ Վե­րապ­րած ըլ­լա­լը յան­ցա­ւո­րու­թեան զգա­ցում կը ներշն­չէ եւ ար­դեօք կա­րե­լի՞ է զայն յաղ­թա­հա­րել գրա­կա­նու­թեամբ։ «Գրա­կա­նու­թիւ­նը «անզ­րու­ցե­լիի» սահ­մա­նին» խո­րագ­րով կա­յա­ցած այս զրոյ­ցի ըն­թաց­քին գրող­նե­րը ի­րենց ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն ընդ­մէ­ջէն անդ­րա­դար­ձան մարդ­կա­յին մութ ու ող­բեր­գա­կան պատ­մու­թիւն­նե­րուն՝ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան, Տեր­սի­մի կո­տո­րա­ծին եւ Պալ­քա­նեան ող­բեր­գու­թեան։

Իսկ երկ­րորդ ա­սու­լի­սը կա­յա­ցաւ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան, նոյն վայ­րը։ Մաս­նա­կից­ներն էին վի­պա­գիր Աս­լը Է․ Փեր­քէր եւ Յով­հան­նէս Թէք­կէօ­զեան։ Զրոյ­ցը վա­րեց թարգ­ման­չու­հի Այ­շէ Իւ­նալ Էր­սէօն­մէզ։ «Զան­ցել գի­ծը․ Սահ­մա­նը «միւս­ի» աչ­քով» խո­րագ­րով ա­սու­լի­սի ժա­մա­նակ մաս­նա­կից­նե­րը քննար­կե­ցին երկ­րորդ­նե­րու կող­քին եր­րորդ տա­րած­քի մը հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը՝ պե­տու­թիւն­նե­րու, հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րու կող­մէ թե­լադ­րուած թա­պու­նե­րէն, մշա­կեալ ըն­կա­լում­նե­րէն դուրս։

Եր­կու հան­դի­պում­նե­րու ա­ւար­տին ալ մաս­նա­կից­նե­րը պա­տաս­խա­նե­ցին ունկն­դիր­նե­րու հար­ցում­նե­րու­ն։

Չորեքշաբթի, Մայիս 6, 2015