ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՀԱՆԴԷՍ ՊԻՏԻ ԳԱՅ «ԿՌՈՒՆԿ» ԽՈՐԱԳՐԵԱԼ ԵԶԱԿԻ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սայաթ Նովա երգչախումբը յառաջիկայ օրերուն հանդէս պիտի գայ համերգով մը։ «Կռունկ» խորագրեալ ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Շիշլիի «Քենթ» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ, որ կը գործէ տեղւոյն քաղաքապետութեան հովանաւորութեան ներքեւ։
Համերգին ընդառաջ, երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սայաթ Նովա երգչախումբէն երեք աշխոյժ եւ արժէքաւոր երիտասարդուհիներ՝ Նայեադ Էլպէն, Նարօտ Էրքոլը եւ Գայիանէ Կավրիլօֆը։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մանրամասնութիւններ փոխանցեցին մօտալուտ համերգի ծրագրին, նաեւ Սայաթ Նովա երգչախումբի ընդհանուր երթին կապակցութեամբ։ Վերջին շրջանին երգչախումբին մօտ զգալիօրէն թափ ստացած է սերնդափոխութիւնը։ Երիտասարդները երգչախումբի պատասխանատուութեան բեռը ստանձնած են թեթեւցնելով երէցներուն պատասխանատուութիւնը, սակայն առանց հրաժարելու անոնց փորձառութենէն։ Մօտալուտ «Կռունկ» համերգն ալ կազմակերպուած է այս սերնդափոխութեան մթնոլորտին մէջ։ Նայեադ Էլպէ, Նարօտ Էրքոլ եւ Գայիանէ Կավրիլօֆ երէկուան մեր զրոյցին ընթացքին նշեցին, թէ երգչախումբի այս անգամուան համերգը նախատեսուած է 2015 թուականի մթնոլորտին համահունչ։ Տասներեք երգերէ բաղկացեալ երգացանկ մը երաժշտասէրներուն պիտի ներկայացուի Սայաթ Նովա երգչախումբին կողմէ։ Երբեմնի հայաբնակ գաւառներու քաղաքները պիտի ցոլացնեն այդ երգերը։ Այդ շրջաններու կենցաղին եւ ընկերային կեանքին մասին յիշողութեան թարմացում մը պիտի ապահովուի այդ երգերուն ընդմէջէն։ Խորքին մէջ համերգը երաժշտութեան եւ գրականութեան համադրութիւն մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ վերոյիշեալ շրջաններուն պատկանող հեղինակներու գրական ստեղծագործութիւններէն մէջբերումներ ալ պիտի կատարուին յայտագրին տեւողութեան։ Այսպէսով այդ շրջաններու առօրեային վերաբերեալ աւելի ընդարձակ պատկերացում մը, նաեւ երեւակայութիւն մը ունենալու հնարաւորութիւն պիտի ընձեռուի հանդիսատեսներուն։ Գրական մէջբերումները ուրիշ առիթ մըն ալ պիտի տայ գործնականօրէն։ Այսպէս, կարգ մը քաղաքներու կամ շրջաններու պարագային անկարելի եղած է գտնել անոր բնորոշ երգեր կամ ոմանց պարագային այդ երգերը թեքնիկ իմաստով, այսինքն իրենց բնոյթով, անկարելի է, որ ներկայացուին համերգի մը ձեւաչափին մէջ։ Հետեւաբար, մանաւանդ այդպիսի շրջաններու պարագային գրական մէջբերումները պիտի ըլլան էական, աշխարհագրական այդ ծածկոյթը առաւելագոյնին հասցնելու իմաստով։
«Կռունկ» խորագրեալ համերգի ընթացքին Սայաթ Նովա երգչախումբը հանդէս պիտի գայ Մելիքճան Զամանի մականին ներքեւ։ Երգչախումբը դաշնակի ընկերակցութեամբ եւ չորս լարաւորներու քառեակի մը նուագակցութեամբ պիտի իրականացնէ իր կատարումները։ Խումբին ներկայացուցիչները երէկուան մեր զրոյցին ընթացքին շեշտեցին, թէ նուագարաններու կազմակերպման պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ ստանձնած է խմբավար Մելիքճան Զաման։
Միայն մէկ համերգով հանդէս գալ կը ծրագրէ Սայաթ Նովա երգչախումբը, որ այս ձեռնարկին առթիւ պատրաստած է նաեւ շատ յատկանշական հրաւիրագիրներ։ Անատոլուի երբեմնի հայաբնակ շրջաններուն վերաբերեալ արդէն ծանօթ քարտփոստալները օգտագործուած են հրաւիրագիրներուն համար։ Սայաթ նովացիները տասն յատկանշական քարտփոստալ ընտրած են այս նպատակով եւ այս կարգադրութիւնը թէ՛ համահունչ է այս համերգին վերագրուած իմաստին եւ թէ տեսակաւորութիւն մը կ՚ապահովէ անոր ծանօթացման աշխատանքներուն շրջագծով։
Զրոյցի վերջաւորութեան երգչախումբի երիտասարդ ներկայացուցիչները նշեցին, թէ համերգի մասնակիցներուն ակնկալութիւնները ապահովաբար պիտի արդարանան, որովհետեւ բոլոր պատրաստութիւնները յառաջ տարուած են մեծ բծախնդրութեամբ։
Յաջողութիւն կը մաղթենք Սայաթ Նովա երգչախումբի մօտալուտ համերգին համար։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024